ԱՐԵՒԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

1930 թվականին Բոստոնում լույս տեսնող «Հայրենիք» ամսագրում (յունուար, Ը տարի, թիւ 3 (87), էջ 114), հրապարակված «Արևապաշտությունը» հոդվածում Մ. Տէրպէտէրեանն անդրադարձել է հնագույն ժամանակներից եկող Արևապաշտությանը և հազարամյակների ընթացքում տարբեր մշակույթներում նրա դրսևորումներին:
Հիշյալ ուշագրավ հոդվածը՝ ստորև…

ԱՐԵՒԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
ԿՐՕՆՔՆԵՐՈՒ ծագումը հսկայական գրականութեան մը նիւթ հայթայթած է ամէն լեզուներով:
Կրօնքը ծնած է մարդուն հետ: Զինք շրջապատող բնութեան գաղտնիքներուն թափանցելու տենչը, անոր՝աղէտալի հարուածներէն ինքզինք պաշտպանելու բնածին ճիգը եւ, մանաւանդ, վտանգներու եւ մահուան երկիւղը մղած են նախամարդը մեկնելու այդ երեւոյթները եւ փնտռելու այդ ամէնքին պատճառը: Այդ պատճառին հետ յարաբերութեան մտնելով անոր զայրոյթն ողոքելու կամ անոր շնորհներուն արժանանալու փորձն է կրօնքը, որուն յայտաբար նշանն է պաշտամունքը:
Նախ քան իր երեւակայութեան սլացքներուն անձնատուր ըլլալը՝ մարդն երկար ժամանակ գոհացաւ իր աչքերու վկայութեամբը:
Տեսանելի պատճառը շատ զօրաւոր էր, որ նախամարդը կարողանար շուտով ձերբազատիլ անոր ազդեցութենէն։ Նախ քան երկնքէն անդիս անծանօթին մէջ խարխափիլ փորձելը, նախամարդը պաշտեց իր տեսած բնութիւնը, երկինքն ու անոր մակերեւոյթին վրայ փայլող աստղերը, երկիրն ու անոր վրայ գործող տարրերը: Անտեսանելի լոյսն երեւակայելէ առաջ, ան պաշտեց տեսանելի լոյսը եւ անոր մեծագոյն հնոցը՝ Արեգակը:
Բնազանցական նրբութիւնները համեմատաբար նոր դարերու փորձեր են: Բոլոր նախնական ժողովուրդներու համար ալ Աստուածը կամ Մեծ Պատճառը բնութիւնն եւ անոր զօրաւորագոյն ներկայացուցիչը Արեւն էր: Անհաշուելի են անոր բարիքները: Ոչ ոք անկէ աւելի արժանի էր պաշտաման եւ յարգանքի:

Ան է, որ իր լոյսի անսպառ շողերով կ՝ողողէ տիեզերքը եւ կեանք կուտայ բնութեան: Կապոյտ երկնակամարն է յարմարագոյն վայրն իբր բնակարան Աստուծոյ եւ անոր գագաթէն է, որ ան կը բռնէ աշխարհի սանձը վարելու համար անոր հսկայական մարմնի այլեւայլ շարժումները: Մարդն հաւատացած էր եւ կը հաւատայ տակաւին, թէ ամէն բան իր վայելքին համար է, եւ եթէ կայ բան մը, որ իր փափաքածին պէս չէ, պէտք է բարեփոխուի աղօթքներով, ընծաներով կամ զոհերով:
Բնապաշտութիւնն էր հնութեան կրօնքը:
Բոլոր հին ժողովուրդները պաշտած են բնութիւնը իր այլեւայլ արտայայտութեանց մէջ, եւ Արեւը նկատուած է այդ բնութեան աչքը կամ գործադիր ոյժը:
Պլինոս, հնութեան մեծագոյն փիլիսոփաներէն մին, Յիսուսի ժամանակակից, կ՝ըսէ.
«Աշխարհն, որ իր կողերուն մէջ կը պարունակէ բոլոր արարածները, յաւիտենական եւ անհուն աստուած մըն է, որ երբեք ստեղծւած չէ եւ երբեք ալ չպիտի ոչնչացուի: Մարդկային կարողութենէն վեր է անկէ անդին բան մը փնտռել: Աշխարհն է իսկական Աստուածը, նուիրական էակն, որ իր մէջ կը պարփակէ ամէն ինչ: Ոչինչ կայ անկէ դուրս: Բոլոր արդիւնքներու պատճառը Բնութիւնն է, որ կը պարունակէ իր մէջ թէ՛ պատճառն եւ թէ՛ արդիւնքները»:

Այս գաղափարն իշխած է Եգիպտոսի եւ Հնդկաստանի մէջ, նախ քան այնտեղերէն Հրէաստան եւ Յունաստան փոխանցուիլը: Սայիսի Մեհեանի — Ստորին Եգիպտոսի մէջ — արձանագրութիւններէն մին կ’ըսէ,
«Ես եմ ամէն ինչ — որ եղած է, ամէն ինչ — որ է, ամէն ինչ — որ պիտի ըլլայ, եւ ոչ մէկ մահկանացու վերցուցած է ցայժմ զիս ծածկող քողը»:
Այդ Մեհեանը ձօնուած էր Պան աստծուն, որ կը պաշտուէր իբր բնութեան ներկայացուցիչը: Աշխարհն ու արեգակը մէկ էին, զիրար կը լրացնէին եւ ամէն բան անոնցմով էր:
Գտնուած են անշուշտ յանդուգն մահկանացուներ, որ ուզած են յափշտակել աստուածային իրաւունքները: Բայց այդ բռնի պաշտամունքները տեւած են այնչափ, որչափ որ հարկադրած են երկիւղն ու շողոքորթութիւնը:
Դոմետիէն կայսեր պաշտամունքը հազիւ մինչեւ Տրայանոս տեւեց: Օգոստոս կայսրն իսկ շուտով մոռցուեցաւ: Բայց Արամազդ տիրական մնաց Կապիտոլի մէջ եւ ծերունի Կռոնոսը միշտ յարգուեցաւ Իտալիոյ բնակիչներէն:
Հերակլէսը կամ Վահագնը չէ, որ աստուածնացած են, այլ արեւ-Աստուածն է, որ մարդացած է անոնց մէջ, որովհետեւ մարդն անկարող կը զգար ինքզինքն արժանաւորապէս զայն նկարագրելու: Նախնական կրօնքները ոչ թէ մարդոց աստուածացումն էին, այլ աստուած — բնութեան մարմնացումը՝ խորհուրդներով եւ պատկերներով ներկայացուած:
Եթէ երախտագիտական զգացումներն էին, որ պիտի մղէին մարդիկն իրենցմէ մին պաշտելու, ինչպէ՞ս կարելի էր անտեսել Արեւի եւ Երկրի բարիքները, որոնցմով միայն կ’ապրէին նախամարդիկ: Մարդու մը պաշտամունքը չէր կրնար յաւիտենական ըլլալ, քանի որ մարդը կը ծնի, կ’աճի եւ կը մեռնի ու կ’անհետանայ, մինչ բնութիւնը յաւիտենական է: Ամէն ինչ տկար է մարդուն մէջ. բնութիւնը մեծ է եւ զoրաւոր. մարդը փոշիէն ծնած է եւ փոշի կը դառնայ, մինչդեռ բնութիւնը ծերութիւն չի գիտեր: Անոր ոյժը յաւիտենական եւ անփոփոխելի է, եւ անոր այդ յաւիտենականութենէն ծագած է յաւիտենական Աստուածութեան գաղափարը՝ մարմնացած անոր հզօրագոյն ներկայացուցչին՝ Արեւին մէջ:

Յունական Զեւսը, անգլօ-սաքսոն Տիվը (Tiw), սկանտինաւեան Տիրը (Туr), լատինացւոց Դէուսը՝ Պավը, եւ հայոց -Տիւը, որ «Ցերեկ եւ Լոյս» կը նշանակէ, այդ Արեւ-Աստուածի որակականներն են:
Արե՛ւն է, որ հմայած է մարդու առաջին ակնարկը: Անոր ճառագայթնե՛րն են, որ կը փարատեն խաւարը, կը հալեցնեն սառնամանիքը, կը ծաղկեցնեն դաշտերը եւ կը վերակենդանացնեն բնութիւնը: Ոեւէ բնազանցական կրօնի խոնարհելէ առաջ մարդը ծնրադրած է տիեզերական բնութեան երկնքին եւ երկրին, Արեւին եւ աստղերուն:
Աւելի նոր դարերու մէջ մարդու երեւակայութիւնը գլած անցած է իր աչքերու տեսողութեան սահմանը եւ հետաքրքրուած, թէ ո՞վ ստեղծած է արեւն ու երկիրը: Բայց եթէ այդ հարցումին անժխտելի պատասխանը իրական Աստուածն է, այսինքն՝ Աստուծոյ գոյութեան զօրաւորագոյն փաստը պատճառականութեան օրէնքն է, որու համեմատ ամէն արդիւնք պատճառ մը ունի, ինչո՞ւ չհարցնել նաեւ, թէ ո՞վ ստեղծեց այդ աստուածը: Իսկ եթէ աստուած կրնար գոյութիւն ունենալ ի սկզբանէ անտի, ինչո՞ւ արեւն ու երկիրը չէին կրնար գոյութիւն ունենալ միեւնոյն ձեւով: Ո՞րն աւելի դիւրին եւ տրամաբանական է արդեօք՝ ընդունիլ, թէ ի սկզբանէ կար գիտակից եւ աննիւթ աստուած մը, որ ոչինչէն ստեղծեց տիեզերքը, թէ՞ հաւաստել, թէ տիեզերքն, որ անջնջելի է, ստեղծւած չի կրնար ըլլալ եւ կար ի սկզբանէ անտի:

Բրահմաններուն համար ալ աշխարհն ոչ թէ ստեղծուած է Աստուծմէ, այլ պարզապէս անոր մէկ կերպարանափոխումն է. աշխարհը աստուածային մարմինն է. ոչինչ կայ անկէ աւելի զօրաւոր:
Հնութեան բանաստեղծներն աշխարհը երգելով կամ տիեզերքը գովաբանելով՝ Յաւիտենական աստուածը կը փառաբանէին: Աշխարհի բոլոր մեհեաններն ալ բնութեան ձօնուած էին եւ անոր հսկայական մարմնի անդամներն էին ժողովուրդներու յարգանքի ու պաշտաման առարկաները: Եգիպտոսի ամենաիմաստուն քահանաներէն սկսեալ մինչեւ ամենայետնեալ ժողովուրդի վհուկներն իրենց աչքերը երկնակամարին եւ անոր իշխող աստղերուն ուղղած են միշտ :
Ինչ որ կը թելադրէ մեզ բանականութիւնը՝ կը հաստատուի նաեւ իրական պատմութեամբ: Եգիպտոսի Ոսիրիսն ու Իսիսը արևն ու լուսինն են: Անոնց պաշտած կենդանիները երկնամարմիններու ներկայացուցիչներն էին երկրի վրայ: Անուբիսը Սրբազան շուն կը ներկայացնէր Սիրիուսը կամ Շնիկ աստղը:
Հելիօպոլիս Արեւին նուիրուած քաղաք մըն էր, եւ անոր մեհեանին մէջ կանգնած էր Արեւ-Աստուծոյ արձանը՝ ոսկեգոյն պատանի մը, որ բարձրացուցած էր իր աջ ձեռքը, մտրակով մը վարելու համար աշխարհի կառքը, ձախ ձեռքին մէջ ունէր կայծակ մը եւ որաներ իբր յայտարար նշան Արեւի եւ երկրի զօրութեան ու բարեբերութեան: Նեղոսն ալ իբր պաշտամունքի առարկայ կը ներկայացնէր Աստուած-Բնութեան մէկ անդամը:
Եգիպտական սեան մը վրայ իբր աստուածներ կը յիշատակուին օդը, երկինքը, արեւը, լուսինը, գիշերն ու ցերեկը:
Փիւնիկեցիք կը պաշտէին Արեւը, լուսինը եւ աստղերը: Արեւը գլխաւոր աստուածն էր եւ կը կոչուէր Հերակլէս:
Ըստ Դիոդոր պատմագրի՝ Յիսուսի ժամանակակից, Եթովպացիք ալ կը պաշտէին արեւն ու լուսինը եւ, Պերուի Էնքաներուն կամ Բակտրիոյ պարսիկներուն նման, անոնք ալ ինքզինքնին «արեւորդի» կը կոչէին:
Կարթագենացւոց եւ Փիլիպպոս Մակեդոնացիի միջեւ կնքուած դաշնագրութեան իբր վկայ յիշատակուած են Արեւը, լուսինը, երկիրը, գետերը, մարգագետիններն եւ ջուրերը:
Լուսինը մեծագոյն Աստուածն էր անապատի արաբներուն, եւ ցայժմ լուսնի մահիկն է, որ կը զարդարէ անոնց դրօշները: Մէքքէի նշանաւոր Կաաբայի մեհեանը լուսնին ձօնուած էր Մուհամմէտի գալէն առաջ: Այն սեւ քարն, որ ցայժմ իրենց պաշտամունքի առարկան է եւ իբր թէ կանգնած է պարապութեան մէջ առանց ոեւէ յենարանի՝ Երեւակը ներկայացնող արձան մը եղած է՝ ըստ աւանդութեան:

Բարելոնի աւերակներուն մէջ կայ մեհեան մը, որ «Մեսջիդ Էշշամս»- «արեւի մեհեան» կը կոչուի ցարդ եւ բաբելացւոց Բելն ալ կը պաշտւէր իբր արեւի ներկայացուցիչ:
Պիւթագորաս Եթեր Հուրը կ’ընդունէր իբր կեանքի սկզբնապատճառ եւ արեգակն՝ անոր հնոցը:
Հռոդոսի հսկայ արձանը՝ աշխարհի եoթը հրաշալիքներէն մէկը, ձօնուած էր Արեւին:
Բնապաշտութեան ապացոյց է Սօսեաց անտառներու պաշտամունքը Հայոց մէջ Անուշաւանի ժամանակները: Անտառները, ծառերը եւ գետերը կը ներկայացնէին բնութիւնը:
Հոները կը պաշտէին երկինքն ու երկիրը, եւ անոնց կրօնապետը կը կոչուէր «Տանժաու» կամ «երկնքի որդի», ինչպէս Ջապոնի միկատն ցայժմ կը յորջորջուի իր հպատակներէն:
Ըստ Կղեմէս Ալեքսանդրացիի, Բնութի՛ւնն էր արեւելեան ժողովուրդներու մեծագոյն աստուածն, որու աչքերն էին երկնքի երկու ջահերը — արեւն ու լուսինը:
Պղատոն կը վկայէ, թէ նախնի յոյներն ուրիշ աստուած չունէին՝ բացի արեւելքի բարբարոսներու պաշտած արեւէն, լուսինէն եւ աստղերէն: Որփէոս Արեւը կ’ընդունէր իբր «աստուածներու պետ» եւ ամէն արեւածագի բարձր տեղ մը կելնէր անոր յարգանք մատուցանելու համար: Իլիականի մէջ Ագամեմնոն արեւին կ’ընէ իր զոհաբերութիւնները եւ կ’ըսէ. «Արեւ, որ կը տեսնես ու կը լսես ամէն բան»:
Սոփոկլէսի «Էօդիպ»-ին մէջ խմբերգը արեւին կը դիմէ իբր Աստուածներու պետին:
Թեսալիոյ մէջ արեւին նուիրուած սրբազան ագռաւներ կը պահուէին եւ ագռաւի նկարներ են, որ կ’երեւին նաեւ պարսից Մեթրայի յիշատակարաններուն վրան:
Հռովմն ալ ունէր իր մեհեանները՝ Բնութեան եւ Արեւին նուիրուած: Տատիոս, Սաբինացւոց պետը, Հռոմուլոսի ժամանակակից, արեւապաշտ էր: Վեստայի խորանին առջեւ վեստալեան կոյսերը պարտականութիւն ունէին — նման պարսից մոգերուն՝ անչէջ պահել յաւիտենական հուրն, որ կը նկատուէր իբր երկրաւոր ներկայացուցիչը երկնային արփիին :
Լացիումի մէջ կար Արեւին նուիրուած աղբիւր մը, երկու մեհեաններով, որոնց մէջ զոհաբերեց Ենէոս, Իտալիա հասնելու ժամանակ:
Օգոստոս կայսրը՝ Եգիպտոսէն արեւի եւ լուսնի պատկերներ բերել տալով, Հռոմի մեհեաններուն մէջ զետեղել տուաւ ի յիշատակ Անտոնիոսի եւ Կլէոպատրայի վրայ տարած իր յաղթանակներուն:
Դիտմամբ վերջի պահեցի պարսից Մեթրայի — Հայոց Միհրի պաշտամունքը, որ հնութեան մեծագոյն եւ տիեզերածաւալ աստուածութիւնն էր: Ո՞վ էր Միհրը. ի՞նչ կը ներկայացնէր մոգերու ձեռամբ պահպանուած յաւիտենական հուրը նուիրական ատրուշաններու մէջ: Ապահովաբար, արեւն է Զրադաշտի կրօնքին հիմը, եւ քանի որ Մեթրան շատ աւելի հին է, քան եգիպտական եւ յունական նման աստուածութիւնները՝ Ոսիրիս եւ Իսիս, Հերակլէս եւ Բաքոս, մազդէականութիւնն է ամէն արեւապաշտ կրօնքներու նախատիպը, ինչպէս պիտի տեսնենք հետզհետէ:
Միհրի պաշտամունքն Հայոց մէջ շատ աւելի խոր արմատներ ձգած է, քան նոյնիսկ քրիստոնէութիւնը։

«Միհր» անուան փոփոխակներու ստուար բազմազանութիւնը բացայայտ ապացոյցն է անոր պաշտամունքի երկնածաւալ տարածման:
Միհրը իր յատուկ մեհեանն ունէր Բագառիջի մէջ, Մամախաթունի մօտ, ուր մինչեւ այսօր տեսանելի են անոր հետքերը: Դարանաղեաց գաւառի Թորդան-Միթրոդան գիւղին մէջ ալ կար մեհեան մը, որուն անունը Միհրը կը յիշեցնէ: Ըստ Մ. Էմինի՝ «մեհեան» բառն արդէն կը նշանակէ «միհրեան» եւ հայ ամիսներէն եօթներորդը կը կոչուէր «մեհեկան» եւ, հաւանաբար, ձօնուած էր անոր:
Ըստ Աւդալբէգեանի, Միհրի փոփոխակներ կամ ածանցներ են Միր, Միհրդատ, Միհրան, Միրհ, Միրհեան, Միրհաւան, Միրան, Ամիր, Մեհեր, Մհեր, Մերուժան, Մեհրունիք, Մահեւան, եւ այլն, ինչպէս նաեւ ըստ Հիւբշմանի՝ միթր, միթեր, թոր, եւ այլն:
Հայ դիւցազուններու մէջէն ոեւէ անուն այսքան յաճախակի ու բազմազան արտայայտումներ ունեցած է մեր մէջ: Անունը ոչ միայն որոշ մշակոյթի ցուցանիշ է, այլեւ, կրօնա-հմայական իմաստ ունենալով՝ պաշտամունքի անմիջական արտայայտութիւն է: Եւ այս բազմաթիւ փոփոխակները անառարկելի ապացոյց են, թէ արեւի ու կրակի պաշտամունքը շատ աւելի խոր թափանցած է Հայ քաղաքակրթութեան ծալքերուն մէջ. բան, ինչ որ կ’ընդունուի սովորաբար:

Եթէ հայ քրիստոնէական միջավայրին մէջ մենք կը հանդիպինք այսքան բուռն սիրոյ դէպի Միհր անունն, որ տեւեր է դարեր ու հազարամեակներ, ուրեմն կարելի է երեւակայել, թէ որքա՜ն մեծ է եղեր Միհրի հմայքը նախաքրիստոնէական շրջաններուն:
Միհրապաշտութիւնն, անկասկած, Հայ կրօնի զարգացման ամենագլխաւոր առանցքներէն մէկն է եղած՝ նախնական կեդրոն ունենալով Վասպուրական նահանգն՝ ըստ Կանայեանցի:
Ի՞նչ էր Հայ Միհրի պաշտաման ձեւը: Հայ մատենագիրները ուղղակի ոեւէ տեղեկութիւն չեն տար մեզ այդ հաւատքի թանձրացեալ բնոյթի մասին, բայց ենթադրելով, թէ միեւնոյնն էր, ինչ որ մեր դրացի պարսից մէջ, կը տեսնենք հետեւեալը…
Միհրը արեւի եւ կրակի աստուածն է: Ան կը կռուի Ահրիմանի, վիշապներու եւ դեւերու դէմ: Աշխարհի վերջին օրերուն պիտի յղանայ կոյսը եւ ծնի Մեսիա-Միհրը, որ յարութիւն պիտի տայ մեռելներուն։
Ահա այդ մարդ-Միհրը ծնած է Դեկտեմբեր 25-ին։ Ան է միջնորդը մարդու եւ Ահուրա-Մազդայի — Արամազդի միջեւ: Ան մարմին առած աստուածութիւն է, Աստֆադերտա՝ ըստ Բրեկների:
Արտաւազդի առասպելն ալ Միհրի ուրիշ մէկ փոփոխակն է հաւանաբար, ըստ լեզուական ստուգաբանութեան: Արտաւազդ անունը Աւեստայի Asavazdanh կամ Asawazd, ըստ Յուստիի եւ Հիւբշմանի կը նշանակէ art — «մաքուր (ջերմեռանդ) մեծարանք մատուցանող», ինչպէս Պրոմեթէոս: Իսկ եթէ ընդունինք Ատրաւազդ, փոխանակ Արտաւազդի, «Ատր» կը նշանակէ «կրակ» եւ «Ատրաւազդ»՝ «կրակին մեծարանք մատուցանող»: (Հետաքրքրական է Աւդալբէգեանի ենթադրութիւնը, թէ ինչպէս «Hithra» փոխուած է
«Misa»-ի, ըստ Յուստիի, նոյնպէս «Ատրաւազդը» կրնար փոխուիլ «Asawaz»-ի — Աստուած):

Ըստ Եզնիկի՝ Արտաւազդ յափշտակուած է վիշապներէն եւ բանտարկուած Մասեաց վիհերուն մէջ: Արա գեղեցկին յարութիւն տուող Վարալէզ շուները կը լզեն անոր շղթաները, որպէսզի ազատի եւ փրկէ մարդկութիւնը: Ըստ Խորենացու՝ ամէն կիրակի, իսկ ըստ ուրիշ պատմագրերու՝ «ի մինն Նաւասարդի», ուրեմն տարին մէկ անգամ՝ աշնան գիշերահաւասարին, դարբինները կը կռեն իրենց սալերը եւ «ցայժմ կենդանի կայ եւ նա ելանելոց է եւ ունելոց զաշխարհս»: (Եզնիկ, Ա. 74):
Ժողովրդական այս հաւատքն ոեւէ քաղաքական հիմք չունի հաւանաբար եւ, ըստ Գր. Խալաթեանի, «Արտաւազդը լուսաւոր սկզբունքն է, հայկական Միհրը, անոր մէկ նոր կերպարանափոխութիւնը»:
Միհրապաշտութիւնը տարածուած էր նաեւ դրացի Վրաստանի մէջ: Ամիրանը վրաց Միհրն է: Անոր զրոյցն ալ դիւամարտի կամ վիշապաքաղի առասպել մըն է պարզապէս: Եթէ «Ամիրա» «Միհր» բառը չէ, կրնայ, ըստ փրոֆ. Մառի, աբխազերէն «a-mra» բառն ըլլալ, որ կը նշանակէ «արեգակ»:

Պերսեպոլիսի աւերակներուն մէջ կայ թագաւորի մը քանդակը, որ կը ծնրադրէ արեւին, եւ որուն քով կը բոցավառի մոգերու մշտնջենական հուրը:
Մինչեւ այսօր ալ Հնդկաստանի պարսերը՝ իբր շառաւիղ Զրադաշտի հաւատացեալներու, իրենց աղօթքները կ’ուղղեն Արեւին, լուսնին, աստղերուն եւ երկրի վրայ անոնց ներկայացուցիչն համարուած կրակին, որ տարրերու ամենամաքուրն է եւ ամենանուրբը:
Վաղարշակ Արմաւիրի մէջ կանգնեցուց Արեւի եւ Լուսնի արձանները: Միեւնոյն աստուածութիւնները կը պաշտուէին նաեւ Աղուաններէն եւ Կոլքիսի մէջ: Ամբողջ Փոքր Ասիոյ մէջ մեհեանները արեւին, լուսնին կամ աստղերուն նուիրուած էին: Լուսինը կը պաշտուէր իբր Դիանա-Արտեմիս՝ Եփեսոսի մէջ, եւ արեւն իբր Ապոլլոն՝ Տրովադայի մէջ:
Բաւական զօրաւոր փաստեր ունինք արդէն, թէ հնութեան կրօնքը արեւապաշտութիւնն էր:
Փորձենք այժմ ապացուցանել, թէ ինչպէս Ոսիրիսն ու Իսիսը, Բաքոսն ու Հերակլէսը, նոյնպէս եւ Քրիստոսը առասպելներ են՝ պատճէնուած Միհրի առասպելին վրայ:
Հեշտացնելու համար մեր աշխատութիւնը յիչենք այստեղ, թէ աստղաբաշխութիւնը ամենահին գիտութիւններէն մէկն է եւ բաւական խոր կերպով մշակուած էր Քաղդէացիներէն եւ Եգիպտացիներէն: Անոնց ծանօթ էին եօթը գլխաւոր երկնամարմինները՝ Փայլածու, Աստղիկ, Հրատ, Լուսնթագ, Երեւակ, Լուսին եւ Արեւ: Գիտէին Զոդիակոսի տասներկու նշաններն, իբր տասներկու համաստեղութիւններ, որոնց մէջէն կ’անցնէր արեւն իր տարեկան առերեւոյթ թաւալման շրջանին:
Այդ համաստեղութիւններն են արեւի հետեւման կարգաւ՝ Խոյ կամ Գառն, Ցուլ, Երկուորեակ, Խեցգետին, Առիւծ, Կոյս, Կշիռք, Կարիճ, Աղեղնաւոր, Այծեղջիւր, Ջրհոս եւ Ձուկն:
Ասոնցմէ առաջին երեքը գարնան շրջանին, երկրորդ երեքը՝ ամրուան, երրորդ երեքը՝ աշնան եւ վերջին երեքն ալ՝ ձմրան կը համապատասխանեն:
Այս եօթը եւ տասներկու թիւերը նուիրական բնոյթ ստացած են ինչպէս հին կրօնքներու, նոյնպէս եւ քրիստոնէութեան մէջ: Յիշենք Յակոբ նահապետի 12 որդիները, Իսրայէլի 12 ցեղերը, Յանոսի 12 տաճարները, Հերակլէսի 12 աշխատանքները, Հրատի 12 վահանները, Յայտնութեան 12 դռներով քաղաքը եւ այլն, եւ այլն, ինչպէս նաեւ Սողոմոնի տաճարին եօթը ճիւղերով ջահերը, Եկբատանի մեհեանին եօթը պարիսպները, Մեթրայի այրին եօթը դռները, Բաբելոնի աշտարակին եoթը յարկերը, աշխարհի եօթը հրաշալիքները եւ եօթը իմաստունները, եօթը մահացու մեղքերը, եօթը խորհուրդները եւ այլն, եւ այլն:
Յայտնութեան մէջ 24 անգամ եօթը թիւն յիշուած է եւ 14 անգամ՝ 12 թիւը:
Այս բոլոր կրօնքներու տօներն ալ արեւի թաւալման գլխաւոր հանգրուաններուն կապուած են — արեւադարձները՝ դեկտեմբեր 21-22 եւ յունիս 21-22 եւ գիշերահաւասարները՝ մարտ 21-22 եւ սեպտեմբեր 21-22:
Սեպտեմբեր 22-ին Արեւը հասարակածին վրայ է: Այդ օրէն կը սկսի իջնել դէպի հարաւային կիսագունդ եւ ցերեկները կը կարճնան՝ մինչեւ դեկտեմբեր 21-22-ի արեւադարձը՝ իբր վերջին սահման եւ կ’ունենանք տարիի ամենաերկայն գիշերն ու ամենակարճ ցերեկը: Այդ օրէն կը սկսի արեւը ետ դառնալ եւ ահա դեկտեմբեր 24-25-ին, երբ արդէն որոշ է գիշերուան կարճնալը, կը ծնին բոլոր աստուածները՝ Մեթրան, Քրիստոսը, Չինացւոց Շանկ-Թի աստուածը եւ այլն:

Արեւը հետզհետէ յառաջանալով՝ մարտ 21-22-ին կը հասնի գարնան հասարակածին, երբ նորէն կը հաւասարին գիշեր եւ ցերեկ: Մէկ — երկու օրէն արդէն որոշապէս կը տեսնուի ցերեկներու յաղթանակը գիշերին վրայ կամ, այլաբանօրէն՝ լոյսի յաղթանակը խաւարին վրայ, այսինքն՝ աստուածը կը վերակենդանանայ. Քրիստոս յարութիւն կ’առնէ… Այդ օրէն կը սկսին հռովմայեցիք եւ պարսիկներն իրենց նոր տարին։
Նախ քան անցնելու հին դիցարանական երկերու վերլուծման, տեսնենք, թէ արդեօք մեր նախահայրերը կը պաշտէի՞ն բնութիւնն իբր բանաւոր եւ կենդանի էակ, թէ՞ իբր կոյր զօրութիւն մը պարզապէս:
Նախամարդը տակաւին այնչափ սնափառութիւն չունէր միայն իրեն վերագրելու կեանք եւ հոգի: Ան ինքզինք բնութենէն աւելի բարձր չէր դասեր… Վերլուծելով բոլոր հին փիլիսոփաներու եւ կրօնուսոյցներու երկերը, կարելի է հասնիլ այն եզրակացութեան, թէ բնութիւնը կ’ենթադրուէր իբր կենդանի եւ իմաստուն էակ, որուն հոգին էր հուրը:
Հոգեփոխութեան հիմնադիր Պիւթագորաս այսպէս կը բացատրէ հոգիի բնոյթն եւ ծագումը.
«Երկինքն ու երկիրը, ծովն եւ լուսինը, բոլոր աստղերու հետ կը շարժին ներքին զօրութեամբ մը, որ մեծ հոգին է տիեզերքի հսկայական մարմնին: Այդ հոգին է աղբիւրը մարդու եւ կենդանիներու հոգիներուն: Երբ ոեւէ կենդանի մեռնի, տիեզերական հոգիի այդ մասնիկը կը վերադառնայ մայր հոգիին, իր երկրային շրջանն աւարտելէ յետոյ»:
Պղատոն աշխարհի հոգիի մը կը հաւատայ, որ Արամազդ անուան տակ եւ հազարաւոր փոփոխակներով ու ձեւերով կը պաշտուի ամենուրեք:
Կլէանթէ տիեզերքը կ’ընդունի իբր Աստուած, իսկ Կիկերոն կ’ըսէ, թէ անկարելի է, որ Մարդը՝ մեծ Ամէնին մեջ մասնիկն, ունենայ զգացում եւ իմաստութիւն, իսկ տիեզերքն ըլլայ անկենդան: «Միատեսակ ոգի մը բաշխուած է բոլոր կենդանիներուն,- կ’ըսէ Մարկոս Աւրելիոս,- եւ միատեսակ իմաստուն ոգի մը՝ բոլոր բանականներուն: Ինչպէս որ միատեսակ հողէ մը շինուած են բոլոր արարածները, որ կը շնչեն միեւնոյն օդը, կը տեսնեն արեւի միեւնոյն լոյսը, այնպէս ալ մէկ է տիեզերական կեանքը»:
Յունական դիցաբանութիւնը աստուածպետական հանրապետութիւն մըն է եւ տիեզերքի ամէն մէկ մասն իր պետի վարչութեան տակ է:
Պոսետոս ջուրերուն կիշխէ, Պլուտոն՝ դժոխքին, Հեփեստոս երկաթին աստուածն է, Դիանան՝ որսի, Սէրէս հունձքերով կը զբաղի, Բաքոս՝ այգեկութքով, Միներվա արուեստներուն կը հսկէ եւ Նայեադները՝ աղբիւրներուն եւ այլն..
Կենդանի եւ իմաստուն տիեզերքը կը բաժնւէր երկու մեծ ուժերու՝ ներգործականն եւ կրաւորականը, արուն եւ էգը: Երկինքը ներգործական ուժն է, երկիրն եւ տարրերը՝ կրաւորականը: Պլուտարքոսի բառերով՝ երկինքը հայրն է եւ երկիրը մայրը, ինչպէս Գողթան երգիչն ալ կ’երգէր՝ «Երկնէր երկին, երկնէր երկիր»:

Վիրգիլիոս Բնութեան այս անապական ամուսնութիւնը կը նկարագրէ հետեւեալ այլաբանութեամբ…
«Երկիրը գարնան կը բացուի ընդունելու համար բեղմնաւորման սերմը. եթերը կ’իջնէ իր ամուսնոյն ծոցը եւ անձրեւներուն հետ կը հոսէ իր սերմն, որ կը բեղմնաւորէ երկիրը»:
Գարնանամուտի միեւնոյն եղանակին՝ մարտ 25-ին է, որ Մարիամ Աստուածածին կը յղանայ հրեշտակէն:
Արեւը առնական ոգին է, իսկ երկիրը կամ լուսինը՝ իգականը: Հայոց մէջ Վահագն եւ Անահիտ են, որ կը պաշտուին իբր արու եւ էգ աստուածներ, եւ Աշտիշատի տաճարին մէջ երկու աստուածութեանց արձանները քով քովի կը գտնուէին:
Վահագն բառի «վահ» արմատը զենդերէն «վահ կամ վեհ» բառն է, որ կը նշանակէ «վսեմ, բարձրեալ, գերագոյն»: Իսկ Անահիտ կամ Անաիտիս՝ սիրոյ աստուածուհին էր, իգական սկզբունքը, խոնաւ եւ բեղմնաւորելի նիւթը, միեւնոյն ժամանակ ըլլալով լուսնի ներկայացուցիչը, նման Բաբելաստանի եւ Փոքր Ասիոյ Անային, Իշտարին եւ Մելիտային:
Անահիտի պաշտամունքն Հայոց մէջ շատ հին էր եւ, թերեւս, մինչեւ իսկ Արմէններու Հայաստան գալէն առաջ: Ըստ Ագաթանգեղոսի՝ Անահիտ Հայաստանի փառքն ու նախախնամութիւնն էր, եւ Տարօնի եւ Եկեղեաց գաւառներուն մէջ Տրդատ մեծ դժուարութեանց կը հանդիպի անոր հաւատքը ջնջելու համար:
Արու եւ էգ սկզբունքներու իբր բնական հետեւանք կը ծագի բարիի եւ չարի գաղափարը: Արեւը արու աստուածն է, որ կը բեղմնաւորէ երկիրը՝ յաղթելով խաւարին եւ սառնամանիքին: Խաւարը եւ սառնամանիքը մեծագոյն թշնամիներն են նախամարդուն, որ տակաւին ի վիճակի չէ ինքզինք զօրեղապէս պաշտպանելու անոնց դէմ: Արեւն է, որ կը պատռէ խաւարը, ուրեմն բարին է, որ կը յաղթէ չարին: Եւ ահա արու եւ էգ վարդապետութեան կը զուգորդի եւ բարիի ու չարի վարդապետութիւնը:
Եւրեպիոս կըսէ, թէ աշխարհի ներդաշնակութիւնը այս հակադիր ուժերու համադրութեան մէջ է եւ, ըստ Պլուտարքոսի՝ այս երկուութեան վարդապետութիւնն իշխած է աշխարհի ամենախելացի ժողովուրդներուն մէջ եւ, մասնաւորապէս, Եգիպտոսի, Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի մէջ:

«Ծննդոց գրքին» մէջ Աստուած կը ստեղծէ երկիրը եւ կը տեսնէ «զի բարի է», բայց կուգայ սատանան եւ Եւան խաբելով մեղք ու մահ կը սփռէ աշխարհի վրայ: Մարդը կ’ենթարկուի, ուրեմն, ինչպէս արարիչ բարի աստծուն, նոյնպէս եւ՝ քանդիչ չար սատանայի ազդեցութեան։
Մազդէական կրօնքի Որմիզդն ու Ահրիմանը, եգիպտացիներու Ոսիրիսն ու Տիփոնը այս երկու հակադիր ուժերն են: Չարը յաճախ օձի կամ վիշապի կերպարանքին տակ կը յայտնւի, եւ ատոր համար չարի դէմ կռուողները «վիշապաքաղ» կամ «օձամարտ» կը կոչուին:
Հայերն ունէին «այսք» եւ «Քաջք» ոգիները, որ չարի եւ բարիի գործօններն էին երկրի վրայ: Եզիդիները ցայժմ կը պաշտեն չար սկզբունքը, որովհետեւ Աստուած ի բնէ բարի է, կ’ըսեն, եւ մարդու պարտականութիւնն է սատանայի սիրտն ողոքել՝ չարն արգիլելու համար:

Քրիստոսի Գ. դարուն Մանէս՝ Զրադաշտի հետեւողութեամբ, հիմնեց Մանիքէական աղանդն, որու հիմնական վարդապետութիւնն էր բարիի եւ չարի սկզբունքը եւ որ Շապուհ արքայի օրով մեծ վերիվայրումներու պատճառ եղաւ ամբողջ Արեւելքի մէջ:
Վերադառնալով մեր բուն նիւթին, պէտք է ըսինք նաեւ, թէ Արեւին նուիրուած են հին դասական գրականութեան բոլոր այլաբանական կամ դիցաբանական քերթուածները: Առանց զոդիակոսի եւ աստղերու ծանօթութեան՝ անկարելի է հասկնալ եւ մեկնել ինչպէս Հերակլեան, Դիոնիսեան եւ Թեսէական դիցավէպերը, նոյնպէս եւ Յովհաննու Յայտնութիւնը:
Անոնց ամէնքին մէջ ալ արեւն ու աստղերն են, որ կը գործեն երբեմն շատ դիւրահասկնալի եւ պարզ ձեւով եւ երբեմն ալ՝ այլաբանական բարդ դարձուածքներով: Մանաւանդ, արեւի թաւալումը երկրի շուրջ եւ անոր հետեւանօք յառաջացած եղանակներու փոփոխութիւններն են, որ կը կազմեն այդ վէպերու հիմքը:
Հարեւանցի բաղդատութիւն մը, օրինակ, Հերակլէսի եւ Ոսիրիսի առասպելներուն եւ Զոդիակոսի նշաններուն մէջ պիտի հաստատէ լիովին, թէ այդ այլաբանութիւնը Արեւին նուիրուած է:
Հերակլէսի տասներկու աշխատութիւնները նկարագրութիւնն են զոդիակոսի երկոտասան նշաններուն՝ Առիւծ, Ցուլ, Խոյ, Խեցգետին եւ այլն: Ըստ եգիպտական առասպելին, Ոսիրիս կը սպաննուի իր հակառակորդ Տիփոնի կողմէ Եթովպացի թագուհիի մը մասնակցութեամբ: Արդ՝ Արեւը հարաւային արեւադարձի Կարիճ նշանն անցնելէ յետոյ կը մօտենայ Կասիոպէ համաստեղութեան, եւ Կասիոպէ Եթովպացի թագուհիի մը անունն է:
Բնականաբար, աստղաբաշխ քուրմերը չէին կրնար Զոդիակոսի նշաններն եւ արեւի շրջանը պարզ կերպով բացատրել հասարակ ժողովուրդին եւ ստիպուած էին մարդկային ձեւ տալ անոնց: Կեղծիքը յայտնի չընելու համար ստիպուած էին մինչեւ իսկ այդ երկնամարմիններուն գերեզմաններ պատրաստել երկրի վրայ. բուրգերէն մէկը Ոսիրիսի գերեզմանն էր իբր թէ, բայց անօգուտ է, բնականաբար, անոր տակ ոսկրոտի փնտռել:

Անտոնիոս պատուիրած էր եգիպտացի պալատականներուն զինքը՝ «Ոսիրիս» եւ Կլէոպատրա թագուհին՝ «Իսիս» կոչել: Հերոդոտ անորոշապէս կ’ըսէ, թէ Եգիպտոսի Ոսիրիսը յունաց Բաքոսն է: Իսկ Դիոդոր Սիկիլիացին կը պատմէ, թէ ինչպէս եգիպտացի քահանաները խաբեբայ կը կոչէին յոյները, որ կը հաւաստէին, թէ Բաքոսը Թէբէի մէջ ծնած է Ոսիրիսի նման: Այդ սուտը, կ’ըսէին եգիպտացիք, ձեւաւորուած է Որփէոսի կողմէ, որ ուսումնասիրած էր եգիպտական պաշտամունքի խորհուրդները եւ զանոնք ներմուծած Յունաստանի մէջ՝ տեղական պայմաններուն յարմարցնելով:
Արգոնաւորդներու վէպն ալ Արեւի գովաբանութիւնն է՝ Թեսալացիներու կողմէ պատմւած: Յասոնի յաղթանակը արեւելքի ոսկեգեղմ խոյին վրայ՝ գարնան գիշերահաւասարն է. Վիշապն եւ Ցուլը պահապաններն են Խոյի գեղմին, եւ Կաստոր ու Պոլլիւքս (Երկուորեակներ) գլխաւոր դերակատարներն են վէպին:
Աւելորդ է երկարել այս զուգակշիռը: Ամէն անոնք, որ կը հետաքրքրուին, կրնան բաղդատել ամբողջ այդ վէպերը զոդիակոսի նշաններուն եւ միւս համաստեղութեանց հետ եւ վերահաս պիտի ըլլան, թէ ինչպէս Ապոլլոն, Բաքոս, Հերակլէս, Ոսիրիս, Միհր եւ այլն նոյնպէս եւ Յիսուս ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ արեւի եւ լուսնի առասպելներ:
Յոյն, եգիպտացի կամ հռովմայեցի հերոսներուն համար դիւրութեամբ կրնանք ընդունիլ վիպական բնոյթ, բայց կը դժուարանանք միեւնոյն բնոյթը տալ հրէական վէպի հերոսին:
Բնական է այս դեդեւումը: Երկու հազար տարուան պաշտամունքը մէկ օրէն միւսը չի կրնար դիւրաւ ջնջուիլ ռամիկի մտքէն: Ինչպէս ստրուկ մը կը դժուարանայ ազատութեան առաջին օրերուն, կամ ստորերկրեայ որդ մը անհանգիստ կ’ըլլայ լուսոյ ճաճանչներու ազդեցութեան տակ, միեւնոյն ձեւով խաւարամիտ կրօնամոլն ալ կը խորշի գիտութեան լոյսէն…
Նախորդ յօդուածով մը գրեթէ ջանացինք ապացուցանել, թէ բաւականաչափ զօրաւոր փաստեր գոյութիւն չունին ի նպաստ Յիսուսի պատմականութեան, այսինքն՝ անոր՝ իբր փիլիսոփայ, կրօնուսոյց կամ իբր խաբեբայ ջլախտաւոր ապրած եւ գործած ըլլալուն: Այս հօդուածի ալ նպատակն է ցուցնել նոյնութիւնը Բաքոսի, Մեթրայի եւ Յիսուսի առասպելներու՝ մշակուած տարբեր միջավայրերու մէջ:

Յիսուսի յղութեան, ծննդեան եւ յարութեան թուականները նման են արեւի համապատասխան հանգրուաններուն: Յիսուս շրջապատուած է տասներկու առաքեալներով եւ Մեթրայի նման կը յաղթէ խաւարի իշխաններուն, այսինքն՝ ձմրան ամիսներուն:
Ի՞նչ է քրիստոնէական կրօնի էութիւնը:
Օձ մը կը խաբէ առաջին կինը, որ կ’ուտէ արգիլեալ պտուղը:
Այս սոսկալի սկզբնական մեղքին պատճառաւ ամբողջ մարդկութիւնը՝
տակաւին չծնածներն ալ մէջն ըլլալու պայմանաւ — կը դատապարտուի Բարձրեալին կողմէ:
Որոշ ժամանակէ մը վերջ կողոքի Բարձրելոյն սիրտը, եւ ան իր միամօր զաւակը կը ղրկէ երկիր, որ իր արիւնով քաւէ մարդկութեան այդ մեղքը: Անկարելի է փրկութեան դաւանանքը զատել սկզբնական մեղքի վարդապետութենէն:
Եթէ մեղքը գոյութիւն չունենար, փրկութեան պէտք չէր մնար. եթէ յանցաւոր չըլլար, փրկչի մը պէտքը չպիտի զգացուէր: Արդ՝ բարիի ստեղծած բարի արարածին չարի տիրապետութեան ենթարկուիլն ու միեւնոյն բարի սկզբունքին շնորհիւ վերստին դէպի բարին առաջնորդուիլը բարի եւ չար սկղբունքներու տիեզերածաւալ հաւատքն է, որու նախնական ձեւը, Զրադաշտի կրօնքն է իր Որմիզդ եւ Ահրիման աստուածներով: Ըստ Բունդէշի՝ Մազդէական ծննդոց գիրքը — աշխարհի կէսը կը պատկանի Որմեզդին, որ բարիի եւ լոյսի աստուածն է, իսկ կէսն ալ՝ Ահրիմանին, որ չարի եւ խաւարի աստուածն է:
Աշնան գիշերահաւասարին է, որ չարը ցուրտ, երկայն գիշերներ, ձիւն, հողմ եւ այլն կը սկսի (ինչպէս նաեւ խնձորը կը հասուննայ եւ օձը խնձորով կը խաբէ Եւան) եւ կը տեւէ մինչեւ գարնան գիչերահաւասար:
Պարտէզները կը չորնան, դրախտը կը փակուի Ադամ եւ Եւայի առջեւ — եւ Ահրիման՝ Երէն (հրէականի մէջ՝ «Եդէ՞ն») պարտէզի գետին մէջ կը զետեղէ մեծ օձը, որ մայրն է ձմրան:
Պարսկական Երէնը՝ դրախտը, շատ աւելի գեղեցիկ նկարագրուած է, քան հրէական Եդէնը, որ անոր մէկ ընդօրինակութիւնն է պարզապէս. աշխարհի վրայ ոչ մէկ վայր, կըսէ Բունդէշ, կը հաւասարի Որմզդի պարտէզին…
Ահրիմանի օձին ձեռքով աւերուած այդ պարտէզը վերստին կը կենդանանայ — աշխարհը կը փրկուի չարի տիրապետութենէն գարնան գիշերահաւասարին, երբ արեւը Խոյ կամ Գառն համաստեղութենէն կանցնի: Ահաւասիկ քրիստոնէից «Գառն Աստուծոյ»: Ուրիշ կերպով կարելի չէ մեկնել Յիսուսի եւ գառան նմանութիւնը, եթէ Զոդիակոսի գառն նշանը եւ գարնան հասարակածի հանգրուանը ծանօթ չըլլային…

Պարսիկ Երէն յորջորջումը թերեւս «Իրան» կամ «Արի» բառի մէկ փոփոխակն է, բայց հրէական «Եդէն» բառը եբրայեցերէն չէ եւ, հաւանաբար, սխալ ընթերցում մըն է պարսկականին:
Ակներեւ է Զրադաշտի եւ Մովսէսի աստուածաբանութեանց նոյնութիւնը: Երկուքն ալ մարդը կը բնակեցնեն հրաշալի պարտէզի մը մէջ, ուր չարը կը ներմուծի օձի կերպարանքով: Մէկին մէջ Ահուրամազդան եւ Ահրիմանը, միւսին մէջ՝ Եհովան եւ Սատանան են դերակատարները:
Երկու փրկիչներն ալ կոյսէ մը կը ծնին, ճիշդ այն ժամանակ, երբ արեւը ձմրան արեւադարձին Կոյս համաստեղութենէն անցնելով՝ կը դառնայ դէպի հիւսիսային երկրագունդ:
Զրադաշտի մոգերու նկարագրած Միհր մանուկն ալ Յիսուս մանկան նման նշաւակ եղած էր այլեւայլ վտանգներու եւ փախած էր զինքն հալածող թշնամի արքային ձեռքը չիյնալու համար: Միհր ալ Յիսուսի նման փորձութեան ենթարկուած էր Սատանային կողմէ եւ այլն:
Հրէական փառասիրութեան գոհացում տալու համար է, անշուշտ, որ Յիսուսի առասպելին հեղինակները արեւելքէն մոգեր կը բերեն մինչեւ Յիսուս Մանկան մսուրը…
Տարբեր երկիրներու մէջ պատմուած միեւնոյն վէպի տարբերակները ուղիղ համեմատութեան մէջ են տարբեր միջավայրերու պայմաններուն հետ: Տեղ մը արեւի ներկայացուցիչը հսկաներու կը յաղթէ, տեղ մը վիշապներ կը սպաննէ, իսկ Հրէաստանի մէջ ալ հռոմէական խոնարհութիւն կը քարոզէ հռոմէական երերկաթեայ բազուկներով ճզմուած ժողովուրդին մէջ եւ Եսէնական խստամբեր աղանդաւորներու մտայնութեամբ:
Տէրտուլիէն, որ մեծ հեղինակութիւն վայելող եկեղեցական հայր մըն է՝ Քրիստոսի Բ-Գ դարուն, կը գրէ, թէ Միհրի կրօնքն ալ ունէր իր խորհուրդները՝ մկրտութիւն, հաղորդութիւն եւ այլն, եւ անոր հաւատացեալներն ալ ճակատնուն վրայ մատիտով նշան մը կ’ընէին՝ զիրար ճանչնալու համար. մինչեւ իսկ անոնց քահանաներն ալ պէտք չէ, որ երկու կնոջ այր ըլլային…
Ըստ միեւնոյն Տէրտուլիէնի, երբ քրիստունէութիւնը մուտք գործեց Յունաստան եւ Հռովմ, լուսաւորեալ մտքեր կասկած յայտնեցին, թէ ան միհրականութեան մէկ ձեւափոխումն է եւ այդ պատճառաւ է, որ քրիստոնեաները դէպի արեւելք կը դառնան աղօթելու համար:

Հրաշքը բոլոր կրօնքներու ալ մեծագոյն զսպանակն է: Բոլոր կրօնապետներն ալ հրաշքներ գործած են, եւ միշտ ալ ահագին բազմութիւն մը կայ, որ ոչ միայն կը հաւատայ անոնց ու կը հետեւի, այլեւ կը վկայէ ամենուրեք:
Բաքոս ալ հիւանդներ բժշկած է եւ մինչեւ իսկ ջուրը գինիի կը վերածէր իր մեհեանի նուիրական երեք կուժերուն համար:
Անհաւատալիին դիւրաւ կը հաւատայ ռամիկը, քան պարզ դէպքերուն, որովհետեւ անհաւատալին է, որ կը գրգռէ իր երեւակայութիւնը եւ թռիչք կուտայ իր հոգիին:
Կրօնական-միստիքական մարզի մէջ դարերու տեւականութիւնը ոչինչ կ՝ապացուցանէ:
Մեծ սխալներն աւելի շատ կը տարածուին, քան մեծ ճշմարտութիւնները, որովհետեւ աւելի դիւրին է հաւատալը, քան տրամաբանելը:
Ամենահին դարերէն ի վեր գրուած ու պատմուած են սատանաներու, դեւերու եւ ճիներու անհամար պատմութիւններ ու հէքեաթներ, սակայն այսօր այլեւս ոչ մէկ խելահաս մարդ կը հաւատայ անոնց: Դիւրահաւանութիւնը հիւանդութիւն մըն է, արմատացած համաճարակ մը, որուն շնորհիւ մարդիկ երկու որոշ դասերու կը բաժնուին — առաջնորդող խաբեբաներ եւ հետեւող տխմարներ:
Դիւրահաւանութիւնը անյատակ խորխորատ մըն է, որ ի վիճակի է կլանելու ինչ ալ որ լեցուի մէջը, առանց ոեւէ ընտրութեան: Բանականութեան սահմանները շատ անձուկ են, դժբախտաբար:
Երբ ոեւէ անկաշկանդ եւ աննախապաշարեալ միտք անաչառ կերպով ուսումնասիրէ Քրիստոսի առաջին երեք դարերու մարտիրոսագրութիւնն եւ հրաշքներու նկարագրութիւնները, կը կարմրի ամօթէն՝ մէկ կողմէն այդչափ դիւրահաւանութիւն եւ կոյր համակերպութիւն եւ, միւս կողմէն ալ, այդչափ լիրբ կեղծիք տեսնելով իր նմաններուն մօտ: Եւ այդչափ խախուտ հիմերու վրայ է, որ հաստատուած Է աստուած — մարդու գոյութիւնը, որ ոչ ոք տեսած, ճանչցած կամ յիշած է իր ժամանակակիցներէն մինչեւ հարիւր տարի:
Միաստուածեան սկզբունքն ալ հրէական ծագում չունի: Այդ գաղափարը բնական հետեւանքն է աշխարհի միութեան: Բոլոր հին հեթանոս փիլիսոփաներն ալ ընդունած եւ քարոզած են զայն: Բազմաստուածեան կրօններն անգամ նախագահութիւնը կուտան պետի մը, որուն կը հնազանդին միւսները:
Սուրբ Գրքի սատանաներն եւ հրեշտակներն ալ իրաւունք կուտան մեզ յուդայական կրօնքը բազմաստուածեաններու մէջ դասել այդ հիմամբ:
Մարկոս Աւրելիոս փիլիսոփայ կայսրը քրիստոնէութեան տարածումէն շատ առաջ գրած է արդէն, թէ «միակ աշխարհ մը կայ, որ կը պարփակէ ամէն ինչ. միակ աստուած մը կայ, որ ամենուրեք է եւ միակ յաւիտենական նիւթ մը կայ, որ ամէնքին համար ալ նոյնն է»:
Երրորդութեան գաղափարն ալ քրիստոնէական մասնայատկութիւն մը չէ: Հնդկական Վիշնուն (Երրորդութեան երկրորդ անձը) մարմին առած էր «Քրիշնու» անունով՝ մարտ ամսի Գառն եւ Խոյ նշանի հովանւոյն տակ:
Ամփոփելու համար այս յօդուածը, կը կրկնեմ, թէ՝ ըստ ամենայն հաւանականութեան, ինչպէս հնութեան բոլոր մեծ կրօնքները, քրիստոնէութիւնն ալ Արեւի պաշտամունքն է պարզապէս, եւ Ներսէս Շնորհալի շատ իրաւունք ունէր Արեւն ու Քրիստոսը նոյնացնելու իր անմահական մեղեդիով.
Առաւօտ լուսոյ
Արեգակն արդար
Առ իս լոյս ծագեաւ:
Յ. գ. — «Հայրենիք» ամսագրի մէջ լոյս տեսած «Յիսուս Նազովրեցի» յօդուածիս ի պատասխան ցայժմ միայն մէկ պատասխան տեսայ
ամերիկահայ թերթի մը մէջ, ուր միամիտ հայ քահանայ մը փոխանակ փաստերով ջրելու գրածներս, կը հարցնէ, թէ ի՞նչ իրաւունք ունիմ այդպէս գրելու: Խնդիրը իրաւունք ունենալ կամ չունենալուն վրայ չէ սակայն. պէտք է փաստել, թէ Յիսուս իսկապէ՞ս ապրած է իբր մարդ: Բայց այդ արդէն կարծեմ բարձր է յօդուածագիր քահանայի կարողութենէն:
Մ. ՏԷՐՊԷՏԷՐԵԱՆ



