«ԵՎ ԳԱՐՈՒՆԸ ԾԱՂԿԱԶԳԵՍՏ ՊԱՏՄՈՒՃԱՆՈՎ ԶԱՐԴԱՐՈՒՄ Է ՄԱՅՐ ԵՐԿԻՐԸ»…

Հայոց հնագույն ամենասիրելի տոներից մեկի՝ Ծաղկազարդի առիթով՝ Գարնանաբույր մի պտույտ՝ Գ. Սրվանձտյանցի (1840-1892) հետ՝ Բյուրակնյան ծաղկավետ ու ծիրանաներկ լեռներում, ուր խստաշունչ ձմռանը հաջորդած Գարունը լեռներն ու հովիտները կանաչագեղ ու ծաղկերանգ է դարձնում՝ զարդարում ծաղկազգեստ պատմուճանով (Ծաղկազարդի խորհուրդը). «Գարունն ծաղկազգեստ պատմուճանաւ զարդարէ զմայրս ամենեցուն զերկիր», (Գիրք Պիտոյից) և «Լերինք ծաղկաւետեալ ծիրաներփնին» (Խորենացի): Հայկական Լեռնաշխարհի Բյուրակն — Մնձուրյան լեռնահանակարգում ամենաբարձրը Սրմանց գագաթն է (3280 մ), հայտնի գագաթներից է և Հավատամքը (2460 մ), հարուստ է ստորերկրյա ջրերով, աղբյուրներով ու լճերով:
Սրմանց գագաթի հյուսիս-արևմտյան փեշերից է սկզբնավորվում Արաքսը:

«Բինգէօլը (Բյուրակնը, Կ. Ա.) դժնդակ տարտարոս մ՚ է ձմեռուան եղանակին եւ դրախտ՝ բացեալ՝ ի գարնան եւ ամռան։
Բինգէօլը վեհ եւ ահաւոր չէ, այլ՝ սիրուն։
Թագաւորի չի նմանիր, այլ՝ թագուհւոյ. քնքուշ է եւ փափուկ, կոյս մ՚ է պճնազարդ եւ փափկասուն. շնորհաց լեառն է, քան թէ քաջաց եւ դիւցազանց. ասոր համար իւր վրայ եղած վէպերը ո՛չ ազնաւուրի, ո՛չ դեւի, ո՛չ յաղթողի եւ ո՛չ զինուորի ու թագաւորի են. այլ՝ սիրոյ, զուարճութեան, առողջութեան, գեղոյ եւ զարդու, անուշութեան, պարարտութեան, գուսանութեան։ Որովհետեւ ասոր բիւրաղբերաց եւ հազար ականց բոլորը բիւր տեսակ բուսոց եւ ծաղկանց փռուած են։ Ջրարբի մարգեր, ամենադալար բանջարներ եւ խոտեր իրենց արմատներով, ուտելու, բուժելու, գոյն գոյն ներկելու կը գործածեն։
Իւր վայրի կենդանիները առիւծ եւ վագր չեն, այլ՝ եղնիկ եւ այծեամն»։

…«Հոս զբօսասէրները կուգան ուրախանալու, հիւանդները, օդ եւ ջուր ծծելով, կեանքը նորոգելու‚ կոյսեր եւ հարսները՝ ձեռագործի թելերը ներկելու համար ծաղիկ եւ արմատ ժողովելու, ժրաջան տանտիկինները՝ բանջար ժողվելու, բժիշկները՝ դեղ ու դարմանի համար ամէն բոյսէն ծիլ մը կամ ծաղիկ մը կամ թուփ մը առնելու: Իսկ մեղուներու տզզոցն ու բզզոցը հիանալի ներդաշնակ մը կուտան մարդկանց եւ թռչնոց երգերուն, անասնոց բառաչին, գորտերու կառաչին, գլգլացող առուակին եւ սուլացող սիւքի ձայնին։
Անթիւ անհամար մեղուներ… Բայց միեւնոյն ժամանակ օձերն ալ կը սողոսկին այդ ծաղկանց կողակի քովերէն, իրենք ալ կ՚առնեն միեւնոյն ծաղիկներէն հիւթը եւ կը վայելեն սուրբ օդը։
Հոս մեղուներով մեղր կը շինուի եւ օձերով՝ թոյն»։

«Քանի՞ տեսակ կայ ծառոց‚ ի՞նչ անուն անոնց, ի՞նչ յատկութիւն եւ ի՞նչ պտուղ, քանի՞ տեսակ եւ անուն կայ խնձորին, տանձին, քանի՞ խաղողին։ Այսպէս նաեւ ծաղկանց, բանջարեղինաց, բաւականին ձեռք բերած եմ այսպիսեաց հաւաքում մը։
Պառաւները, որ մէկ-մէկ Հիպոկրատէս են նախնական բժշկականութեամբ, կրակով խարածին, գնդակով զարնուածին, սրով վիրաւորուածին, քարով ջախջախածին‚ զանազան խոտեր եւ արմատներ իւրաքանչիւր ցաւին ու վէրքին զատ զատ ի գործ կ՚ածեն եւ զանազան չոր ծաղիկներէ, տերեւներէ եւ արմատներէ փոշիներ ունին թէ՛ վէրքի եւ թէ՛ ցաւի, պէս-պէս մալհամներ կը շինեն թարախ եւ արիւն մաքրելու, ցամքեցնելու, խոցերը բուժելու. այդ խոտերուն եւ արմատներուն ոչ միայն անունները կուտան, այլեւ հրաշալիքներ ալ կը վիպասանեն. աւանդութեամբ ուսած եւ կ՚ուսուցանեն…
Կոտրած ոսկորը կը կապեն‚ կը դեղեն եւ կ՚ողջացնեն. այն ինչ մեր եւրոպական տօքթօռներն ալ հազիւ թէ պիտի կրնային այսչափ դարմանել։
Խօսքի կարգն եկաւ գրելու. տարի մը չկայ, որ Պօլիս կը գտնուիմ եւ բաւական շատ նոր հարսներ եւ մատղաշ տիկիններ լսեցի մեռնիլ ծննդաբերութեամբ, այստեղ‚ ուր այսքան վկայականով դայեակ տօքթօռներ կան։ Բայց մեր աշխարհները պառաւ դայեկներու խնամքով‚ հազարէն մէկը չպատահիր զոհ լինել այդ առթիւ։

Լօշտակ անունով բոյս մը կայ, որ Մշոյ աշխարհին մէջ յաճախ կը գտնուի, առաւելապէս Ս. Կարապետի վանքի բոլորը։ Մացառներու մէջ կ՚արձակէ իր ոստղերը, որոնք կը բարձրանան եւ կը պատատուին փայտերուն եւ անոնց թանձրախիտ տերեւներուն կը խառնեն իրենց լայն տերեւները, որոնք ձեւով նման են խաղողի որթի տերեւի, իրենց ցօղունը նման որթի բարունակի եւ խաղողոյ ողկոյզի ալ շատ նման ողկոյզներ ճութ ճութ կը կախէ. միայն թէ ասոր պտուղները մանրիկ են, քան զխաղողին։

Լոշտակ

Այս այն բոյսն է, որոյ արմատը մարդանման ըլլալ կը համբաւեն. եւ թէ մինչեւ անգամ անոնց մէջ արուն ու էգն ալ յայտնի են։ Թէ՝ այս արմատը հանելու համար յատուկ աղօթք մը ունին. եւ, թէ երբ կը կտրեն իւր միւս կտորներէն, ահագին ձայնով կը ճչայ։ Ուլ մը կամ հաւ մը կը կապեն այդ մարդարմատին, որպէսզի երբ ճչայ, այն ուլը կամ հաւը անոր ձայնին զոհ լինի։ Եթէ այդ հնարը չլինի, արմատ հանող մարդը պիտի մեռնի։
Այս հնարքով ուլ մը կամ հաւ մը կ՚ուտեն հանող թշուառականները։
Ամենավերջին աստիճանի դառնութիւն ունի այդ արմատը եւ ԻԴ կերպ ցաւոց ու ախտից դարման է։ Բաւական փափաքանօք եւ թանգ գնով կը գնեն զայն Նոր Նախիջեւանէն, Հին Խրիմէն, եւ այն կողմերէն Մշու Ս. Կարապետ եկող ուխտաւորներ, որք կը գնեն նաեւ քուդրաթ հէլվասի գազպին, որ յունիս եւ յուլիս ամսոց շոգ օրերուն պղտորագոյն ու անքամի օդերուն կ՚իջնէ մացառներու տերեւներուն, փշոտ գազերուն եւ մատուտակ ըսուած խոտերուն վրայ, թանձրացած մեղրի նման, ամենաղուտ եւ քաղցր։

Նոյնպէս ամէն ուխտաւորներ կը գնեն սպիտակ ձիւթ կամ Ս. Կարապետի ծամոն ըսուածը, որ կանգառ փուշի ընձիւղները կտրելով մայիս ամսուն՝ անկէց ելած կաթն է, զոր կը ժողվեն, կը չորցնեն եւ տաս փարանոցի մեծութեամբ, բայց անկէց բարակ, կլոր նշխար կը շինեն Մշոյ դաշտի աղջիկներ ու հարսները։


Կայ եւ մի տեսակ խոտ, ճարճրտուկի նման, որ աւելի Վանայ գեղացիներուն ծանօթ է, կերդ կ՚ըսեն։ Ասկէց կաթ կը հանեն, թանձրացընեն, եախու կը շինեն, մարմնոյ ո՛ր տեղ որ քամին բռնած լինի, կը փակցընեն վրան։ Այնքան կը պրկի մնայ, մինչեւ քամին ծծէ հանէ, ապա կը փրթի»։

Ճարճրտուկ

«Աղջիկներ եւ նոր հարսները, որ գարնան կ՚ելլեն դաշտն ու հովիտը, ձոր եւ լեռը՝ բանջար ժողվելու եւ նստած զըղզըղուն աղբերակաց եզերքը, այդ ծաղիկներու փունջ, խուրձ եւ հիւսկէնը կը պատրաստեն, իրենց գոգնոցը լցած, մանեակը շինած եւ պարանոցն ու բազուկը անցուցած՝ գեղը կը դառնան՝ մրմնջելով այդ զանազան ծաղկանց անուանց, գոյնին, հոտին եւ տեսքին վրայ յօրինուած հովուերգական խաղերը։
Ամէն մէկ ծաղկին զատ զատ վէպեր ունին։
Անոնցմէ մէկը քոյր է, միւսն եղբայր. կամ երկու քոյր՝ մէկ մայր. մէկը քաւոր՝ միւսը սանամայր. մէկը տէրտէր՝ միւսը տիրուհի. մէկը սիրող՝ միւսը սիրուած. Աղբրանց արիւն. երկու որբ եղբայր. մէկը արնոտ սիրտ՝ միւսը օձու թուր կամ մխած խանջալ. մէկը կթոց լի կաթ է սպիտակ ու անարատ, միւսը թոյն թափող հրեղէն վիշապ. եւ այլն, եւ այլն…
Իմ միտքս է հասկըցնել, թէ այդ բազմատեսակ ծաղիկները, որ կը գտնուին Հայոց լեռները, անոնց անունները մի առ մի գիտեն թուել բնակիչները հայերէն, ինչպէս նաեւ բանջարեղինաց, խոտեղինաց եւ պրակ պրակ գտնուած մացառներու տեսակաց մանր ու ոլոր ոստերուն, մորենեաց, ուռենեաց, փուշերուն, որոց ամէնուն անունները շատ պէտք են գիտնալ. պէտք են տեսնուիլ մեր գրքերու եւ բառարաններու մէջ, անոնք, որ դեռ չկան գրուած, հանդերձ իրենց նշանակութեամբ եւ ստուգաբանութեամբ, որոնք ոչ միայն կ՚ընդարձակեն մեր ազգային մատենագրութեան ասպարէզը, այլ եւ նոր գիտութիւնք եւ արուեստք ուսանելու փափագ եւ միջոց կ՚ընծայեն տնկաբանութեան եւ երկրաբանութեան իրենց ճիւղերով։ Մանաւանդ զբանաստեղծները կը փարթամացընեն»։

…«Յատուկ աղբիւրներ կան տեղ-տեղ, որոց ական շուրջը բազմակերպ ծաղկունք, զանազան խոտ ու բանջար կան։
Ծերացած օձերը կուգան հոն, իրենց շապիկը կը փոխեն եւ ծաղիկներէն մէկը, զոր միայն օձեր կը ճանչնան, կը փրցընեն կ՚ուտեն. եւ անմիջապէս աղբիւրի ջուրը մտնելով՝ կը լուացուին եւ երեք անգամ կը խմեն, կ՚ելլեն՝ նորոգուելով իրենց կեանքը։ Եթէ ուշադիր լինին հովիւները կամ ցանկացողները ու պատահին օձի այս արարուածին, նկատեն ու ճանաչեն այդ ծաղիկը, թէ ո՞րն էր, ու իրենք ալ ուտեն եւ նոյն աղբիւրի ջրէն երեք անգամ խմեն, կ՚անմահանան այդ մարդիկը»…

«Վարդ է թափում սարին-քարին,
Շաղ են շողում ծաղիկ ու խոտ»… (Հ. Թումանյան)