«ԳՐՈՑ ՈՒ ԲՐՈՑ» ԾՐԱՐԻՑ…
19-րդ դարի երկրորդ կեսին, երբ Արևմտյան Հայաստանում Հայությունը հեծում էր դարերով պարտադրված օտար լծի ներքո և ուժգնացող հարստահարիչ քաղաքականության արդյունքում ունեզրկվում էր ու գաղթում իր Հայրենիքից, ազգապահպանման ու հայրենապահպանման խնդիրներով մտահոգ բազմաթիվ Հայորդիներ ահագնացող իրավիճակում իրենց ազգակիցների կյանքի բարելավման ուղիներ էին փնտրում:
Խորաթափանց մտքով վերլուծում և օրհասական իրադարձությունների բովում Հայ ազգի ինքնակազմակերպման անհրաժեշտությունն էին նրանք բարձրաձայնում, ազգի հարատևման պայքարում կարևորելով հատկապես կրթությա՛ն միջոցով Ազգային ինքնաճանաչողությունը:
Հայրենիքի տարբեր շրջաններում շրջագայելուց հետո՝ բանահավաքի հմտությամբ ազգագրական հարուստ նյութ հավաքած, Կոստանդնուպոլիս վերադարձած Գարեգին Սրվանձտյանցը գրում է.
«Բարեկամ.
Մարդկային ընկերավարութեանց սովորութիւնն է, երբ հեռաւոր տեղէ մը գան, իրենց գտնուած երկրի բարիքներէն կամ հազուագիւտ իրերէն ընծայ մի կը բերեն բարեկամին։ Հետեւելով այսմ, երբ Պօլիս եկայ, այս անգամ ուզեցի ընծայ բերել Ձեզ իմ Երկրէն։
Ի՜նչ։
Ի՜նչ կը գտնուէր հոն, ուր ես էի. հող եւ ջուր միայն, եւ հողով ու ջրով եւեթ կեանք վարող Հայ ժողովուրդ։
Գրոց եւ բրոց ծրար մ՚ընծայ բերի Ձեզ այն հողէն ու ջրէն, որ Հայաստանի անունը կը կրեն տակաւին, ժողովրդէ մը, որ սերունդ եւ անուն Հայութեան ունին։
Այս հողն եւ ժողովուրդ կամ, այսպէս ըսեմք, Հայաստանն ու Հայ, որ հազար անգամ խորամանկութեան ու բռնաւորութեան փորձեր անցուցեր են, փորձեր՝ խլելու այս ազգի արմատը այդ արտէն, կամ փոխելու այն հողի յատկութիւնը, որ այլեւս չբուսցընէ զՀայ եւ չերեւի Հայութեան նշոյլ մը։
Բայց Հայերը մանգաղով հնձուած ժամանակ սերմերը թափեր են փոշիներուն մէջ, արմատէն խլուած ժամանակ ջեղ մը թողուցեր են քարի մը տակ, ձորի մը մէջ եւ նորէ՛ն բուսեր, ծլեր, արմատ ձգեր, ոստ արձակեր, ծաղկեր ու պտղաբերեր են անդրէն։ Անկարելի՛ է գտնել աշխարհ մը եւ ազգ մը, որ համեմատուի Հայուն եւ իւր երկրին, որ այնքա՜ն աւեր, մահ, սուր, ուրացութիւն, արիւն, գերութիւն կրած լինի ու նորէ՛ն ցայսօր ապրի։
Իւր քաղաքականն ու կրօնականը, իւր նիւթականն ու հոգեկանը առհասարակ կողոպտուած. գանձն ու զէնքը առնելէն զկնի, մարդն ու իւր բնակարանը, տաճարներու քարերը եւ լեզուն ու մագաղաթներն անգամ գերի գնացած են, ստրկութեան ենթարկուած են։ Բայց մեր Երկրի հողն ու ջուրը, օդն ու եթերքը օծուած են Հրեղէ՛ն լեզուով, Հրեղէ՛ն հոգւով, որք ո՛չ միայն վերաստեղծեր են զՀայեր, այլ եւ վերապատմե՛ր են հետագայից Հայաստանի նահապետաց, դիւցազանց, թագաւորաց եւ առաքինեաց անուններ ու գործերը։
Այս լեռները, հովիտները, ձորերը, գետերը, շէները, աւերները, հողմերը, աստղերը, ամե՛նքն ալ խորհրդաւոր անուն մը ունեցած են. եւ այդ ամէն մէկ անունը կը պարունակէ իւր մէջ անձի մը կամ անցքի մը պատմութիւն, թէ առասպել համարուի այն առ այժմ եւ թէ իրական, եւ այսպիսեաց շարունակութիւնը մագաղաթներէն աւելի՛ տոկուն եւ անջինջ մատեան մը շարունակած է. այն է՝ բնակչաց բերանացի աւանդութիւնք կամ վէպք եւ զրոյցք։ (Մեջբերումը՝ Գ. Սրվանձտյանց, «Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհէրի Դուռ»):
Գ. Սրվանձտյանցի ուսումնասիրություններում կան Վասպուրականում, Տարոնում և Արարատյան դաշտում տարածված ավանդազրույցներին, հավատալիքներին, ու բնաշխարհին առնչվող բազմաթիվ ազգագրական և բանահյուսական ուշագրավ դրվագներ:
Մշո աշխարհի պատմություններից՝ Գ. Սրվանձտյանցի գրչով անմահացած որոշ հատվածներ՝ ահավասիկ…
«Մօտ Դաղօնաց, այդ լերան ճակատը քար մը կ՚երեւայ, որոյ մէջ, կ՚ըսեն, շատ այրեր կան, եւ անթիւ օձեր կը բնակին այդ այրերու մէջ։
Օձերը ունին իրենց թագաւոր եւ թագուհի։ Թագաւորը արեգակի պէս քարակն ունի իւր գլուխը, այսինքն՝ թագ, եւ թագուհին՝ բոցագոյն բրչեր, բրչամ, այսինքն՝ վարս։
Ունին զօրապետներ, թիկնապահներ եւ ահագին բանակով կ՚երթան երբեմն Դիարբաքրու հողը. այն տեղը կան նաեւ օձերու ուրիշ թագաւորներ, բայց անոնք ասոր հարկատու են եւ ռայայ։ Երբ անոնք կ՚ապստամբին, կ՚երթայ սա ջանգ ու կռիւ ու շատ կոտորած կ՚անէ եւ աւարով ու գերիներով կը դառնայ։
Այսու Մշոյ բնակիչները եւ իրենց նախարարները Տիգրանակերտու գաւառներուն վրայ առաջները միշտ տիրապետելուն եւ զանոնք ծառայեցընելուն հետքն է կը պահեն թերեւս։
Օձեր ալ կան, որ Մշոյ աշխարհի պահապաններն են եւ գիւղացւոց վնաս չեն տար։ Տեսակ մը օձերու համար ալ կը պատմեն, թէ տները եւ ջաղացները կը բնակին, եւ իրենց բնակած տան բաղդը անոնցմով կը յաջողի եղեր։
Հետեւեալը իբրեւ առակ կը պատմեն, թէ. «Գեղացի մը, որ արտեր ունէր եւ ջաղացներ եւ գեղացւոց մէջ բաղդաւոր ու հարուստ մէկն էր, իւր յաջողութեան բաղդը կը պարտէր այն սեւ օձին, որ ասոր տան մէջ կը բնակէր։ Մէկ հատիկ զաւակ մը կ՚ունենայ այս գեղացին. եւ որովհետեւ օձը սովոր էր տան մէջ համարձակ շրջելու, երախան օր մը օձուն հետ խաղալով՝ անոր պոչը իւր ափին մէջ սաստիկ կը ճզմէ։ Որքան կը ջանայ օձը, կարող չլինիր իւր պոչը ազատելու տղուն ձեռքէն։
Ճարը հատած՝ կը խայթէ տղուն թաթիկը։ Տղան կը թողու պոչը ու կը թունաւորի միանգամայն. օձը իւր խայթածին ու թունաւորածին հետեւանքը գիտնալով՝ կը փախչի տան մէկ անկիւնը, կը կծկի, ժամեր կ՚անցնին‚ եւ տղան վերջապէս կը մեռնի։
Տղուն հայրը սաստիկ կսկիծէն ուրագը կը վերցնէ, օձին կը զարնէ. օձին պոչը կը կտրի, եւ օձը իւր գլուխն ու մնացեալ մարմինը առած կը փախչի տնէն ու գեղէն դուրս, քարերու մէջ կ՚ապրի։
Օրեր կ՚անցնին, բայց հետզհետէ այդ գեղացւոյ բաղդը կ՚աւրուի։ Օր մը իւր կնոջ հետ կը մտածեն, թէ. «Երթանք մեր օձը նորէն մեր տունը հրաւիրենք բերենք, որպէսզի մեր բաղդը դառնայ վերստին»։
Եւ կ՚երթան քարերու մէջ կը կանչեն իրենց օձին. օձը պատասխան կուտայ, թէ.
«Ինչպէս ձեզ՝ նոյնպէս ինձ փափագելի է այդ, բայց ա՛լ անկարելի է, քանի որ դուք ձեր զաւակին մահը յիշէք եւ ես իմ պոչը, իրարու հետ չենք կրնար հաշտ ապրիլ»… »։
«Տարօնոյ դաշտի բերանը՝ Աշտիշատայ մօտ, կայ մի գեղ, զոր այսօր Բաղչայ կը կոչեն տեղացիք, բայց Տարօնոյ պատմիչ Յովհաննէս եպիսկոպոսը Վիշապն անուն կուտայ այն տեղին եւ քաղաք կը կոչէ, ինչպէս նաեւ Գայլ Վահանի ժամանակ Օձ քաղաք կը պատմէ Տարօնոյ դաշտի արեւելեան հարաւի կողմը, ուր շամբեր կան, Մեղրագետի ական քով։
Օձ քաղաքի հետքերը, աւերակները, ինչպէս նաեւ անունն ալ կան ցայսօր, եւ քանի մը տուն ալ բնակիչ ունի մէջը, իբրեւ գեղացի, Մուշեղշէն անունով գեղին մօտ։
Օձ եւ վիշապը երբեմն Հայկազն Երուանդեան Տիգրանի ժամանակ Հայկական դրօշակի նշանն էր, Աժդահակը սպաննելուն յիշատակ։ Բայց, ինչպէս առիթ ունեցանք Դաղօնաց օձերու թագաւորութիւնը յիշելու, հոս միտքս կուգայ, թէ միեւնոյն կերպով վէպեր կան նաեւ Հայաստանի ուրիշ գաւառաց մէջ ալ։ Եւ երբ զօրաւոր ու հուժկու մարդու նմանութիւն տալ ուզեն, օձու եւ վիշապի կը նմանցընեն։
Օձը հմայութեանց արհեստին մէջ ալ գործածուած է միշտ։ Մինչեւ ցայսօր ալ օձու շապիկ կը դնեն իրենց ծոցերը կամ գլխարկին մէջ, որպէսզի օձերը չխայթեն զիրենք։ Կայ եւ մի սովորութիւն ալ, որ օձու, կարիճի եւ այլ այսպիսեաց ձեւը մանր ուլնիկներով կը շարեն եւ կը կարեն երախայից գտակին կամ հագած հագուստին վրայ։
Իհարկէ, օձն ու կարիճը իբրեւ զարդ չեն գործածեր, այլ ուրիշ խորհուրդ մը ունին։
Վիշապը թերեւս իւր ահաւորութեամբ ի հնումն պաշտուած ալ լինի ի Հայոց։ Արդէն սովորաբար մարդիկ Աստուծոյ տեղ կը դնէին մէկ մը զայն, որ հաճոյք եւ բարիք կը սփռէր, մէկ մ՚ ալ զայն, որմէ երկիւղ եւ պատուհաս կը կրէին. վերջինէն են օձն ու վիշապ։ Օձերու եւ վիշապներու վրայ ընդհանրապէս Հայ ժողովրդեան վէպերուն մէջ կարծիք կայ, թէ անմահ են անոնք, եթէ չսպաննուին մարդերէ, եւ այս կարծեաց համաձայնելու համար կը խօսին, թէ օձը իւր շապիկը փոխելով կը նորոգուի, եւ թէ աղբիւր եւ ծաղիկ մը կայ, զոր կը ճանչնան օձերը, որ օձերուն անմահութիւն կուտայ։
Վանայ պառաւներուն մէկ վէպը կայ, թէ վիշապը, երբ հազար տարեկան լինի, շատ սարսափելի կը մեծնայ։ Հրեշտակները երկինքէն կ՚իջնեն‚ շղթայով կը կապեն ու կը քաշեն վեր, այնքան կը բարձրացընեն մինչեւ արեւուն մօտ հանելով, ուր կիզիչ հուրը կը վառէ ու մոխիր կը դարձընէ զայն։ Կը յաւելուն, թէ մեծ շառաչիւնի ձայներ կը լսուին երկինքը քաշած ժամանակ։ Թէ՝ երբեմն այնքան կը գալարի, որ պոչը կը փրթի, վար կ՚իյնայ։ Եւ որովհետեւ, ինչպէս օձին ջրայինն ու ցամաքայինը կայ, նոյնպէս ալ վիշապին, ուստի կ՚ըսեն, թէ տեսնուած է երբեմն Վանայ ծովուն մէջէն, երբեմն ալ ամայի լեռներէն վիշապներուն երկինք քաշուիլը։ Գուցէ թաթառ հողմի նկարագիրն է սա, որ ծովէն ջուր եւ ցամաքէն փոշի, ծառ ու քար կը բարձրացընէ յամպս եւ ի վայր կը թափէ։
Կ՚ըսեն նաեւ, թէ այդ վիշապը վարսեր եւ թեւեր ունի։ Թէ՝ երբեմն սաստիկ ջուր կը փչէ երկրի վրայ։ Թէ՝ վառուելէն ետք մոխիրը վար կը թափի կը տեսնուի։ Թէ՝ երբեմն ալ երկնքի բարձրութենէն կը թողուն հրեշտակները, որ իյնայ վիշապը սարի մը վրայ, եւ ամենամանր փշրուի, թէ՝ եթէ երկինք չքաշեն, երկիրը պիտի կուլ տայ։ Թէ՝ Վանայ ծովու մէջ կայ վիշապի բոյնը, այն տեղը ահագին վիշապ մը կայ, որ բոլոր ծովու յատակը բռներ է, ու հրեշտակները միշտ կը զարնեն, կը վիրաւորեն անոր պոչը, որ չմեծնայ եւ ծովն ու ցամաքը կլլէ եւ այլն։ Կարծես Յոբայ պատմած Լեւիաթանի նմանութիւնը կուտան այս վիշապին։
Ընդհանրապէս քարայրերու համար կը վիպեն, թէ վիշապի բոյն է, եւ թէ հազարաւոր օձեր կը լինին այն տեղերը» (նշվ. աշխ., ԻԵ):