«1904… ԼԵՌՆԵՐԸ ԼԵԶՈՒ ԵՂԱԾ ԷԻՆ, ՈՒ ԾՈՎԱՍԱՐԸ ԿԸ ԽՕՍԷՐ»…


Armenian Carpet Mug

Ceramic mug featuring a design inspired by traditional Armenian carpets. The intricate pattern and high-quality printing turn this mug into a little piece of art that can brighten up any home. Made for cozy mornings and relaxing evenings, this mug is a thoughtful way to show someone special that you’re thinking of them. Perfect gift for someone you love or anyone who deserves a little warmth and happiness in their daily routine.

Details
24,45 $
Size

«1904… ԼԵՌՆԵՐԸ ԼԵԶՈՒ ԵՂԱԾ ԷԻՆ, ՈՒ ԾՈՎԱՍԱՐԸ ԿԸ ԽՕՍԷՐ»…

«1904…
Լեռները լեզու եղած էին, ու Ծովասարը կը խօսէր: Տարօնի գիւղաշխարհը հոգեկան հրդեհի մը բռնուած էր»…
…«Գետնափոր տուները կը դղրդային, ազատութեան ուրուականը հոգիները կը հրդեհէր, ու արիւնը կ’եռար հողի խաղաղ մշակներու երակներուն մէջ:
Հայոց ներքնաշխարհը կը թնդար»… (Կարօ Սասունի «Էնոնք ողջ մնան»)

«Ինչ որ գրուի Սասունի եւ իր բնակիչներու մասին, անպայման դիւցազներգութեան էջեր են: Հին օրերէն այսպէս եկած — հասած է մեզի»…

«…Պէտք չկայ գրքերու էջերը զարդարել ածականներով, գեղեցիկ ոճեր փնտռել եւ տիպարներ ստեղծել:
Հերոսներու եւ նահատակներու աշխարհ է: Գերեզմաններ կան, որ բաբախուն սրտերու կը նմանին, անուններ կան, որ փորագրուած խաչքարի կը նմանին, անջնջելի են: Կարելի է շօշափել, համբուրել, առջեւը ծնրադրել ու երեսը խաչակնքել եւ ըսել. «Այստեղ ավերակներ կան, գերեզմաններ կան, բայց այստեղ մահ չկայ»:

…«Տարօնացին ուր որ ալ գտնուի, ամէն զաւակին հետ Սասուն մը կը ծնի իր տան մէջ, իր տղուն մէջ, իր թոռներուն մէջ:
Օր մը իրենց արագիլներն առին եւ երամովին գաղթեցին դէպի հիւսիս, հանդիպեցան Արագած լերան եւ անոր լանջերուն վրայ բոյն դրին, եւ մնացին դաևձեալ Սասունցի: Աներեւոյթ կարմիր երիզ մը կապած է Արագածը Ծիրանկատարին. նոյն մարդիկն են՝ ծեր ու պառաւ, երիտասարդ ու պարմանուհի, տղայ եւ նորածին, նոյն լեզուն կը խօսին:
Արագածի ժայռերէն ալ հիմա նոր Սասունցիներ կը շինեն. ստեղծող արուեստագէտը դարձեալ Սասունցի է:

Լեռներու բարձունքին, ժայռերու մէջ ծնած մարդիկ անփոփոխ սիրտ կ’ունենան,.կարծր դէմք, հուժկու բազուկներ, բայց բարի հոգի մը, որ Աստուծոյ կը նմանի:
Այս սրտերն իրենց հետ տարին՝ երբ Հայաստան գացին:
Հոն ալ գտան Սասունի ժայռերը, քարերը, լեռներն ու բարութիւնը: Ծիրանկատարին տեղ Արագածին նայեցան»…
…«Սասունցին Արագածի լանջերուն ալ իր յատուկ լեզուով կը խօսի, կարծես թէ աշխարհէն առանձնացած կ’ապրի, իր ուրոյն բարքերով ու մտայնութեամբ»…
«Աշխարհի որ ծայրն ալ ծնին ու սնին՝ Սասունցին միշտ Սասունցի է:
Ես կը ճանչնամ Եվրոպայի մէկ անծանօթ անկիւնը մոռցուած Տալուորիկցի մը. տեղական լեզուն չէր գիտեր, իր կինը կարդալ ու գրել չէր գիտեր, զաւակները մշերէն կը խօսէին:
Ամէն տարի տեղացի աղախին մը կ’առնէր, իր մշերէն լեզուն կը սորվեցնէր, ապա կը ճամբէր՝ ուրիշ սպասուհի մ’առնելու եւ իր հօրենական լեզուն սորվեցնելու անոր»… (Հ. Վահան Յովհաննէսեան, Բազմավէպ, 1974, թիւ 1-2):

1904 թվականին Սասունի դեմ խոշոր արշավանքի էր դուրս եկել թշնամին: Սասունցիները զինված ընդվզում էին՝ անհավասար մարտի ելնելով…
Կարօ Սասունիի՝ «Էնոնք ողջ մնան» պատմվածքը՝ հաջորդիվ…