«ԷՆՈ՛ՆՔ ՈՂՋ ՄՆԱՆ»…

1904 թվականին Սասունի դեմ խոշոր արշավանքի էր դուրս եկել թշնամին: Սասունցիները զինված ընդվզում էին՝ անհավասար մարտի ելնելով և պաշտպանվում՝ ազատատենչ ոգով…
Կարօ Սասունիի «Էնոնք ողջ մնան» պատմվածքը՝ ստորև…

«ԷՆՈ՛ՆՔ ՈՂՋ ՄՆԱՆ»…
Ա
Պողէն ու Մոսոն, երկու կտրիճ եղբայրներ, օր մը, արհաւիրքի եւ անարդարութեան օրերէն, Ծովասար բարձրացան ու ա՛լ անկէ ետ չդարձան:
Վառօդի ծուխն այդ գարնան վար իջած էր բարձր սարերէն ու տարածուած կը մնար դաշտին վրայ: Արգաւանքի դարաստաններէն բարձրացող տաք գոլորշին վառօդի հոտը կը բերէր լծվարներուն , որոնք իրենց կնճռոտ ճակատները հակած էին մաճին: Թնդանօթը այնտեղ՝ վերերը կը գոռար, ազատութեան ձայնը խեղդելու համար:
Գիւղի կեանքը կը շարժէր, բայց բերանները կը մնային խուփ, ու կծկուած շրթունքները գիւղին հոգսը կը փակէին ալեկոծ սրտերուն մէջ: Եզները ճակատագիրը կը քաշէին հողի այս մարդոց, որոնք դարաւոր օճախներ ունէին, բայց ազատ կեանք չունէին:

Պողէն ու Մոսոն ա՛լ ետ չդարձան Ծովասարէն…
Անթաղ այս հերոսներուն սուգը՝ գարնան ձիւնհալքին հետ, պղտոր ջուրերուն խառնուած՝ եկաւ ու պղտորեց Արգաւանքի շէն սիրտերը, որոնք լեռներուն չափ հպարտ էին այդ երկու անձնուրացներով:
Անոնք գիւղին փառքն ու պատիւն էին, արձանացած՝ լեռներու կատարին: Ու գիւղը նոյնիսկ իր սուգը չկրցաւ լալ: Բռնութեան օղակին մէջ Հայուն ոսկորները փշրուած էին:
Պողեէնց թոնիրն այդ օրը մարած մնաց:
Ոչ ոք սիրտ ըրաւ մօր մը գերագոյն վշտին մատ դպցնելու:
Լծվարները տառապանքի լուծին տակ կքած՝ հազիւ համարձակեցան խօսիլ իրենց եզներուն հետ.
— Հէ՜յ վախ, այսօր Պողեէնց երդիքէն ծուխ չելաւ…
Ու եզները լուռ համբերութեամբ ակօսներու մէջէն տարին այս սուգը՝ հին ճակատագրի մը պէս:
Սէյրան, մայրը այս երկու աննման կարիճներուն, թիկնեղ ու հաստոսկոր դաշտեցի կին մը,.սրտէն դաշեւնահար, ափով ամուր մը բռնեց իր վէրքին բերանը եւ, վիրաւորուած արջի մը պէս՝ շաբաթներով քաշուեցաւ թոնտրտուն: Հոն,.իր առանձնութեան մէջ, քամեց մայրական արցունքները, մինչեւ չորցաւ վերջին կաթիլը անոր երակներէն:
Երկու ճիվան հարսներն ալ ու ալուան քողը նետեցին, սեւերուն մէջ պլլուած ուրուականներ դարձան,.հին օճախին ներսն ու դուրսը ըրին, իրենց սիրոյ կորուստին հետ՝ ապրեցան նաեւ մօր մը մորմոքը, խորունկ ու անդարմանելի:
Կամաց — կամաց թոնիրը մխաց: Հինաւուրց օճախին ճրագը վառ պահելու համար՝ մայրը իր չորցած կուրծքը փոթորկին դէմ տուաւ ու իւղի պէս հալեցաւ:
Սէյրան սեւ լաչակը առաւ գլխուն, իր առնական ու հաստատակամ ծնոտը պլլեց անոր մէջ, շրթունքները յամառ ու յանդուգն իրարու վրայ կծկեց եւ խորունկ ու հանդարտ նայուածքո, ուր մահը թաղուած էր, դուրս եկաւ թոնտրտունէն: Հոն, մուխով սեւցած պատին վրայ, ուր գիշերները իր գլուխը կը դնէր քնանալու համար, կախեց իր թարլան զաւակներուն՝ Պողէի եւ Մոսոյի գդակները, փուշիները անոնց քովէն եզերուած, հարսանեկան սնտուկի միակ յիշատակը երիտասարդ փեսաներէն:
Այդ երկու գտակները՝ սեւ փուշիներով պսակուած, պատկերի եւ արձանի տեղ բռնեցին, ու թոնտրտան պատը՝ մօրը գլխուն վերեւ, Պողէենց տան սրբազան խորանը դարձաւ:
Եօթը պորտէն ժառանգութիւն մնացած թոնիրը ամէն առաւօտ վառեցաւ, սեւ սիւներն ու գերանները սեփ-սեւ պատերուն վրայ եբենոսեայ կամար կապեցին: Մայրիկի խորախորհուրդ տունը հին հեթանոսական մեհեանի մը նմանեցաւ, ու Սէյրան՝ քրմապետուհիի մը պէս հաւատաւոր ու հաստատակամ՝ վճռական ճակատով դուրս եկաւ գիւղին մէջ: Ան լռակեաց, բայց խորհրդաւոր, անծանօթ, բայց զգալի ուժի մը մարմնացումը եղաւ իր շրջապատին համար:

Յեղափոխութեան գաղտնիքը յաճախ անյայտ ճանապարհներէն անցած-եկած էր ծուարելու Պողէենց ծածքին տակ: Հրայրն իր ընկերներով հաց կտրած էր Սէյրանի սեղանէն: Ու Սէյրան անոնց չարուխի թելերը քակած ժամանակ՝ լեռներէն ինկած այս մայրակորուս հսկաներուն հանդէպ մայրական զգացում մը սնուցած էր: Երբ օր մը Պողէն ու Մոսոն Ծովասարի ճամբան բռնեցին, Սէյրան իրական մայրիկը դարձաւ բոլոր անձնուէրներուն, որոնք համրանք չունէին, եւ որոնց մահը գիտակից անմահութիւն մը կը սփռէր Հայ համայնքի հոգուն մէջ:
Սէյրան կանանց յատուկ խորունկ հաւատքով հաւատաց ազատութեան ուխտին,.զոհողութեան մարմնացումը եղաւ գերագոյն խորհուրդի ճամբուն վրայ եւ, երբ իր երկու կանաչ արեւներուն ճակատը կը համբուրէր վերջին կէս գիշերին, մայրական սրտճմլուքին քով, անձնազոհութեան գերազնիւ զգացումը իր հոգին կ’ողողէր. չէ՞ որ ինքն ալ իր սեփական սիրտը կը կտրատէր՝ մատաղ ղրկելու սուրբ նպատակին:
Հիմա Պողէն ու Մոսոն թշնամու գնդակէն ինկած էին, բայց Սէյրանի համար մեռած չէին:
Մարտնչող ոգին ամէն տեղ էր ու Սէյրան, անձնուրացութեան աւազանին մէջ մկրտուած՝ մոռցած էր աշխարհը, մայրական բոլոր տկարութիւնները քամած էր իր արցունքներուն հետ եւ իր հոգեղէն սիրտը լայն բացած էր բոլոր անոնց, որոնք լեռներէն կ’անցնէին ուրուականի պէս, ու գայլերուն հետ կը գիշերէին քարանձաւներուն մէջ:

Խորհրդաւոր գաղտնիք մը միշտ ծրարած կը մնար անոր ունքերուն տակ, ու ան,, մխիթարանքի կարօտ չեղողի մը պէս՝ ուրիշները մխիթարեց իրենց անձնական վիշտերուն համար: Մարդիկ, ժամանակի հետ համընթաց, բնական գտան, որ կաղնիի պէս ամուր այս կինը ապրի ու մտածէ ուրիշներուն համար, առաքինի անանձնականութեամբ:
Բ
Սէյրան տասը տարի առաջ կորսնցուց իր ամուսինը: Մինակ, հաստաբեստ սիւնի մը պէս, իր ուսը տուաւ Պողէենց մեծ օճախին, մինչեւ որ տղաները հասունացան: Խորշապն եկաւ եւ տապալեց երկու դալար ու բարձրուղէշ ճիւղերը. ընձիւղ մը միայն կը մնար բունին վրայ:
Ու հիմա, որ մեծերը չկային, Սէյրան մեծ մարդու մը պէս խօսեցաւ Գալէին հետ, որ հազիւ տասնեևութ տարին բոլորած հօտաղ մըն էր.
— Գալէ՛, տղա՜ս, Պողեէնց միակ ճրագը դուն մնացիր,- ու ձեռքը մեկնելով դէպի Պողէի ու Մոսոյի գտակները՝ — Էնոնց պատիւը դու՛ն պիտի պահպանես:
Գալէի եւ հարսներուն աչքերն արցունքով լեցուեցան: Իսկ Սէյրան գորովոտ ակնարկով մը չափեց տղուն ֆիտան հասակը. կարծես չուզեց նշմարել արցունքը այդ երկու փխրուն էակներուն մէջ, ու անկիւն մը գնաց՝ հաց պատրաստելու:
Այդ գիշեր ճամբորդներ պիտի անցնէին գիւղէն,
Գաղտնի հով մը սահեցավ ցուիքներուն տակէն. անծանօթ շուքեր քսւեցան պատերուն, ու կէս գիշերին բացուեցավ Պողեէնց դուռը: Եօթը յոգնաբեկ ու սպառազէն մարդիկ ինկան թոնտրտուն: Լռութիւն ու խաղաղութիւն կար գիւղին մէջ:
Սէյրան անոնց չարուխները քանդեց, եւ ոտքերը լուաց: Այս անշշուկ մայրական գորովէն ընկճուած՝ անոնք — խօսիլը մոռցած զէնքի մարդիկ — շուարած էին մխիթարանքի խօսքին առջեւ: Իրենց ընկերներու սուգը թարմ էր, մօր վէրքը՝ արիւնոտ:
Աղօտ ձէթէ ճրագի լոյսին տակ՝ անոնք հաց կ’ուտէին, ու ոտքերը կախած թոնիրին մէջ՝ կը տաքնային: Լուռ էին, ու լռութիւնը քարէ ծանրութեամբ կը կշռէր անոնց ուսերուն վրայ:
Վերջապէս…
— Մայրի՛կ, ինչպէ՞ս ես:
— Դու՛ք ողջ մնաք, էնո՛նք ողջ մնան…
Սէյրանի ձեռքը ուղղուած էր դէպի գդակները, հաւատաւոր ու անընկճելի:
Ֆետայիները մօր մը այս անմահութեան հաւատքէն կազդուրուած՝ կրկնակի ուժ զգացին իրենց մէջ, դեռ արշալոյսը չծագած՝ լերան ճամբան բռնելու:
Գաղտնիքը հովի մը պէս արագ, շուքի մը պէս անշօշափելի կու գար ու կ’անցնէր Պողեէնց թոնտրտունէն:
Յաջորդ օրը, Սէյրան, մէջքը ամուր,.շրթունքները սեղմած, կապ մը փայտ շալակը՝ կ’ուղղուէր դէպի քաղաք: Կարգ մը խանութներու առջեւ կը տնտնար,.յետոյ կ’երկննար մինչեւ Հայոց Առաջնորդարան, ու գաղտնի նամակը քարտուղարի ձեռքը սահեցնելէն յետոյ՝ կտոր մը հաց ու պանիր ծրարած գոգնոցին մէջ, մեծ բանտի դարպասին մօտ կը կանգնէր:
Երկրի ընտիր զաւակները հոն հաւաքուած էին շղթայակապ:
Սէյրան՝ կ’ընէր ու չէր ըներ՝ լուր մը կամ երկտող մը անոնց կը հասցնէր, ու անոնցմէ լուր մը կը բռնէր իր բուռին մէջ՝ դուրսի աշխարհին տանելու, որ պիտի երթար արձագանքոլու մինչեւ հեռաւոր լեռները:
Տարիներն այսպէս անցան:
Պողեէնց մեծ օճախը մաշեցաւ գաղտնի ճամբորդներու ոտքերուն տակ: Սէյրանի ծունկերը կթոտեցան առաջնորդարանի եւ բանտի ճամբաներուն վրայ:
Սակայն թոնիրը միշտ վառ մնաց իր անմահ մեռելներու յիշատակին. ու, ամէն երեկոյ, Սէյրան աղոթեց Պողէի եւ Մոսոյի գդակներուն առջեւ՝ լեռները ցրուած իր հերոս զաւակներուն յաջողութեան համար:
Տունը, որ հարիւր տարի մը անընդհատ Պողեէնց օճախը կոչուած էր մեծ պապին անունով, ու շառաւիղէ — շառաւիղ այդ անունը կրողները անթեղւած կրակը կ’արծարծէին՝ յարատեւութեան ի խնդիր, հիմա, շատերու կողմէ Սէյրանենց տուն կը կոչուէր՝ մայրապետական իրաւունք մը տալով այս հաւատաւոր ու անձնուրաց կնոջ, որ գաղտնի յեղափոխութեան ուժը կը մարմնացնէր հետզհետէ մարող օճախին մէջ:

Գ
1904…
Լեռները լեզու եղած էին, ու Ծովասարը կը խօսէր: Տարօնի գիւղաշխարհը հոգեկան հրդեհի մը բռնուած էր: Սասունցի Դաւիթը՝ Ծիրին-Կատարի գլխուն կանգնած՝ հովիւի ձայնով կը պոռար.
- Հե՜յ, ով քնած էք, արթու՛ն կեցէք,
Ով արթուն էք, զէ՛նք վերցուցէք…
Ու ձայնը Մուշի մշուշի մէջէն ալիք կու տար հարիւր-հարիւր գիւղերու պատերուն տակ:
Գետնափոր տուները կը դղրդային, ազատութեան ուրուականը հոգիները կը հրդեհէր, ու արիւնը կ’եռար հողի խաղաղ մշակներու երակներուն մէջ:
Հայոց ներքնաշխարհը կը թնդար:
Մշակը հիմա աւելի սիրով կը մօտենար կատղած գոմէշի մսուրին, ու անոր ականջները քերելէն յետոյ, տաք դողոցով մը կը շօշափէր զէնքերուն գաղտնի պահեստին դուռը, որ անորդունչին առջեւ կը բացուէր՝ իր աչքի լոյս մօսին հրացանը սրբելու համար:
Ուրի՜շ բան էր,.ուրի՜շ բան… Հայ մշակի կեանքը իր առանցքէն դուրս կը դառնար:
Թնդանօթի մուխը նորէն ամպի դէզեր կազմեց բարձր սարերու գագաթին: Աշխարհի չորս կողմերէն «սալավաթ» պոռացողները հաւաքուած՝ եօթը գլխանի վիշապի պէս գալարուած էին Տաւրոսի փէշերուն: Ժողովուրդի աչքը կախուեցաւ ձիւնապատ Ծիրին-Կատարէն, հոգիին մէջ ազատութեան հազար ու մէկ հեքիաթներ հիւսելով:

Հրայրի հուրէ կոչը, թաքստոցէ — թաքստոց անցնելով, Ծովասարէն վար իջաւ Մշոյ մութ ախոռի մէջ: Քօռ Յակոն անկէ երգ հիւսեց ու կանչեց… Ու երգը բերնէ-բերան գիւղերն ու աւանները տարածուեցաւ, հրդեհի պէս արագ, հրդեհի պէս արծարծուն.
Ով որ քաջ է՝ ի՞նչ կը սպասէ,
Արդէն ժամանակն է՝ թող գա՛յ.
Մահ-պատերազմի օրհաս է,
Ով որ անվախ քաջ է՝ թող գա՛յ:
Երկաթէ մարդ, քարէ հոգի…

Եւ քարէ հոգիները յեղափոխական տենդէն կը թրթռային: Մահն ու ազատութիւնը երկու նժարի մէջ հաւասար կը կշռէին:
Արի արանց ոգին յարութիւն առած էր: Մարտահրաւէրը շարժման մէջ դրած էր գիւղական գաղտնի խումբերը: Ուխտեալ երիտասարդները տենդագին պատրաստութեան մէջ էին:
Զէնք ու զրահ, չարուխ ու գուլպայ, ձեռնոց ու գլխու փաթթոց՝ իրենց հոգին անոնց մէջ ծրարած՝ կը սպասէին խմբապետի հրամանին՝ ձիւնը ճեղքելու դէպի Ծովասար:
Զանգուածը լիաթոք կը շնչէր մթնոլորտը: Հայոց Ներքնաշխարհը կը թնդար:
Այդ երեկոյեան մթնշաղը Արգաւանքի փողոցներուն մէջ խորհուրդ մը կը սքողէր: Քանի մը տուներու բաց դուռներուն վրայ կիներ կանգնած էին անշարժ շուքի մը պէս. կարծես անոնց աչքերը պաղած էին հեռացող ճամբորդի մը ետեւէն:
Արգաւանքի խումբը իր վերջին ժողովը կը գումարէր գիւղին անկիւնը կծկուած մարագի մէջ: Այդ գիշեր եօթը անձնուէրներ երկաթէ մարդ, քարէ հօգի պիտի դառնային, ու պիտի երթային մասնակցելու օրհասական կռուին: Գիւղը իր մատաղները կը ղրկէր Ծովասար…
Գալէն դալար երիտասարդ մըն էր, հասունացած Սէյրանի ձեռքին տակ ու Պողէի եւ Մոսոյի գդակներու խորանին առջեւ:
Ան գիւղի ուխտեալներու շարքն անցած էր արդէն, ու այդ երեկոյ, գաղտնի շունչէն տենդահար,.հոգին կը տարուբերէր իր մօր եւ սարի ճանապարհին միջեւ: Սակայն արիւնը կ’եռար անոր սրտին մէջ ու արի էր՝ գնդակին դէմ աչք չթարթելու չափ: Կը զգար, թէ պիտի չկրնար ետ մնալ այն ճանապարհէն, բայց գլուխը այս մտածումներէն կախ՝ հասաւ մարագին դուռը, ուր խմբապետն ու օգնականը կը հսկէին:
Խումբն առանց վարանքի իր վճիռը տուած էր: Պողեէնց տան միակ ճրագը կարելի չէր մարել:
Գալէն նկատի չէին առած անձնուէրներու շարքին մէջ:
— Գալէ՛, տու՛ն գնա, խումբը որոշած է, որ դուն սարը պիտի չելլե՛ս…
— Էդպէս բան կ’եղնի՞, աղբէ՛ր…
Խօսքը կիսատ մնաց: Խմբապետը հրամայական կրկնեց.
— Յեղափոխութեան վճի՛ռն է:
Գալէն վարժուած էր գաղտնի խումբի խիստ կարգապահութեան:
Գլուխը կախեց, քիչ մը երերաց, ուզեց խօսիլ, բայց զգաց, որ աւելորդ է, ու ետ դարձաւ դէպի տուն:
Սէյրանը՝ Պողէի եւ Մոսոյի գդակներուն առջեւ ծնրադիր՝ հոգիով կը ճամբորդէր ձիւնապատ խոր ձորերու մէջէն՝ հաց ու ջուր հասցնելու ֆետայիներու դիրքերը, ուր կարծես թէ պիտի գտնէր իր երկու առիւծները՝ տակաւին յենած իրենց հրացաններուն: Ու սիրտը լայն բացած բոլորին՝ իր մայրական գիրկը կ’առնէր ձիւնին մէջ խրած կտրիճներն ու անոնց ճակատէն կը համբուրէր՝ գնդակներու տարափին տակ:
Այդ վայրկեանին, Սէյրանի հոգին, առանց ուղղակի շոշափումի, ընդհանրական անձնուրացութեան մէջ, կ’ուզէր հաշտուիլ Գալէի մեկնումին հետ:
Գալէի գլխիկոր վերադարձը արթնցուց մայրը իր հեռաւոր երազներէն: Ան ոտքի ելաւ եւ մօտեցաւ իր շուար ու ընկճուած մինուճար տղուն: Իրարու նայեցան լուռ ու մտածումներով ծանրաբեռն: Գալէի աչքերուն մէջ ճառագայթը բերուած էր, հոգին պարտուած ու ամօթէն ակնարկը գետին կախուած մնաց: Իր մօր հարցական նայուածքին մէջ ան նշմարեց Պողէի եւ Մոսոյի աչքերուն փայլը ու կը վախնար գդակներուն կողմը վերցնելու իր ունքերը:
— Գալէ՛, տղա՛ս, ինչո՞ւ շուտ եկար…
Գալէի գլուխը կախ մնաց: Սէյրանի ձայնը կու գար խորունկէն, ալիքով թաթաւուն, կարծես մեծ պապ Պողէի ձայնն էր, որ անդիի աշխարհէն կը հնչէր: Սէյրանի հոգին անդունդներով խաչաձեւուած՝ մայրական կրակը կը թրթռար այս մէկ հատիկ պլպլացող ճառագայթին վրայ, բայց իր էութիւնը շատոնց կտրուած էր առօրեայ շրջապատէն ու կապուած անմահութեան գաղափարին, որ յաւիտենական էր ու կը լեցնէր անոր գորովոտ սիրտը:
Հաւատքը կարծրացած իրողութիւն մը դարձած էր այս կնոջ մէջ, որ կը հաւատար, թէ Պողէն ու Մոսոն սպանուած էին, բայց մեռած չէին, ու անոնց շունչը կը սաւառնէր լեռներուն վրայ, ուր կտրիճները կ’անցնէին արծիւի պէս արագ,.քարի պէս ամուր:
Սէյրանը, առանց խօսքը կրկնելու, շեշտակի նայեցաւ Գալէին: Լքում մը, որ պիտի կրնար արատ բերել անձնուրաց այս յարկին, ներքին յուզումի մատնած էր մայրը:
Պողէի եւ Մոսոյի յիշատակներով օծուն այս թոնտրտունը Սէյրանի համար Լուսաւորչի տաճարէն աւելի սրբազան էր:
Գալէն շշնջաց.
— Անձնուէրներուն մէջ չարձանագրեցին զիս: Խումբի որոշումն է, յեղափոխութեան վճիռն է…
Սէյրանի աչքերը մթնեցան, բայց հոգիին մէջ հպարտութիւն մը խլրտեցաւ իր արի տղուն համար: Ու այս մերժումը՝ բարեմիտ ու ընկերական, վիրաւորանք մը նկատեց Պողեէնց օճախին, իր օճախին:
Ընկերներէն եկած արգահատանքը սիւն մը փլցուց իր սրտէն: Տունը կարծես կքեցաւ գլխուն: Պատերը, գերաններն ու սիւները սեւ սուգը զգացուցին սուր ու խորունկ:
Օճախը կանգուն կը մնար Պողէի եւ Մոսոյի գդակներուն վրայ:
Մօտեցաւ, բռնեց Գալէի ձեռքէն, դպրոցական տղու մը պէս,, զսպուած շրթունքներէն ու սեղմուած ատամներէն հազիւ լսելի ձայնով ըսաւ.
— Քալէ՛, տղա՛ս…

Լուռ ու ծանրացած սրտով անոնք անցան մութ փողոցներէն եւ կեցան մարագին դուռը, ուր պահակը կը սպասէր: Ներսէն ցած ձայներու փսփսուքը կը լսուէր, այնքա՜ն խորհրդաւոր: Մեռելային լռութիւն մը տիրեց ներսը: Բայց պահակը գլուխը ներս խոթեց ու ըսաւ.
— Սէյրանն ու Գալէն են, վտանգ չկայ:
Սէյրանը վճռական քայլերով ներս մտաւ, միշտ Գալէի ձեռքէն բռնած (տղան որքան ալ մեծնայ, մօր համար մանուկ մըն է): Նայեցաւ բոլորին՝ մայրական գութով, ու սրբազան ուխտը իր չորցած սիրտը տաքցուց: Աւիւն կար բոլորի աչքերուն մէջ: Զէնքերը կը փայլէին անոնց առջեւ: Զարմանքը կը խաղար անոնց դէմքին: Իրարու երես կը նայէին:
Լռութիւնը խորհուրդով թանձրացաւ անշուք թաքստոցին մէջ: Սէյրանի շուրթերուն կծկումները շատցան:
— Էդպէս բան կ’եղնի՞, որ դուք կ’ընեք, Պողէի եւ Մոսոյի տան պատիւը փոշի կ’ընէք… Էս օրուան օրը թէ որ մեր տնէն անձնուէր չպիտի երթայ, էլ ինչո՞ւ կ’ապրինք… Էդպէս բան չեղնի՛. տունն իմ գլխուն կը քանդւի:
Յուզումը պատեց բոլորին: Անձնուրացութեան զգացումը տաք ալիք մը տուաւ անոնց սրտին տակ: Մոր մը գերագոյն զոհողութիւնն իրենց երեւակայութենէն անդին կ’անցնէր: Կը ճանչնային Սէյրանը՝ իր յամառ կամքով ու շատ մը գաղտնի գործերուն մէջ ու գիտէին, որ ան աւելի վճռական ձայն ունէր, քան գիւղի խումբը:
Խմբապետը ի զուր թափեց իր պատճառաբանութիւնները, բայց երբեք չկրցաւ ըսել. — «Յեղափոխութեան վճիռն է»:
Բոլորն ալ կը զգային, որ յեղափոխութեան ոգին եկած ու բոյն դրած էր այդ որդեկորոյս մօր սրտին մէջ. — սիրտ մը, ուր տեղ ունէին բոլոր անոնք, որ լեռներն ու ձորերը կը մաշէին ազատութեան ուխտին համար:
Սէյրանի սիրտը լեցուած էր, բայց աչքերը չոր էին եւ շրթունքները յամառօրէն կծկուած:
— Գալէ՛, դու՛ն ալ պատրաստուէ…
Ու խումբը այլեւս Սէյրանի մէկ խօսքը երկուք չըրաւ:
Եօթը անձնուէրներ, կէս գիշերին, համբուրուեցան իրենց ընկերներուն հետ, առին Սէյրանի օրհնէնքը, ու ձիւներուն մէջ նետուեցան այծեամներու պէս:
Գիւղը հպարտ էր: Սրտերն ուռած էին ուրախութեամբ, ու երգը կը հնչէր մուրով սեւցած երդիքներուն տակ.
— Երկաթէ մարդ, քարէ հոգի,
Վրէժխնդիր լինի թուրքին…

Դ
Փոթորիկը ուժգին սաւառնեցաւ Ծովասարի բարձունքներուն վրայ:
Ծիրին-կատարը լռեց ու կոթողի մը պէս մնաց կանգուն: Ժայռի մը տակ Գալէի դիակը մնաց անթաղ: Սեւ գուժը մութ ամպերուն հետ եկաւ ու թանձրացաւ Սէյրանենց օճախին վերեւ: Գիւղը կծկուեցաւ ինքնբիր վրայ եւ սարսափեցաւ այն մեծ սուգէն, որ դարաւոր օճախի մը վերջին կայծն ալ կը մարէր:
Սէյրանը փակուեցաւ թոնտրտուն: Եկող-գացողը լսեց ու լռեց:Ջեռն ի ծնօտ մտածեց, մտածեց…
Բարակ ու խորունկ վիշտով դիտեց հարսները, որոնք շուքի պէս կ ’երեւայինու կը մղկտային Գալէի կորուստը, որ իրենց հին վէրքը կ’ արիւնոտէր: Սէյրանի սիրտը ճմլուեցաւ անբացատրելի ցաւերով, ու կաթիլ մը արցունք իսկ չքամուեցաւ իր աչքերէն, որ սիրտը թեթեւանար: Գիշերուան մութին մէջ, մինչեւ լոյս, ինքնիրեն հետ խօսեցաւ: Դատոց, հոգիով լացաւ,մերազեց, լեռները պտըտեցաւ, վէրքերը կապեց, քրտինքն ու արիւնը սրբեց կռուողներուն ու վիրաւորներուն, սրտապնդուեցաւ ու դարձաւ իր հաւատքին…
Առաւօտ մը, հարսները տեսան Գալէի գդակն ու փուշին կախուած միւսներուն քով, որոնք երեք փոքրիկ խորաններ կը կազմէին այս հաւատաւոր մոր սրտին համար:
Սէյրան դուրս եկաւ տունէն իր սուգի ծանրութեամբ, բայց անձնուէր ու բոլորանուէր իր սիրտը բացաւ անոնց, որ վիշտ ունէին: Մխիթարեց այն մայրերն ու հարսները, որ թափառական կտրիճ մը ունէին:
— Էնո՛նք ողջ մնան, մեր չորցած արիւն էնոնց ճամբի՛ն ղուրպան:
Ու այս մխիթարանքին մէջ Սէյրան կը գտնէր իր մխիթարութիւնն ալ, որովհետեւ երբ «ԷՆՈՆՔ» կ’ըսէր, թոնտրտունէն կախուած երեք գդակները ֆետայի կը դառնային, ու ինք կը տեսնէր Պողէի, Մոսոյի եւ Գալէի թիկնեղ հասակները, որ Ծովասարէն կ’անցնէին՝ սուր ու զրահ հագած:
Սէյրան դուրս եկաւ նորէն՝ առաջնորդարանի եւ բանտի ճամբան մաշելու:
Լուռ էր քարի պէս, ու հոգին ամուր՝ երկաթի պէս, որ ալ դալար բան մը չունի:
Պողեէնց շէն տունը մտաւ իր շուքը: Գութնվարը ուրիշներուն անցաւ: Մնացած արտերը դրացիները կիսրար վարեցին ու ցանեցին: Եզները դատարկուեցան մեծ ախոռէն, ու քանի մը կթան միայն մնացին՝ չորցած օճախը թրջելու համար:
Փոքր հարսը չդիմացաւ այս բոլորին, հրաման առաւ ու անցաւ հերանց տունը: Սէյրան իր սիրտը սեղմեց ու գլխու շարժումով հաւանութիւն տուաւ, բայց հարսի մեկնումը ջաղացի քարի պէս ծանրացաւ սրտին, ու աշխարհը փուճ երեւցաւ իր աչքին: Այս մէկը վէրքի պէս բանեցաւ, զոր չկրցաւ մոռնալ մինչեւ իր մահը:
Մեծ հարսը կապուեցաւ Սէյրանի շուքին, իր երիտասարդութիւնը թոռմեցուց այս սգաւոր պատերէն ներս, եւ մօր հետ միասին, երկու մոմերու պէս վառեցան ու հալեցան գդակներու խորանին առջեւ՝ անմահութեան հաւատքով մխիթարուած:
Ֆետայիները՝ հալածանքի օրերուն, հինգ ու տասով իրենց քայլերը Սէյրանենց տան կողմը ուղղեցին, կէս գիշերին դուռը հրեցին կամացուկ մը ու ներս մտան, ինչպէս պիտի ընէին ապահով քարանձաւի մը առջեւ: Երեք հերոսներու յիշատակը, մանաւանդ Սէյրանի ներկայութիւնը Պողեէնց տունը դարձուցած էին յեղափոխութեան անդաւաճան բերդ մը, ուր իրենց կեանքէն ձեռք քաշողները կրնային օր մը քնանալ՝ առանց սրտադողի:

Ֆետայիները իրենց խխում մարմինները կը չորցնէին մշտավառ թոնիրին վրայ. ու Սէյրան հազար կտոր կ’ըլլար՝ իր գուրգուրանքը շռայլելու այս արի զաւակներուն, որոնց կարօտովն ու երազովը կ’անցնէր ամէն գիշեր,
Իւղի ճրագի հանդարտ ու աղօտ լոյսին տակ,.երբ պարտադած ֆետայիները թոնիրին շուրջ կը բոլորէին՝ թարմ հաց ու թթուէ ապուր ուտելու, օճախին ողբերգութիւնը կը համակէր այս քարէ մարդիկը, որոնք սիրտ կ’ընէին հարցնելու.
— Մայրի՛կ, ինչպէ՞ս ես:
— Դու՛ք ողջ ըլլաք…
Այս ջերմ սրտանց պատասխանէն ետք, շրթունքները կը կծկուէին՝ սրտին ալիքը զսպելու համար. ունքերը կը վերցնէր դէպի գդակներու շարանը ու հոգու խորէն, հաւատաւոր՝ կ’աւելցունէր.
— Էնո՛նք ողջ մնան… Դու՛ք ողջ մնաք:
Կրօնական լռութիւն մը կ’իջնէր բոլորին վրայ»…

…«Երերացող թոնտրտունը կանգուն կը մնար իր երեք զաւակներու նուիրական յիշատակով:
Ան կառչած մնաց յիշատակներուն, ու աչքերը ջուր կտրեցան անմահներուն սպասելէն:
Զ
Այդ կիրակին Արգավանքը եռուզեռի մէջ էր: Գիւղը կորսնցուցած էր իր միապաղաղ հանդարտութիւնը: Ու մարդիկ կը շարժէին աւելի արագ, խոսակցութիւնները կ’ընթանային բարձրաձայն ու առոյգ, սովորական լռութեան փոխարէն:
Դպրոցներու ընդհանուր տեսուչը, առաջին անգամ ըլլալով, պիտի այցելէր Արգավանք,.ու անոր այցելութիւնը կրկնակի նշանակութիւն ունէր այս աշխատաւոր բազմութեան աչքին, որ բերնէ — բերան լսած էր, թէ նոր տեսուչը յեղափոխութեան հիմնադիրն ու առաքեալն է միեւնոյն ժամանակ:, հին օրերու անձնազոհութեան տիպարը, բոլոր յեղափոխականներու մեծը, ու պաշտամունքի առարկան: Տեսուչը հեռու հորիզոններէն անցած-եկած էր լոյս ու ոգի սփռելու Սահակի եւ Մաշտոցի հնադարեան լուսատու օրրանին մէջ:
Ու գիւղը, որ արտակարգ պատահարի մը կը սպասէ, տարին անգամ մը դուրս պոռթկալու իր անշարժ ու լուռ կեանքէն, հեղեղատի խառնուրդով մը իրարու վրայ կը կուտակուէր՝ բռնելով գիւղի վարի փողոցներն ու տանիքները, եւ գոյնզգոյն ողկոյզներ կազմած՝ կը հակէր դէպի դիմացի ճանապարհը, որ քաղաք կը տանէր:
Հազուադէպ այդ կարճ պահուն միայն, գիւղացին կը մոռնար արտն ու ափը, արօրն ու մանգաղը, որպէսզի, քիչ յետոյ, հազիւ իր հետաքրքրութիւնը գոհացած, կը դառնար առօրեայ կեանքին, հողին պէս հանդարտ, եզի պէս համբերատար, ճակատագրապաշտ յաւիտենականութիւն մը իր դէմքին:
Յեղափոխութեան առաքեալը պիտի գայ…
Լուրը, որ թոնիրէ — թոնիր կրակի պէս արագ անցած էր գիւղի շրջանն ընելով, Սէյրանենց ծածքին տակ կ’արձանագրէր միայն յեղափոխութեան ներկայացուցչի տիտղոսով,.տեսուչը մոռացութեան տրւած: Ամէն մէկն իր հոգու հետաքրքրութեան գոհացում տալու ձեւով կ’ընբռնէր այս գալուստը: Երէցն ու երէցփոխները, գիւղապետն ու վարժապետը, տեսուչը կ’ուզէին դիմաւորել, սպիտակ երես երեւալու անոր առջեւ՝ դպրոցին նպաստ մը ապահովելու համար:
Գիւղի կոմիտէն ու խմբապետները յեղափոխութեան ներկայացուցիչին կ’ուզէին ներկայանալ իրենց ամբողջ կազմի ցուցադրումով: Համեստութեան մէջ կծկուած հին ընկերները աղօտ լոյս մը կը սնուցանէին՝ անցեալ օրերու յեղափոխական առաքեալ մը դիմաւորելու, պարզ ու անեղծ, գաղափարական ու աննկուն ղեկավարը:
Գեղական մնացած բազմութեան համար եկողը ազգին մեծն էր, բոլոր տեսակի հանգամանքներով օժտուած, ու «ազգ» բառը յեղափոխութեան իմաստն ունէր այս բազմութեան քով:

Տեսուչը ճամբայ ելած էր քաղաքէն: Ոտքով կ’անցնէր գիւղերէն, յենած հովուական գաւազանի մը: Հագուած էր պարզ ու անխնամ: Ուսէն կախուած էր կաշիէ պայուսակ մը, ուր զետեղուած էին իր նօթատետրերը եւ կտոր մը հաց: Ալեխառն մօրուքն ու մազերը հովին տուած՝ կ’անցնէր ծաղկած անդաստաններէն:
Պայծառ էր անոր լայն ճակատը, ու դէմքին վրայ անուշ եւ առինքնող ժպիտ մը կար: Խորունկ ու երազուն խորհուրդ մը կը փայլէր անոր ճառագայթող աչքերուն մէջ: Ան,.տաք ու համատարած շունչի մը պէս՝ կը բացուէր իր շրջապատին, կ’ընդգրկէր հողն ու գիւղացին, մարդն ու բնութիւնը: Անոր տեսքէն կ’արտացոլար համակ նուիրում մը, կարծէս թէ լեռներէն նոր իջած հինաւուրց ճգնաւոր մըն էր, որուն լռութենէն իմաստութիւնն ու բարութիւնը կը կաթկթէին:
Տեսուչը եկած էր գեղածիծաղ ու փարթամ մայրաքաղաքներէն, փառքի ոստայններէն, ուր օրաթերթերը խոշոր տառերով կ’արձանագրէին ճառախօսներու անուները, ուր փառասիրութեան պատուանդանները շարուած էին բաց կրկէսի մը մէջ, ուր մարդիկ խանդավառութիւնը կը շփոթէին մեծ յաղթանակներուն հետ: Կեանքի բոլոր հաճոյքներէն ինքնակամ հրաժարած՝ միշտ խուսափած էր շողշողուն փառքերէն,.իր շուքին պէս,.առանց կարենալ դարպասելու աչքերուն մէջ,.հոգին միշտ խռովեալ,.չարքաշ ու լուռ բազմութիւններուն խառնուեցաւ ու տոգորուեցաւ անոնց խորունկ ու անչափելի յոյզերով:
Յեղափոխութեան հիմնադիրը տխրութեամբ համակուեցաւ այս փառատենչիկ մթնոլորտէն, խարանեց մեծամիտները,.շանթեր տեղաց անբարեխիղճներուն գլխուն, բարոյական սարսափը դարձաւ բոլոր մեծամեծներուն ու պահ մը տարակոյսը համակեց այս ամուր հոգին: Չդիմանալով այս խելակորոյս ինքնուրացումներուն, օր մը ձգեց Պոլիսը, որ հրդեհուած էր ճառերէն,մու բռնեց Տարօն աշխարհի ճանապարհը՝ հոն լուռ ու քարացած սրտերուն հետ եղբայրանալու, աշխատաւորներու քրտինքի հոտը առնելու եւ այդ հողին ու ժայռերուն վրայ արիւնով արձանագրուած անանուն հերոսներու պատմութիւնը կարդալու համար:

Հոդ, ուր տասնհինգ դարեր լեզու առած՝ իրեն կը խօսէին քանդուած բերդերէն, վանքերու գմբեթներէն, ճեղքուած ժայռերէն,.ան գտաւ լուռ ու երկաթէ ժողովուրդ մը՝ արօրին վրայ հակած, բայց երբեմն Թուր-Կէծակին բռնող, վէրքերով լի, բայց՝ արի, կեղէքուած, բայց՝ հպարտ, անանուն, բայց՝ իմաստուն ու անձնուրաց:
Եւ սիրեց իր հաւատքը՝ իր իսկ ձեռքով հիմնուած յեղափոխութեան մասին: Յեղափոխութեան հիմնադիրը իր մեծ գործի իսկական տաճարը գտաւ այդ երկրին մէջ ու սփոփանքով մօտեցաւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց հոգիին մէջ անթեղուած կը պահէին հաւատքը սրբազան ուխտին:
Գիշեր ու ցերեկ, հովուական ցուպ մը ձեռքը, պտըտեցաւ լեռ ու դաշտ, լսեց ու արձանագրեց անցած օրերու հաւատացեալներու խաչելութիւնն ու մարտիրոսութիւնը, ծանօթացաւ գաղտնի գործին բոլոր ծալքերուն, անուանացանկը պատրաստեց բոլոր այն լուռ մարդոց, որոնք խաւարին մէջէն քալեցին՝ իրենց հոգու ճրագովը լուսաւորուած, ընտանեցաւ ու ընկերացաւ անոնց, որոնց մասին թերթերը չէին գրած, բեմերէն անոնց անուները չէին հնչած, որոնք սակայն Հայ կեանքի աղը կը կազմէին, — յեղափոխութեան բարոյական շէնքը անոնց ուսերուն վրայ կը բարձրանար:
Առաքեալը մօտեցաւ այս բոլորին հին ու ծանօթ ընկերոջ մը պէս, խօսեցաւ անոնց հետ առանց նախաբանի, կարծես տարիներ առաջ կիսատ մնացած խոսակցութիւն մը շարունակելու համար:
Մեծերու եւ հզորներու պատուանդանը ճարճատեցաւ: Բարոյական խորշակ մը դպաւ անոնց դէմքին: Առաջնորդներու, վանահայրերու եւ անուանի մարդոց քունը փախաւ: Ու անոնք շուարեցան այս անպաշտօն կոչեցեալի խարազանէն, որ եկած էր յեղափոխութեան սրբազան տաճարը մաքրելու փարիսեցիներէն…
Առաքեալը այդ օր Արգաւանքի ճամբան բռնած էր հին խոհերով եւ յոյզերով առլցուն, ու գինովցած յուռթի դաշտի կենսալիր խորհուրդէն, իրեն ընկերացող ուսուցչին կը խօսէր հողէն ու գիւղէն, ապագայ կարելիութիւններէն: Ան գիտուն էր, ու միեւնոյն ժամանակ ներշնչեալ հաւատաւոր մը:
Արգավանքը պարզուած էր դիմացը: Գիւղին տակ ճամբան եկած ու մխուած էր աթարի սեւ դէզերուն, ու մոխրագոյն երկար սաւանի մը պէս կը սարսռար բաց դաշտին մէջ: Տեսուչը պահ մը կանգ առաւ,.շրջապատը ընդգրկեց, խորունկ շունչ քաշեց: Յիշատակ մը՝ հին երազի պէս, անոր խոհուն աչքերուն մէջ խաղաց: Իրեն ծանօթ, մշատ ծանօթ անցած-գացած ողբերգութիւն մը,.աւելի թարմ, աւելի շօշափելի, ողողեց անոր սիրտը:
Խորին լռութիւն մը իջաւ անոնց վրայ: Ու անոնք յոգնած ուխտաւորներուն պէս մօտեցան գիւղին:
Գիւղն իր հասակի կարգով,.պաշտօնական դիրքով ճամբուն բերանը բռնած է:
Իրարանցում, հարցական նայուածքներ:
— Ա՞ն է, ան չէ՞…
Տարակուսանք, շարժում, հիասթափութիւն:
Ոչ ձիաւոր, ոչ շուք: Բայց եկողը իր պարզութեան մէջ անանուն պատկառանք մը շալկած կը թուի: Գիւղացիները պահ մը ճգնաւորներու պարզութեան վրայ կը մտածեն: Վերջապէս, գիւղի վարժապետը կը ճանչնայ:
— Տեսու՛չն է, այո՛, այո՛, ա՛ն է:

Գիւղապետի, խմբապետի եւ վարժապետի ոտքերը իրարու կը խառնւին:
— Բարո՛վ, հազա՛ր բարով, մեր գլխուն, մեր աչքին:
— Բարեւ…
Ու ժողովուրդը անոնց ետեւ եւ ցուիքներու վրայ խռնուած՝ տակաւին հեռուն կը նայի, ձիաւորներու երեւումը դիմաւորելու համար:
— Հրամեցէ՛ք, հրամեցէ՛ք:
Իրարու բերնէն խօսք կ’առնեն գիւղի մեծերը: Տեսուչը՝ հենած իր ցուպին, բարի, շատ բարի կը նայի անոնց, բայց կը մտածէ:
— Սէյրանենց տունը կ’ուզիմ հանդիպիլ:
— Պարո՛ն տեսուչ, երթա՛նք, հանգստացէ՛ք, յետոյ…
Գիւղն ու տեսուչը իրար չեն ըմբռներ:
Երկու հին ֆետայիներ՝ ծակծկուած տրեխներով ու հողոտ կուրծքով, կը մօտենան: Անոնց աչքերուն մէջ կայծ կայ, ու դէմքին վրայ՝ սրտաշարժ ուրախութիւն:
Հի՜ն, հի՜ն օրերու ոգին արթնցած էր անոնց մէջ՝ իրենց կորսուած ընկերներու վերյիշումով.
— Երթա՛նք, ընկե՛ր տեսուչ… Երթա՛նք Պողեէնց տունը, էնոնք մեր հին ընկերներն էին…
Առաքեալն առանց խօսքի անոնց ընկերացաւ: Գիւղին մեծերը պաշտօնական կարգը պահեցին, եւ հոսանքը արժանապատուութեամբ թեքուեցաւ ու հետեւեցաւ անոնց: Դաժան օրերու յիշատակները հասուն մարդոց շրթունքներուն վրայ դողացին: Գիւղը կարծես թէ նոր կ’արթննար Սահմանադրութեան գինովութենէն, կոտրտած մարմնով, մտածկոտ:
Մեկը հին ընկերներէն վազեց Սէյրանին լուր տալու: Սէյրանը կանգնած էր դուռը, գեղական զանգուածէն հեռու, բայց հոգիով անոնց հետ ու սրտի հեւքոտ բաբախումով կը սպասէր անոր, որ պիտի գար Ծովասարէն:
Ու ահա, վարի փողոցէն անշուք մէկը կը բարձրանար, գթոտ ու խօսուն ժպիտ մը դէմքին, հին ու ծանօթ շունչ մը բերելով իրեն հետ, ու գիղը երերալով՝ անոր կը հետեւէր: Սէյրանի աչքին պատկերացաւ Հրայրը, որ տասը տարի առաջ, օր մը արիւնոտ օրերէն, այսպէս անշուք, այսպէս առաքելական, տրեխներ հագած՝ աշխոյժ քայլերով վեր կը բարձրանար դէպի Պողեէնց շէն օճախը:
Երկար սպասումի եւ յուսալքումի տարիներէն յետոյ, այս գալուստը հրաշքի մը պէս բացուեցաւ Սէյրանի հոգուն մէջ: Իր պաշտած անձնուրացներու վերադարձը կը տեսնէր իր աչքերով, ու անոնց հետ՝ իր երեք կտրիճ զաւակներուն դալար հասակները կը լեցնէին Պողեէնց շեմքը:
Սէյրանը մոռցաւ տարիներու անյատակ վիշտը, լեռներուն մէջ կորսուած զաւակները գտնելու ուրախութիւնն ալիք տուաւ մայրական չորցած երակներէն, եւ յուզումը տաք հեղեղատի մը պէս բարձրացաւ դէպի անոր դէմքը: Լուռ ու անշարժ արձանի մը պէս՝ ան կը դիտէր իրեն մօտեցող ճամբորդը:
Արցունքները կայլակ առ կայլակ վար կը թափէին անոր տասը տարիէ ի վեր ցամքած աչքերէն, ու արցունքի ակօսները երկուքի կը բաժնէին երջանկութեան ժպիտը, որ կը դողդղար գունատ դէմքին վրայ:

Յեղափոխութեան հիմնադիրն ու Սէյրանը իրար դիմաւորեցին հին ծանօթներու եւ գործակից ընկերներու պէս:
Անցեալը վարագոյր չունէր անոնց համար, ու ժամանակը կը մնար անցեալ օրերու սլաքին վրայ: Անոնք լուռ էին, բայց անոնց հոգին յիշատակներով բռնկած էր:
— Բարո՛վ եկար, վըր իմ աչքի՛ն եկար, ղուրբա՛ն քու եկած ճամբին…
Տեսուչը անկարելի յուզումով, գորովալից շարժում մը միայն կրցաւ ընել:
Տեղաւորուեցան թոնտրտուն: Եկող-գացող հին յեղափոխականները Պողեէնց օճախի աղն ու հացը կտրած էին:
Տեսուչը զմայլանքով կը դիտէր Սէյրանի դէմքը, ուր անկարելի ողբերգութիւն մը արձանագրուած էր: Երկու ֆետայիները՝ իրենց ծնողքը գռած որբուկներու ուրախութեամբ համակուած, սեղմուած էին մեծ ընկերոջ քովը, կարելի է ըսել՝ մտած էին անոր թեւերուն տակ, մտերիմ ու գուրգուրալից:Անոնք այդ օրը յաղթանակ մը տանողի հոգեբանութիւնը ունէին. խօսքը անոնց կը պատկանէր: Գիւղական երեւելիները շարուած էին պատերուն երկայնքով, լուռ ու սպասող:
Թոնտրտունը՝ աղօթատեղիի մը պէս խորհրդաւոր, կարծէս իր չորս պատերուն մէջ ամփոփուած ողբերգութեան մասին կը խօսէր բոլորին:
Սէյրանի աչքերէն արցունքներ կը հոսէին ինքնաբեր:
Ան լուռ էր ու հանդարտ եւ դէմքին վրայ երջանկութեան գունատ ժպիտ մը կը բեկբեկէր:
Հարսը կեցած էր սիւնին քով, սիւնին պէս անշարժ, ճնկենի դէմքով:
Ֆետայիները, գրեթէ անլսելի շշուկով, յեղափոխութեան վարիչին պատմեցին կորսուած ընկերներու պատմութիւնը: Սէյրանէն աննշմարելի՝ անոնք ցոյց տուին պատէն կախուած գդակները, որոնք այս տունը յեղափոխական պանթէօնի մը վերածած էին:
Առաքեալը անհուն տխրութեամբ համակուեցաւ: Պողեէնց տան ողբերգութիւնը եւ այս որդեկորոյս մօր հաւատքը կը մեծնային — անպարագիծ ըլլալու աստիճան — առաքեալի աչքին չ, յեղափոխութեան կարծրութիւնը իր ամբողջ ծանրութեամբ կը ներկայանար այդ անողոք շարժման հիմնադիրին, ու ան, այս անպատում վշտին դիմաց շուարած կը մնար՝ չգտնելով մխիթարանքի եւ սփոփման խօսք մը ուղղելու մօր մը, որ առանց զգետնուելու կաղնիի պէս դիմացած էր ահռելի փոթորկներուն:
Այդ դառն ու մրրկող իրականութենէն ընկճուած ու անճրկած՝ ան բնազդօրէն կ’ապաւիներ սովորական արտայայտութեան.
— Ինչպէ՞ս ես, մայրի՛կ…
Սակայն սովորական հարցումը, որ տրուած էր առանց պատասխան մը ստանալու ակնկալութեան, կը հնչէր խոր, շատ խոր Սէյրանի սրտէն ներս, ու ան գորովով ու նուիրումով լեցուն, պայծառ ու հաւատաւոր դէմքով կը պատասխանէր.
— Դու՛ք ողջ մնաք… Էնո՛նք ողջ մնան…
Սէյրանի ձեռքն ու աչքերը կարկառած կը մնային դէպի Պողէի, Մոսոյի եւ Գալէի գդակները, ու դէմքը օծուն էր հրաշալի տեսիլքով մը:
Սարսուռ մը անցաւ բոլորի մարմնէն:
Յեղափոխութեան առաքեալը իր հիմնած մեծ գործին աւանդատունը մարմնացած տեսաւ այս կնոջ մէջ: Երկիւղած հոգիով նայեցաւ Սէյրանին, նայեցաւ Անմահներու տաճարին, խոնարհեցաւ ու մեծ յուզումով համբուրեց մայրիկին ձեռքը:
Լռութիւնը բոլորի հոգիին մէջ պատարագի կանգնած էր: Յեղափոխական հին ոգին Պողեէնց առաստաղին տակ կը մխար՝ խունկի բուրմունքով: Ու հովերը՝ հազար թեւանի, մթնոլորտին մէջ խտացած բարոյական շունչը առած՝ կը տանէին հեռաւոր գիւղերն ու աւանները:
Անմահութեան գաղափարը յարութիւն առած՝ դարձեալ պտըտեցաւ Տարօնի Աշխարհին մէջ՝ ուրուականի պէս:
Սէյրանը այդ երեկոյ երկար կեցաւ տան շեմքին եւ նայեցաւ բարձր սարերուն: Երբ մթնշաղը իջաւ եւ թանձրացաւ Արգաւանքի կտուրներուն, ան վերադարձաւ թոնտրտուն եւ հարսին պատմեց, թէ իր աչքերով տեսաւ Պողէն, Մոսոն եւ Գալէն, որոնք ժայռերու պէս իրարու թիկունք տուած՝ Ծովասարի զառիթափներէն կ’անցնէին սպառազէն…
Կ. ՍԱՍՈՒՆԻ
«ԼԵՌՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ» («Էնոնք ողջ մնան», «ԲԱԳԻՆ» ամսագիր, 1977, թիւ 11, Պէյրութ)

Կարօ Սասունիի լուսանկարներից


