«ՅԻՍՈՒՍ ՆԱԶՈՎՐԵՑԻ» (Մ. ՏԷՐՊԷՏԷՐԵԱՆ)

«Հայրենիք» ամսագրի 1929 թվականի ապրիլի համարում հրապարակվել է Մ. Տէրպէտէրեանի՝ «Յիսուս Նազովրեցի» հոդվածը, որը ներկայացնում ենք ստորև:

ԱՆՎԵՐԱՊԱՀՕՐԷՆ կարելի է յայտարարել, թէ քրիստոնէութիւնը մեծագոյն յեղաշրջումն է պատմութեան: Աշխարհի տարածութեան մօտաւորապէս կէսին վրայ քաղաքակիրթ մարդկութեան մէկ երրորդը կ’աշխատի
այսօր քրիստոնեայ դրօշակի տակ եւ քրիստոնեայ ազգերու ձեռքին մէջն է ցարդ մարդկային յառաջդիմութեան ղեկը: Ճիշդ է, եգիպտական, յունական եւ հռովմէական քաղաքակրթութիւններն իրենց մեծ մարդերով եւ մեծ գործերով մինչեւ այսօր կ’իշխեն աշխարհի մտաւորականութեան, բայց Յիսուսի անունով է, որ պատմութիւնն արձանագրած է արեւմտեան քաղաքակրթութեան մեծագոյն դէպքերը մօտ երկու հազար տարիներէ ի վեր:
Բուդդա եւ Մուհամմէդ ալ պատմութեան մէջ թողած են անջնջելի հետքեր, եւ ցայժմ մօտ մէկ միլիառ մարդիկ կ’առաջնորդուին անոնց պատուէրներով ու օրէնքներով, բայց Յիսուս մեծագոյն դէմքն է արեւմտեան աշխարհին:
Ան է, որ կը յաջորդէ Յուլիոս Կեսարին իբր աշխարհի վեհապետ. բիւզանդական դրամներու վրայ Յիսուսի ճաճանչաւոր պատկերը կը նկատուի կայսեր դէմքին փոխարէն: Անոր անուամբը կը փոխանցուին կայսրութիւններն ու վեհապետական իրաւունքները մէկ գահակալէն՝ միւսին: Հռովմէն եւ Բիւզանդիոնէն ան կ’անցնի ամբողջ Եւրոպային, եւ ամէն իշխանութիւններ անկէ կը բխին՝ անոր վերադառնալու համար. Յայտնութեան մարգարէութիւնը կ’իրականանայ լիովին:

Ո՞վ էր Յիսուս Քրիստոս:
Ըստ Աւետարաններու վկայութեան՝ Յիսուս Աստուծոյ որդին էր, որ մարմին առաւ Մարիամ կոչուած կոյս հրէուհիէ մը. ծնաւ իբր մարդ Բեթլեհէմի մսուրին մէջ. քարոզեց քրիստոնէական կրօնը. Պիղատոսի հրամանաւ խաչուեցաւ երեսնամեայ հասակին մէջ. թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ ու մարդկային մարմնով համբարձաւ երկինք իր հօր՝ Աստուծոյ մօտ:
Յիսուս, ուրեմն, միեւնոյն ժամանակ թէ՛ մարդ է եւ թէ՛ Աստուած, եւ այդ երկու բնութիւնները միացած են իրարու անիմանալի եւ, հետեւաբար, անբացատրելի կերպով:
Այս հաւատքը, որ մօտ երկու հազար տարիներէ ի վեր կը տիրէ քրիստոնեաներու ջախջախիչ մեծամասնութեան մէջ, գիտական ոչ մի հիմք ունի, բնականաբար: Կրօնական յայտնութիւն մըն է, այսինքն՝ Աստուծմէ յայտնւած ճշմարտութիւն մը, որուն պէտք է հաւատալ առանց քննադատութեան կամ երկմտանքի՝ Աստուծոյ արքայութեան արժանանալու համար:
Մարիամ յղացած է առանց ամուսնի. Յիսուս յարութիւն տուած է մեռեալներու, եւ ինքն ալ յարութիւն առած է խաչուելէ եւ թաղուելէ յետոյ… Ասոնք հրաշքներ են, որ կարելի չէ փորձով ապացուցանել, ինչպէս կարելի է, օրինակ, գործիքներով փորձել ջուրին թթուածինէ եւ ջրածինէ բաղկացած ըլլալը:
Պէտք է հաւատալ, թէ այդպէս է: Հաւատքը առաքինութիւն մըն է, որ Աստուած կը պարգեւէ իր ընտրեալներուն: Երանի անոնց, որոնց տրուած է այդ առաքինութիւնը, բայց հաւատքը պատմութենէն դուրս է. ան կրնայ գոհանալ խորհուրդներով, որոնց պէտք ունի:
Բայց քրիստոնէութեան ծագման շրջանը եւ Յիսուսի պատմականութիւնը, այսինքն՝ իրապէս ապրած ըլլալը կամ ոչ, գիտութեան կը պատկանին: Եկեղեցին պատրաստած է այդ պատմութիւնն իր նպատակներուն եւ իր շահերուն համեմատ: Քննական պատմութեան պարտքն է ստուգել, թէ իրօք այնպէ՞ս է, ինչպէս որ ցոյց տրուած է:
Երանի, կ’ըսեմ, հաւատացեալներուն, որովհետեւ երջանկութիւն է արդարեւ առանց դէպքերու եւ երեւոյթներու «ինչո՞ւ»-ն եւ «ինչպէ՞ս»-ը փնտռելու՝ հանդարտօրէն ապրիլը: Բայց եթէ փափաքելի իսկ ըլլայ, կարելի՞ է այդ, մանաւանդ այնպիսի դարու մը, երբ գիտութիւնն հսկայաբար կը յառաջանայ ամէն մարզերու մէջ:

Դիւրահաւանութենէն եւ սնոտիապաշտութենէն զատ ոեւէ փաստ գոյութիւն չունի եւ չի կրնար ունենալ Յիսուսի անապական ծնունդը եւ գերբնական յարութիւնն ու աստուածութիւնը ապացուցող…
Եւ առանց հակաքրիստոնէական կամ հակակրօնական պրոպագանդի ոեւէ նպատակ ունենալու՝ կը փափաքիմ, որ մեր մտաւորական երիտասարդութիւնն ալ գիտնայ, թէ ի՞նչ կը խորհին Յիսուսի նկատմամբ ժամանակակից պատմական քննադատները եւ թէ ի՞նչ է տիրող կարծիքը Յիսուսի պատմականութեան մասին:
Ով որ կը կարծէ, թէ ճշմարտութիւն մը գիտէ, անոր ոչ միայն իրաւունքն, այլ եւ պարտականութիւնն է հաղորդել զայն իր նմաններուն:
«Գաղափարներու բախումէն է, որ կը ժայթքի լոյսը»,- կ’ըսէ ժողովուրդներու իմաստութիւնը:
Ոեւէ թիւրիմացութեան տեղի չտալու համար, սակայն, պէտք է նախապէս ըսեմ, թէ մերժել Յիսուսի աստուածութիւնը կամ պատմականութիւնը չի նշանակեր մերժել Աստուծոյ գոյութիւնը: Կարելի է անկեղծ աստուածապաշտ մը ըլլալ առանց Յիսուսի աստուածութեան հաւատալու:
Այս յօդուածի նիւթը Յիսուս Նազովրեցին է եւ ոչ թէ արարիչ-Աստուածը:
Սխալ է, անշուշտ, հակակրօնական պրոպագանդ ընել անհրաժեշտ գիտական եւ բարոյական պաշարը չունեցողներու: Կրօնքը սանձ մըն է բնազդաբար գործող տգէտ ռամիկին համար:
Հաւատքը ճրագ մըն է խաւարին եւ անստուգութեան մէջ խարխափող յուսահատին համար, եւ ով որ կը փափաքի խլել անոր ձեռքէն այդ ճրագը՝ պարտականութիւն ունի զայն առաջնորդելու: Յափշտակել այդ ճրագն առանց համազօր առաջնորդով մը զայն փոխարինելու՝ կը նշանակէ մոլորեցնել յուսահատ ռամիկը խաւարին մէջ եւ կորուստի դատապարտել զայն:
Կարելի է, անշուշտ, առարկել, թէ կրօնքի սանձը բաւական զօրաւոր չէ, եւ թէ մարդասպաններ ու չարագործներ կը շարունակեն իրենց սխրագործութիւնները անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր՝ այժմ առաւել, քան երբեք:
Անտարակո՛յս: Բայց մարդկութիւնը բաղկացած չէ միայն դժոխքը, կախաղաններն ու բանտի տանջանքներն առ ոչինչ համարող կատաղի անբաններէ: Կան եւ անհամար թուով պարկեշտ մարդիկ, որոնց համար կրօնքի բարոյական սանձը շատ աւելի զօրաւոր է, քան ուրիշ ոեւէ զսպողական ոյժ: Մարտիրոսներու ահագին բազմութիւնը վկայ է այդ զգացումներուն:
Այս յօդուածն անոնց համար է, որ ունին բաւականաչափ բարոյական ոյժ եւ գիտակցութիւն՝ չարիքէ ետ կենալու՝ ոչ թէ ոեւէ ձեւով պատիժէ խուսափելու համար, այլ իբր օգտակար եւ համերաշխ անդամ մը համամարդկային ընտանիքին, եւ բարիք ընելու՝ ո՜չ թէ ոեւէ երկրային կամ երկնային վարձատրութեան արժանանալու համար, այլ ուղղակի բարիքի սիրոյն, այսինքն՝ բարերարութեան պարգեւած անձնական գերագոյն եւ անփոխարինելի հաճոյքի՜ն համար:

Այս յօդուածն անոնց համար է, որ առանց նախապաշարման կամ կանխակալ կարծիքի, առանց կիրքի կամ ատելութեան, բաւականաչափ բարեմտութիւն եւ քաջասրտութիւն ունին անկողմնակալ ու անաչառ կերպով ուսումնասիրելու ոեւէ խնդիր եւ իրենց կազմած գաղափարն անվերապահօրէն արտայայտելու:
Բոլոր կրօնքներն ալ խաղացած են իրենց մեծ եւ յաճախ կարեւոր դերը մարդկային պատմութեան մէջ, եւ անվայել է ոեւէ զարգացած մարդու ծաղրել զանոնք կամ անպատկառ վերաբերում ունենալ անոնց հանդէպ: Յարգական վերաբերումը, սակայն, պէտք չէ արգիլէ ոեւէ պարկեշտ մարդ՝ ազատօրէն ուսումնասիրելու, առանց չափազանցութեան կամ մեղմացման եւ, նամանաւանդ, առանց դաւանամոլութեան:
Այսօրուայ փաստաթղթերու տուեալները բաւական չեն Յիսուսի գոյութիւնն ապացուցանելու իբր պատմական անձ: Եթէ, սակայն, վաղը կարելի ըլլայ հակառակն ապացուցանել, անմիջապէս պէտք է կարողանանք տեղի տալ զօրաւորագոյն փաստին առջեւ: Այսօրուան ճշմարտութիւնը վաղը կրնայ կեղծիք յայտարարուիլ եւ այսօրուան կեղծիքը՝ վաղուան ճշմարտութիւնն ըլլալ:
Ոմանք կ’ըսեն, թէ կարեւորութիւն չունի Յիսուսի գոյութիւն ունենալը կամ չունենալը: Խնդիրը քրիստոնէութեան գոյութիւնն է, որ փաստ է երկու հազար տարիներէ ի վեր: Եւ սակայն, ըստ իս, որեւէ պարկեշտ մարդ անտարբեր չի կրնար մնալ այս հարցին հանդէպ:
Երկու հազար տարուան շրջանի մը իշխող անձի մը գոյութեանը ժխտումը բաւական ծանր հարց մըն է, որով ոչ թէ միայն քրիստոնեայ աշխարհին, այլ նոյնիսկ ոչ քրիստոնեայ մարդկութիւնը պէտք է շահագրգռուի լրջօրէն:
Անցնինք, ուրեմն, մեր նիւթին։
Ոեւէ անժխտելի ապացոյց կա՞յ Յիսուսի պատմական գոյութեան՝ իբր մարդ: Անտարակոյս, հազարաւոր հրէաներ ապրած են Յիսուսէն առաջ, անոր ժամանակ եւ անկէ յետոյ՝ Եշօա, Եսուա եւ այլն անունով, բայց դժուար է ապացուցանել, թէ Աւետարաններու նկարագրած Յիսուսն իբր հիմնադիր քրիստոնէական կրօնին՝ իրապէս ապրած ու քարոզած է Պաղեստինի մէջ կամ այլուր:
Յիսուսի աստուածային ծագումը ուրացողներ եղած են առաջին դարերէն սկսեալ, եւ այսօր գրեթէ անհնար է գտնել բաւականաչափ զարգացած մէկը, որ անկեղծօրէն հաւատ ընծայէ Յիսուսի հրաշապատում ծնունդին կամ յարութեան: Բայց Յիսուսի պատմական գոյութիւնը կասկածի տակ դնողներ երեւան եկած են միայն վերջին դարերուն:

Էռնէսթ Ռընան ամենածանօթ պատմաբանն է Յիսուսով զբաղուած: Ըստ անոր՝ Յիսուս ապրած է իբր մարդ եւ անոր արտակարգ կարողութիւններն ու անսահման բարութիւնը պատճառ եղած են, որ յետ մահուան աստուածանայ ժողովուրդի աչքին՝ նման շատ մը դիւցազներու, եւ աւետարանները հրաշապատում կենսագրականներն են մարդ Յիսուսին:
Ռընանի նպատակն եղած է հրաժարեցնել Յիսուսն իր աստուածութենէն եւ դասել զայն մարդկային կատարելութեան գագաթնակէտին:
Ըստ Ռընանի՝ Յիսուսէն աւելի բարձր մարդ գոյութիւն ունեցած չէ եւ չպիտի կրնայ ունենալ: Անոր պաշտամունքը թարմ պիտի մնայ միշտ երկրի վրայ եւ անոր լեգենտան մշտնջենապէս արցունք պիտի խլէ ամենագեղեցիկ աչքերէն:

Վերջերս Հանրի Բարբիւս համայնավար գրագէտն ալ հրատարակեց երկասիրութիւն մը, ուր կը պաշտպանէ այն գաղափարը, թէ Յիսուս Հերովդեանց ժամանակ գործող յեղափոխական մըն էր, որ օժտուած արտակարգ հանճարով մը՝ խզեց անցեալը եւ քարոզեց ապագայ մեծագոյն գաղափարը՝ միջազգայնականութիւնը: Իրմէն առաջ եւ իրմէ վերջ ծնած յեղափոխականները կը զբաղէին միայն հրէայ ժողովուրդով, մինչդեռ Յիսուս կը խօսի ամբողջ աշխարհի դժբախտներուն եւ խոնարհներուն:
Նախայիսուսեան բոլոր կրօնքները,- կ’ըսէ Բարբիւս,- յայտնուած էին երկինքէն. աներեւոյթ եւ անբացատրելի աստուած մը իր оրէնքներն ու կամքը կը թելադրէ մարդոց, որ իր զաւակները, իր ստրուկներն են: Այս գաղափարին Յիսուս կը հակադրէ աստուած-մարդու գաղափարը, որ ամէն մարդ կրնայ գտնել իր մէջ. ամէն բարեպաշտ կրնայ դարբնել իր անձնական եւ ներքին աստուածն՝ իր ճիգերով դէպի բարին, դէպի գեղեցիկը եւ դէպի ճշմարիտը: Այդ անհատական աստուածներու հաւաքականութեամբ կը կազմուի իրական աստուածը, որու կամքը տիեզերական օրէնքներն են՝ բաղկացած մարդու ամբողջ ուրախութիւններէն, վշտերէն եւ խորհուրդներէն:
Բայց ինչպէս Ռընանի, նոյնպէս եւ Բարբիւսի մտահոգութեան գլխաւոր առարկան Յիսուսի աստուածութեան ժխտումն է եւ ոչ թէ մարդ Յիսուսի պատմականութեան ապացուցումը: Անոնք չեն զբաղիր պատմական վաւերաթղթերով: Երկուքին համար ալ Յիսուսի գոյութիւնը անժխտելի է, քանի որ կայ քրիստոնէութիւնը:
Կան քննադատներ, որ աւետարաններու մէջ յիշատակուած տեղագրական եւ կենսագրական այլեւայլ ծանօթութիւններէն կը հետեւցնեն, թէ Յիսուս Հռովմի 760 թուակնին Քս-ի 7 թուին Քուիրինոսի հրամանաւ կազմակերպուած մարդահամարի ժամանակ ծագած ապստամբութեան պետերէն մէկն է՝ որդի Գամաղիացի Յուդայի, որ Պիղատոսի ձեռամբ բռնուած եւ սպաննուած է իր բոլոր կուսակիցներով:
Կան նաեւ ուրիշ շատ մը քննադատներ, որ կը կարծեն, թէ բոլորովին յերիւրածոյ են աւետարանները, եւ Յիսուս առասպել մըն է պատմութեան միւս շատ մը առասպելներուն նման:

Պրոֆ. Մանկասարեանի հետեւողութեամբ, 1913-ի «Երկունք»-ի Մայիս եւ Յունիս թիւերուն մէջ այս մասին հրատարակած եմ յօդուածաշարք մը, եւ եթէ չեմ սխալիր, այդ եղած է առաջին հայերէն հրատարակութիւնը Յիսուսի պատմականութիւնը կասկածի տակ դնող: Բաւական ժամանակ յետոյ իմացայ, թէ ան շատ մը քննադատութեանց առիթ տուած է այն ժամանակներն հրատարակուող հայերէն կրօնական թերթերու մէջ:
Զարմանալի չէ անշուշտ, այլ ընդհակառակը, շատ բնական է, որ կրօնական առաջնորդներ յուզուին իրենց կրօնքին հիմքը կազմող Յիսուսի գոյութիւնը կասկածի տակ ձգող ոեւէ յօդուածի առիթով:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ, արդարեւ, քրիստոնեայ եկեղեցիի մօտ 2000 տարիներէ ի վեր վայելած հմայքն ու ազդեցութիւնը, եթէ բացարձակապէս ապացուցուի, թէ աւետարանները յերիւրածոյ են: Եթէ այն միլիոնաւոր ու միլիառաւոր քրիստոնեաները, որ թէեւ տարբեր լեզուներով ու տարբեր բարքերով, բայց նախապէս Միջերկրականի եզերքներուն եւ հետզհետէ ամբողջ աշխարհի վրայ ապրած, գործած ու տանջուած են անոր իտէալովը, գիտնային իրականութիւնը, տեղեակ ըլլային, թէ առասպելներ են անոր կուսական ծնունդը եւ աստուածային յարութիւնը…
Պատամութիւնը բոլորովին տարբեր կերպով ընթացած պիտի ըլլար, ապահովաբար, եւ մեր մոլորակի կէսը տարբեր երեւոյթ մը պիտի ունենար այսօր:
Անհաշուելի են այն նիւթական եւ բարոյական զոհաբերութիւնները, որ Յիսուսի անուամբ եղած են ու կ’ըլլան տակաւին այսօր ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին մէջ:
Սկսեալ Հռոմի, Փարիզի, Լոնտոնի եւ այլն միջնադարեան հոյակապ գոթական տաճարներէն, որոնց իւրաքանչիւրը քանի մը դարերու զոհողութեանց ու աշխատանքի արդիւնք է, չկայ ամենափոքր գիւղ մը, որ չունենայ իր եկեղեցին, իր ժողովարանը, ուր հաւատացեալներու բազմութիւններ գացած են ու կերթան տակաւին անծանօթ ու աներեւոյթ աստուած որդւոյն բանալու իրենց սիրտը եւ անկէ սպասելու աշխարհի անիրաւութեանց փոխարինութիւնը հանդերձելոյն մէջ:
Ամէն մեռեալ, իշխան թէ հպատակ, իմաստուն թէ յիմար, այր թէ կին, իր գերեզմանին վրայ ունի Յիսուսի խորհրդանշան խաչն՝ իբր վկայ անոր հետ կնքուած դաշինքին, խոստացուած անմահութեան:

Միւս կողմէն՝ Յիսուսի անունով է, որ գործուած են պատմութեան մեծագոյն եղեռնները, եւ անոր անունով մղուած են մեծագոյն պատերազմները: Անոր անունով կատարուած են Միջին դարերու քստմնելի ոճիրներն ու հալածանքները այն ամէն բանի դէմ, որ եկեղեցիին անհաճոյ էր:
Հակառակ ընկերական, գիտական եւ այլ մարզերու մէջ տեղի ունեցած այնչափ մեծ յառաջդիմութեանց, այսօր ալ տակաւին քաղաքակրթեալ Եւրոպայի ու Ամերիկայի ընտանեկան կեանքի հիմքը Յիսուսն է: Երախան ծնածին պէս անոր անուամբը կը մկրտուի՝ սկզբնական մեղքին քաւութեան համար:
Քաղաքական պսակին կրօնական պսակը կը յաջորդէ, եւ թաղումն առանց քահանայի տեղի չունենար:
Բարեբախտաբար, գիտութիւնն արդէն բաւական զօրաւոր է իր ձայնը լսելի ընել տալու համար, եւ հաւատաքննական խարոյկներն այլեւս չեն սպառնար անոր ռահվիրաներուն:
Երախտագիտութեամբ պէտք է յիշէ մարդկութիւնն ամէն անոնք, որ նոր դարերու մէջ իրենց գործերով, խօսքերով ու խիզախութեամբ եւ յաճախ՝ ի գին իրենց կեանքին, պարգեւեցին մեզ այս ազատութիւնը:
Մտաւոր գերութիւնն աւելի ծանր կը ճնշէ մարդոց վրայ, քան քաղաքական գերութիւնը:
Դժբախտաբար, առիթ ունեցած չեմ «Երկունք»-ի յօդուածիս քննադատականները կարդալու, եւ չեմ գիտեր, թէ ինչ պատմական կամ գիտական ապացոյցներու վրայ կը յենուին անոնք: Ապահով եմ սակայն, թէ անոնց միակ զէնքը կոյր հաւատքն է:
Անկարելի է վիճաբանիլ մէկի մը հետ, որ կրնայ հաւատալ, թէ մարդ մը կրնայ կոյսէ մը ծնիլ, մեռնիլ, թաղուիլ եւ յարութիւն առնել ու երկինք ամբառնալ…
Յարգելով այն հաւատացեալներն, որոնք անկեղծ են իրենց մտածմանցը մէջ, մենք քննենք Յիսուսի կեանքը պատմական լոյսի տակ եւ քննական պատմութեան սովորական մեթոտներով:
Պատմութիւնն ալ գիտութիւն մըն է, ինչպէս տարրաբանութիւնը կամ բնագիտութիւնը. ան կը պահանջէ որոշ նախապատրաստութիւն, գոնէ նախնական ծանօթութիւններ այլ եւ այլ ժողովուրդներու եւ երկիրներու վիճակին եւ իրարու հետ ունեցած յարաբերութեանցը վրայ:
Անհրաժեշտ է մտքով փոխադրուիլ այն միջավայրն, ուր պատահած է դէպքը եւ ի նկատի ունենալ ժամանակն ու պայմաններն՝ իրենց ամէն հանգամանքներով: Այսօր, օրինակի համար, այլեւս միայն ռամիկները կը հաւատան դեւերու կամ ճիներու, վհուկներու կամ կախարդներու գոյութեան: Բայց եղած է ժամանակ մը, երբ լուրջ մարդիկ ալ հաւատացած են անոնց անկեղծօրէն: Լութեր անգամ մը իր կաղամարը նետած է սատանային
ետեւէն, որ եկած էր իր աշխատանքները խանգարելու…
Իրաւամբ ըսուած է, թէ մեր այսօրուան մանուկները աւելի բան գիտեն, քան հնութեան փիլիսոփաները:

Գիտակցաբար հետեւելու համար մեր քննութեանց, համառօտակի յիշենք Քս-ի Ա. դարերու քաղաքական վիճակը եւ տիրող պայմանները Պաղեստինի մէջ:
Ամբողջ Եւրոպան, Փոքր Ասիան եւ Հրէաստանը կը գտնուէին հռովմէական տիրապետութեան տակ: Յուլիոս Կեսարին յաջորդեց Օգոստոս կայսր, որ մեռաւ Քս-ի 14 թուին:
Անոր յաջորդեցին Հռոմի գահին վրայ Տիբերիոս (14-37), Կալիգուլա (37-41), Կլաւդիոս (41-54), Ներոն (54-68), Վեսպասիան (69-79), Տիտոս (79-81), Դոմիտիանոս (81-96), Տրայիանոս (89-117), Ադրիանոս (117-138), Անտոնինոս (138-161) եւ Մարկոս Աւրելիոս (161-180):
Պաղեստին բաժնուած էր երեք նահանգներու — հիւսիսէն հարաւ՝ Գալիլէա, Սամարիա եւ Յուդա կամ Հրէաստան: Անոր վրայ Հռովմի հաւանութեամբ եւ օգնութեամբ իշխեցին Հերովդէս Մեծ՝ մեռած Քս- էն 4 տարի առաջ, Հերովդէս Ագրիպպաս՝ մինչեւ 38 թ. յետ Քրիստոսի, Հերովդէս Ագրիպպաս Ա. (37-44) եւ Հերովդէս Ագրիպպաս Բ (52-69)՝ իբր Հրէաստանի թագաւոր: Ասոնց ձեռքին տակ կային պրոկուրատորները, որ, իբր ներկայացուցիչ Հռոմի կայսեր՝ կը վարէին դատաւորի եւ հարկահաւաքի պաշտօնը: Պիղատոս, որ դատեց Յիսուսը, պրոկուրատոր էր:
Ամբողջ Պաղեստինի եւ Սիւրիոյ մէջ կը խօսուէր արամայերէն գաւառաբարբառը, իսկ գրական լեզուն էր յունարէնը եւ այդ լեզուով գրուած են աւետարանները, ինչպէս նաեւ շատ մը կրօնական — մեսէական ուրիշ երկեր եւ յայտնութիւններ՝ ամէնքն ալ հրէաներու կողմէ:
Եբրայերէնն արդէն մեռած էր եւ անգործածելի՝ սինակոկէն դուրս՝ Քրիստոսի ծննդէն երեք դար առաջ արդէն Պտղոմէոսի հրամանաւ ասուածաշունչը յունարէնի թարգմանուած էր Եգիպտացի եօթանասուն հրէաներու ձեռամբ՝ Փարոս կղզիին մէջ:
Որո՞նք են քննական պատմութեան մեթոտները պատմական ոեւէ դէպքի կամ անձի վաւերականութիւնն ուսումնասիրելու համար — Բաղդատել բոլոր փաստաթղթերը՝ պատմութիւն, քրոնիկ, նամակներ, արձանագրութիւններ եւ այլն եւ դասաւորել զանոնք ըստ ժամանակագրական կարգի, առաջնութիւնը տալով ժամանակակիցներուն, եւ մանաւանդ այն պատմաբաններուն, որ ոեւէ կերպով շահագրգռուած չեն քննելի դէպքին կամ անձին որոշ գոյն տալու: Ստուգել դէպքերը եւ թէ կարելի է իրարմէ անկախ եւ իրարու անծանօթ տարբեր աղբիւրներով եւ աշխատիլ բացատրել տարբերութիւնները, եթէ կան եւ որոշել աւելի արժանահաւատը:

Այդ՝ որո՞նք են Յիսուսի գոյութեան պատմական փաստաթղթերը — Չորս աւետարանները. «Առաքելոց թղթերը» եւ «Գործք Առաքելոցը» «Նոր Կտակարան» կոչուած եւ եկեղեցւոյ կողմէն ընդունուած իբր վաւերական, որովհետեւ կան նաեւ շատ մը անվաւեր հռչակուած աւետարաններ եւ գրութիւններ յունարէն եւ լատիներէն լեզուներով, որոնք մէջտեղ ելած են շահադիտական նպատակներով Գ եւ Դ դարերուն մէջ:
Ըսենք նախ եւ առաջ, թէ այսօր մեր ձեռքը գտնուած ձեռագիրներէն եւ ոչ մին բնագիր է. ամէնքն ալ ենթադրեալ պատճէններու ընդօրինակութիւններ են, եւ բացարձակ կեղծիք մըն է տպագրեալ աւետարաններու առաջին էջին վրայ նշանակուած յունական բնագրէն թարզմանուած վերտառութիւնը, եթէ բնագիր կը նշանակէ հեղինակի կողմէ գրուած:
Վաւերական չորս Աւետարանները ըստ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննու իբր թէ հրաշքով զատուած են ուրիշ շատ մը աւետարաններու մէջէն — Մանկութեան աւետարանը, «Հովիւի աւետարանը» եւ այլն եւ, ըստ եկեղեցիի, գրուած են նոյնինքն Յիսուսի ժամանակակից առաքեալներու կամ անոնց աշակերտներուն կողմէ:
Այս չորսը կարելի է վերածել երկուքի, որովհետեւ Մատթէոսի ու Ղուկասի աւետարանները փոփոխակներ (variante) են Մարկոսի աւետարանին եւ գրուած տարբեր միջավայրերու համար — Ղուկաս՝ Հռովմի մէջ եւ Մատթէոս՝ Սիւրիոյ: Այդ երեքը, որ համատեսական (Synoptique) կը կոչուին, յաճախ
գրեթէ բառացի իրարու նման են եւ միեւնոյն դէպքերը կը պատմեն: Այսպէսով կ’ունենանք միայն Յովհաննու եւ Մարկոսի աւետարանները, իբր քննութեան առարկայ:
Արդ՝ Յովհաննու Աւետարանը բոլորովին անարժէք է իբր պատմական փաստաթուղթ. ան ամբողջութեամբ աստուածաբանական միսթիքական երազ մը, տեսիլք մը, Յայտնութիւն մըն է (apocalypse), որուն նման շատ ուրիշներ կային հրէաներուն մէջ, գրուած աշխարհի մերձեցեալ վերջին օրերուն եւ մեսիայի գալստեան յոյսով խանդավառուածներու ձեռքով: Հեղինակը կը ճանչնայ միայն Բանը (logos), որ լոյսն ու կեանքն է. շօշափելի, իրական ոչինչ կայ Յայտնութեան մէջ:
Բանը, Պղատոնի լեզուով, կը նշանակէր գաղափարներու աղբիւր: Փիլոն Ալեքսանդրացի հրէայ փիլիսոփան՝ նոր պղատոնական՝ բանը կը ներկայացնէ իբր Աստուծոյ մէկ դրսերեւոյթը, արտացոլումը: Իսկ ճանաչական (gnostique) փիլիսոփաներու համար Բանը անճառելի Աստուծոյ մէկ բխումն է, որ կերթայ մարդկային մարմինն ընտրելու իբր բնակարան երկրի վրայ գտնուած ժամանակ: Բոլոր դիւցազնական բանաստեղծներն ալ միեւնոյն ձեւով գրած են: Իլիականի մէջ Հոմերոս ալ մարդու մարմին կուտայ Ոլիմպոսի աստուածներուն եւ դիցուհիներուն, ամէն անգամ, որ անոնք կ’ուզեն մահուանէ պաշտպանել ոեւէ հերոս:
Յովհաննու Յայտնութեան ոճին վրայ գաղափար մը տալու համար մէջ բերենք հատուած մը.
Յայտնութիւն Գլ. Դ. «Տեսայ, որ երկնից մէջ բացուած դուռ մը կար եւ առաջին ձայնը, որ լսեցի, փողի նման էր, որ ինծի կ’ըսէր. «Այստեղ ել եւ քեզ ցուցնեմ յետ այսու ըլլալիք բաները». հոգին վրաս եկաւ եւ տեսայ աթոռ մը, որ դրուած էր երկնից մէջ ու աթոռին վրայ մէկը նստած էր եւ նստողը յասպիս քարի երեւոյթին նման էր, իսկ աթոռին շուրջը ծիածան զմրուխտի նման. աթոռին շուրջ կային քսանըչորս երէցներ, ճերմակ հագուստներով եւ գլուխնին ոսկիէ պսակներով. աթոռէն փայլակներ ու ձայներ կ’ելնէին եւ անոր առջեւ եօթը կրակի լապտերներ կային, որոնք Աստուծոյ եօթը հոգիներն են. ու աթոռին շուրջ կային չորս կենդանիներ, որոնք առջեւնին ու ետեւնին աչքեր ունէին. առաջինը առիւծի նման էր, երկրորդը զուարակի, երրորդը մարդու եւ չորրորդը արծիւի: Կեդանիներէն ամէն մէկը վեց թեւ ունէր ու երբեք չէին հանգչեր, այլ կ’ըսէին սուրբ, սուրբ, սուրբ Տէր Աստուած որ էր, որ է եւ որ պիտի գայ»:
Այս ոճով եւ պարունակութեամբ գրուածք մը քննական մեթոտներու բովէն կարելի չէ անցնել: Երազը չի քննադատուիր: Ամէն տեսակ անհեթեթ բաներ կարելի է երազել, բայց երազը իրականութիւն չէ…
Կը մնայ ուրեմն միայն Մարկոսի աւետարանն իբր վաւերաթուղթ: Բայց անոր քննութեան անցնելէն առաջ ուսումնասիրենք այն սովորական ենթադրութիւնը, թէ քանի որ քրիստոնէութիւնը կայ, ուրեմն Յիսուս գոյութիւն ունեցած է:

Շատ զօրաւոր եւ տրամաբանական հետեւութիւն մըն է այս՝ առերեւոյթ դատողութեամբ: Ամէն արդիւնք պատճառ մը կունենայ, եւ քանի որ կրօնքը կայ, ուրեմն եւ այդ կրօնքի հերոսն ալ գոյութիւն ունեցած է: Բայց պէտք չէ մոռնալ, թէ բնագիտական-նիւթական աշխարհի մէջ չենք, այլ զգացական-թեակայական մարզի մէջ:
Յայտարարել, թէ մարդկութիւնն անկարող է Յիսուսի նման կատարեալ էակ մը ստեղծել կամ երեւակայել՝ շատ անպատուաբեր է մարդուն համար: Մի՞թէ Օսիրիս՝ փարաւոն մը, Ադոնիս՝ որսորդ մը, Դիմետր՝ գեղջկուհի մը կամ Միհր՝ պարսիկ իշխան մըն էին նախապէս. բոլոր բանաստեղծներն ալ չե՞ն ստեղծեր իրենց մտատիպար հերոսները մարմին տալու համար իրենց մէկ իտէալին:
Քրիստոնէական ծագումը լաւ ըմբռնելու համար տեսնենք, թէ ի՞նչ էր կրօնական վիճակը Քրիստոսի առաջին դարին հռովմէական տիրապետութեան տակ ապրող ժողովուրդներու մէջ:
Հրէական Եհովան ազգային աստուած մըն էր միայն Իսրայէլին յատուկ: Փոքր Ասիոյ յունախօս տարրերուն մէջ մտաւորականները կը տարուբերէին ստոյիկեան, եպիկուրեան, սկեպտիկեան, պղատոնական, պիւթագորեան եւ այլն բազմապիսի եւ յաճախ հակընդդէմ փիլիսոփայական գաղափարներու մէջ: Յունական եւ հռովմէական դիցաբանութիւնները կորսնցուցած էին իրենց հմայքը, եւ հռովմայեցի պաշտօնատարներ կը ստիպէին ժողովուրդը կայսրերու պատկերներուն երկրպագելու՝ նոյնիսկ անոնց ողջութեանը:

Այս ամէն խառնիճաղանճ ըմբռնումները՝ միացած եգիպտական, քաղդէական, ասորական եւ այլ բազմապիսի կրօնական պաշտամանց կիրառման հետ, կը կազմէին բռնկելու պատրաստ հրդեհ մը, որ լուցկիի մը կը կարօտէր:
Այդ լուցկին բռնկեցուցին մեսէականները՝ քրիստոնէութիւնը քարոզող առաքեալներն ամէնքն ալ մեսէականներ էին, մոլեռանդ հրէաներ, որ ոչ թէ աւետարաններու մարդացած Աստուածը, այլ իրենց մարգարէներուն խոստացած Մեսիան քարոզեցին:
Լաւ ըմբռնելու համար անոնց գաղափարները, պէտք է յիշել անոնց ծագումը: Իսրայէլ այն հաւատքը ունէր, թէ աշխարհի վայելքներն իրեն համար ստեղծուած են. Իսրայէլն է Եհովայի ընտրեալ ժողովուրդը, եւ մինչեւ
իսկ Պօղոս առաքեալ, որ հեթանոսներուն կը քարոզէր, առիթ չէր փախցներ յայտարարելու, թէ փրկութիւնը հրէաներէն է, որովհետեւ անոնք են առաջինները:
Ըստ մովսիսական աւանդութեանց, Եհովայի եւ Իսրայէլի մէջ երկկողմանի դաշինք մը կնքուած էր, որ սկսելով Նոյէն եւ Աբրահամէն՝ Մովսէսի ձեռամբ Սինայի լերան վրայ ստացած էր վերջնական ձեւ՝ նոյն ինքն Եհովայի
մատներով քարէ տախտակներու վրայ դրոշմուած Թօրան (օրէնքը):
Այդ Թօրան գործադրութեան դնելով՝ Իսրայէլ կը ծառայէր Եհովային, որ ատոր փոխարէն ինքն ալ Իսրայէլի սերունդին պիտի տար ամբողջ աշխարհին տիրելու զօրութիւնն ու կարելիութիւնը: Սակայն ե՞րբ, ո՞ր ժամուն, ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ ձեռամբ…
Այս հարցումներուն պատասխանած են մարգարէները տարբեր ժամանակներու մէջ՝ տարբեր ըմբռնումներով եւ տարբեր ձեւերով:
Բայց հիմն նոյնն է՝ Մեսիայի գալստեան ակնկալութիւնը — մեսիականութիւնը:
Աստուած իր Ծառային, իր որդւոյն, իր սիրելիին, մեսիային (օծեալ=Քրիստոս) ձեռամբ պիտի կատարէ իր խոստումը:
Դաւթի ժամանակներէն սկսեալ այդ յոյսի իրականացումն ընդնշմարուեցաւ այլեւայլ ժամանակներ, բայց մանաւանդ թագաւորութեան կործանումէն վերջ, բաբելական գերութեան միջոցին այդ անկորնչելի յոյսը մարմին
առաւ մեծ ու փոքր մարգարէներու գրչին տակ: Նախքան աշխարհին տիրելը, այդ Մեսիան, բնականաբար, պիտի փրկէր Իսրայէլն իր գերութենէն, եւ այդ է պատճառը, որ Եսայի չի վարանիր Մեսիա կոչել Կիւրոս թագաւորը, Գօյ մը (հեթանոս, ոչ-հրէա), անթլփատ պարսիկ մը, որ վերջ դրաւ բաբելական գերութեան: Այդ օրերէն ի վեր — թերեւս մինչեւ այսօր բոլոր հրէաներն իրենց աչքերը դէպի երկինք դարձուցած կը սպասեն այդ փրկչին (Salvator, Soter), որ Դաւթի սերունդէն պիտի ծնի՝ զիրենք փրկելու համար:

Հերովդէսներու տիրապետութեան առաջին շրջանէն սկսաւ զօրանալ մեսիական յոյսը եւ Յովհ. Մկրտիչ Յորդանանէն կ’աւետէր, թէ մօտ է Աստուծոյ թագաւորութիւնը. Քս- է 50 տարի առաջէն մինչեւ 150 տարի վերջը — Օգոստոս կայսրէն մինչեւ Ադրիանոս, Պաղեստին հուրի եւ սուրի մատնուեցաւ այլեւայլ ըմբոստութեանց պատճառաւ: Շատ մը մեսիաներ մէկտեղ ելան եւ իրենց համախոհներով ժողովուրդը գրգռեցին հռովմէացիներու դէմ ապստամբելու:
Այդ ապստամբական շարժումներու պետերէն գլխաւորներն են Մակաբայեցիներէն սկսելով՝ Եղեկիա, Հերովդէս Մեծի ժամանակ, Քս-է 50 տարի առաջ, Յուդա Գամաղիացի (Gaulonite), որ հիմնեց կանայիթներու մոլեռանդ աղանդը. անոր բնաբանն էր՝ «Տէր» չկոչել ոչ մի մահկանացու. միայն Եհովան է տէրը, եւ սրբապղծութիւն է Հերովդէսը կամ Հռովմի կայսրը «Տէր» անուանելը: Յուդա եւ Մաթէոս կանայեթները, որ Քս-ի 5 թուին խորտակեցին Սողոմոնի տաճարին գլխաւոր դրան վրայ Հերովդէսի Մեծի հրամանաւ զետեղուած ոսկեայ արծիւները: Թէոդաս, որ Կլաւդիոս կայսեր ժամանակ մինչեւ Յորդանան յառաջացաւ իր զինուորներով, եւ Մենահիմ Յուդա Գամալացիի որդիներէն, որ երեք օր տիրեց Երուսաղէմին, մինչեւ հռովմէական լէգէոններու գալուստը: Եգիպտացի հրէայ մը մինչեւ Ձիթենեաց լեռը հասաւ իր արբանեակներով, իսկ աւելի վերջերը Ադրիանոս կայսեր ժամանակ Բար-Կոչէպա քանի մը տարի շարունակ պարտութեան մատնեց հռովմէացի պահակները՝ վարելով կատարեալ պարտիզանական կռիւներ:
Հրէայ ժողովուրդը բաժնուած էր երկու խումբի — մեսիականները (Դաւիթականներ, քրիստոսականներ), որ դէմ էին Հռոմի տիրապետութեան եւ Հերովդէսներուն, եւ տաճարականները՝ րաբբիներ, որ խոհեմութիւն կը քարոզէին եւ կը հանդուրժէին Հռովմայ լուծին, քանի որ ազատ էր իրենց կրօնքի պաշտամունքը: Մեսիական-քրիստոսական այս աղանդաւորները Երուսաղէմայ կործանումէն վերջ ժողովուրդին հետ ցրուեցան Փոքր Ասիա, Աթէնք եւ Հռովմ: Յաղթուած՝ քաղաքական մարզին մէջ, անոնք հիմը դրին քրիստոնէութեան, որ յուդայականութիւնն է՝ յարմարցրած հեթանոսներուն։ Իրենք են միշտ գլխաւոր առաջնորդները, հովիւները եւ հրէական բոլոր գրութիւնները սուրբ եւ նուիրական են ինչպէս բոլոր քրիստոսականերուն, նոյնպէս եւ անոնցմէ բխած քրիստոնեաներուն համար:

Քրիստոնէութեան գլխաւոր տարբերութիւնը յուդայականութենէն իր տիեզերական, միջազգային բնոյթն է: Եհովան, որ հրէաներուն միայն կը պատկանէր, կը քարոզուի հեթանոսներուն: Քս- էն շատ առաջ արդէն Սիմոն Արդար, Սիրաքի որդի Յիսուս, Հիլլէլ եւ, մանաւանդ, Փիլոն վարկաբեկած էին յուդայական ձեւապաշտութիւնն եւ աստուածային մենաշնորհը: Րաբբի Յովհանան կը քարոզէր, թէ ողորմութիւնն աւելի կենսական է, քան օրէնքը:
Հետզհետէ հեռանալով յուդայական մենաշնորհէն, Եհովան դիւրաւ քարոզուեցաւ հեթանոսներուն:
Մեծ մեռեալի մը պաշտամունքը տարբեր է աստուածային պաշտամունքէն: Խաչեալի մը հմայքն իր ժամանակիցներուն վրայ չէր կրնար ունենալ այն ազդեցութիւնը, որ ունեցաւ Պօղոսի եւ Պետրոսի քարոզած Աստուածը, իբր
Եհովայի մէկ նորաձեւ արտայայտութիւնը, իբր ոգի մը, որ կը յայտնուէր իր հաւատացեալներուն՝ տեսիլքներով եւ հրաշքներով. նոր նկարագրութիւնը կար արդէն Յայտնութեանց մէջ: Ըստ Պօղոս առաքեալի, Յիսուսի մահը եւ յարութիւնը միստիքական են, երկնքի մէջ կը պատահին եւ ոչ թէ երկրի վրայ. այդ դէպքերը ժամանակէ եւ տարածութենէ դուրս են — անոնք հաւատքի առարկաներ են եւ ոչ թէ պատմական դէպքեր:
Քրիստոնէութիւնը մէկ անհատի գործ չէ. անոր հիմնադիրներն են Մեսիան նկարագրող մարգարէները՝ Յովհ. Մկրտիչ, որ անոր մօտալուտ գալուստն աւետեց, Կեփա (Պետրոս), որ տեսաւ Յիսուսը ծովափին եւ Գալիլիայի
լեռան վրայ, Ստեփաննոս Նախավկան, որ մեռնելէ առաջ տեսաւ զայն Սանհեդրինի վրան, Պօղոս առաքեալ, որ անոր հանդիպեցաւ Դամասկոսի անապատին մէջ եւ այլն:
Բայց չշփոթենք կրօնական այս հիմնադիրները իրենց քարոզած Աստծուն հետ: Աւետարանները այս տեսիլքներու, այս հաւատքներու արդիւնք եւ հետեւանքն են եւ ոչ թէ անոնց մեկնակէտը:
Կարելի է առարկել, թէ քանի որ Պետրոս, Պօղոս, Ստեփաննոս եւ այլն, որ ոսկրով ու միսով հրէաներ են, տեսած են Յիսուսը, ուրեմն ան ապրած է իբր մարդ: Այո՛. բայց անոնք ամէնքն ալ յարութիւն առած Յիսուսը տեսած են: Մեռնելէ առաջուան մարդ Յիսուսը՝ որդի մարդոն նկարագրուած չէ անոնցմէ։
Անոնք Բեթլեհէմի մէջ կոյսէ մը ծնած եւ Կանայի մէջ հարսնիք գացած Յիսուսը չեն ճանչցած, չեն տեսած:
Պարզ է կարծեմ տարբերութիւնը, եւ Պօղոս առաքեալ Գաղատացւոց Ա. 16-ին մէջ կը շեշտէ այդ տարբերութիւնն ըսելով.-
«Երբ Աստուած ուզեց, որոշեց ինձ յայտնել իր որդին, որ հեթանոսներուն քարոզեմ»…
Երկնամարմին Յիսուսի եւ երկրամարմին առաքեալին մէջ մշտենջենական ժամադրութիւն մը կայ կարծես: Պօղոս Կորնթացւոց Գլ. ԺԲ. համար 2-4 կ’ըսէ.
«Ահաւասիկ Տիրոջը մասին ունեցած տեսիլքներս եւ Յայտնութիւններս — յափշտակուեցայ մինչեւ երրորդ երկինքը եւ լսեցի չպատմւելիք խօսքեր»…
Ընդունինք իր անկեղծութիւնը եւ վտարենք մեր մտքէն զգայախաբութեան (hallucination) ամէն կասկած. իրական Յիսուս մը կրնա՞ր զինք մինչեւ երրորդ երկինք բարձրացնել:
Առաքելական թղթերուն մէջ կան հատուածներ, որոնցմէ կարելի է հետեւցնել, թէ Յիսուս իրապէս մարմին ունէր, բայց այդ այնպիսի մարմին մըն է, որ ամէն ժամանակներու մէջ է եւ ամէն տեղ. ան չկրնար մեր մարմինն ունեցած ըլլալ՝ այդ մարմինն, յամենայն դէպս մեր հասկցած մարմինը չէ, այլ անմարմին մարմին մը, եթէ կ՝ուզէք:
Բայց երբ նախնական միստիք շրջանն անցաւ, եւ հաւատացեալները բազմացան, Յիսուս դադրեցաւ ոգի մը, ուրուական մը ըլլալէ: Պարզամիտ եւ հեթանոս հաւատացեալը չէր ըմբռներ հրէայ մեսիականի մը գաղափարները: Անոր համար նիւթ պէտք էր, եւ հովիւներն ըմբռնեցին, թէ պիտի վտանգեն իրենց դիրքը, եթէ տեղի չտան։ Հերովդէսներու անգթութիւնները, Պիղատոսի իշխանութիւնը, մեսիական յեղափոխութիւնները եւ այլն թարմ յիշատակներ էին, եւ քանի որ Սաղմոսը կըսէր, թէ Աստուծոյ ծառան պիտի խաչուի, ո՞վ կրնար խաչել զայն, բայց եթէ հռովմայեցիները:

Երբ ատաղձն այսպէս ամբարուած էր, Մեսիան խաչը եւ այլն, աւետարան մը գրելը շատ կը դիւրանար — Ս. Գրքին հմուտ ոեւէ անձի համար, եւ պիտի տեսնենք, թէ Աւետարանները որչափ կապուած են Ս. Գրքին: Քրիստոնէութեան հրդեհը բռնկցնող լուցկիի դերը կատարեցին Պետրոս, Պօղոս, Ստեփաննոս եւ այլն, որ տեսնել կարծեցին Յիսուսը եւ յայտնեցին
իրենց տեսիլքը ժողովուրդին:
Աւետարաններուն անցնելէ առաջ քննենք Առաքելական Թղթերը, որոնցմէ Պօղոսինները թուով տասնըչորս ամենահիներն են։
Ըստ ամենաստոյգ հետազօտութեանց՝ անոնք շատ աւելի հին են, քան աւետարանները:
Ի՞նչ կը տեսնենք Պօղոսի թղթերուն մէջ:
Հեղինակը ոչ մէկ յիշատակութիւն կ’ընէ կուսածին Յիսուսի. ան Բեթլեհէմն եւ անոր համբաւաւոր մսուրը չի ճանչնար. Պօղոս առաքեալ չի հետաքրքրուիր Յիսուսի մարդկային կեանքի ոեւէ դէպքովը…
Լաւ խորհինք, կ’աղաչեմ, քրիստոնէութեան հիմնադիրներէն մին, չըսելու համար գլխաւորը, Փոքր Ասիա, Աթէնք եւ մինչեւ Հռովմ կ’երթայ՝ Յիսուսը քարոզելու եւ կը մոռնայ յիշելու գէթ անգամ մը անոր կուսածին բնոյթը…
Իր ամէն նամակներուն մէջ սէր կը քարոզէ եւ անգամ մը առիթ չունենար յիշելու, թէ Յիսուս այսինչ տեղը այսպէս խօսեցաւ սիրոյ վրայ… Զարմանալի չէ՞, որ Պօղոս անգամ մը գէթ չի յիշեր չորս աւետարաններէն ոեւէ մին…
Տրամաբանական է, կարծեմ, հետեւցնելը, թէ չի յիշեր, որովհետեւ գոյութիւն չունէին ոչ աւետարանները եւ ոչ ալ Յիսուսի կուսածնունդ առասպելը…
Պօղոսի այս թղթերը գրուած են հաւանաբար Քս-ի 50-60 թուականներուն, եւ անոնք են քրիստոնէական առաջին վաւերաթղթերը:
Այդ թուղթերուն մէջ Աստուածն եւ Յիսուսը նոյնացած են: Թեսաղոնիկեցւոց Գլ. Գ-ի մէջ Պօղոս կ’ըսէ.-
«Աստուած ինքն ու մեր հայրը եւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս մեր ճամբան դէպի ձեզ յաջողէ»:
Բայը եզակի է, որով ըսել ուզէ, թէ Աստուած, որ հայրն է, միեւնոյն ժամանակ
մեր տէր Յիսուս Քրիստոսն է: Հրէական «Եհվէ» քառատառ բառը, որ Աստուածն է, Եհովան, Եօթանասնից յունարէն թարգմանութեան մէջ արտայայտուած է «Տէր» (Kyrios) բառով:
Պօղոս, որ յունարէն կը գրէ, կը գործածէ միեւնոյն «Կիրիոս»՝ «Տէր» բառը ինչպէս Աստուծոյ, նոյնպէս եւ Յիսուսի համար: Աստուծմէ զատ ոեւէ մէկին «Տէր» ըսելը սրբապղծութիւն էր հրէաներուն համար, եւ Պօղոս Յիսուսի համար միշտ «տէր» կ’ըսէ՝ առանց արգիլուած բառ մը ըսելու մտավախութեան:
Զաքարիա մարգարէն Գլ. ԺԳ 5 համարի մէջ կ’ըսէ.
«Եւ իմ Տէր Աստուածս պիտի գայ բոլոր սուրբերու հետ միասին»:
Պողոս ալ Թեսաղոնիկեցւոց Գ. 13 կը գրէ.
«Մեր տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի գալու ժամանակ իր բոլոր սուրբերու հետ միասին»:
Մարգարէներու միջոցաւ Երուսաղէմին ու Խորայէլին միայն յայտնուած Եհովան, Տէրը, Kyrios-ը՝ ըստ յունարէնի — այժմ, Երուսաղէմի կործանումէն եւ հրէաներու ցրումէն (diaspora) վերջ հեթանոսներուն կը յայտնուի առաքեալներու եւ աւետարանիչներու միջոցաւ:

Ինչպէս ըսինք, հրէաներուն արգիլուած էր նոյն ինքն Եհովային կողմէ՝ անոր անունը բերան առնել: Արդ՝ ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ, թէ Պօղոս կրնար մարդու մը «Տէր» ըսել կամ անոր վերագրել աշխարհի եւ մարդու ստեղծագործութիւնը: Կամ Պօղո՛ս գոյութիւն ունեցած չէ, կամ՝ Յիսու՛ս: Երկընտրանք չկա՛յ:
Պօղոսի համար մարդ Յիսուս գոյութիւն չունի, այլ՝ Տէր Յիսուսը, Աստուածը : Ան կը բանայ Աստուածաշունչը, որ կ’ըսէ (մարգարէութիւն Յովելեայ Բ. 32). «Ով որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի ազատի»… եւ կը գրէ հռովմայեցւոց Ժ. 13. «Ով որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի»… Առաջինը Եհովային համար է, երկրորդը՝ Յիսուսի համար:
Եսայի մարգարէ Եհովայի համար կը գրէ ԽԵ 23.
«Ես Տէրն եմ, ինձմէ ուրիշ փրկիչ չկայ. իմ առջեւս պիտի խոնարհին բոլոր ծունկերը եւ ամէն լեզու պիտի դաւանի զիս»։
Պօղոս Յիսուսի համար կը գրէ Փիլիպեցւոց Բ 10-11.
«Որ Յիսուսի անունին ամէն ծունկ խոնարհի եւ ամէն լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս Տէր է»…
Պօղոսի ժամանակները աստուածացած մարդիկ շատ կային: Նոյն ինքն Կլաւդիոս կայսեր պատկերին կերկրպագէին ամբողջ կայսրութեան հպատակները: Բայց ինչ որ ամէնքին համար ներելի էր եւ կարելի, անհնարին էր հրէայի մը համար: Անհնար է երեւակայել, թէ հրէայ Պօղոսը, հրէայի զաւակ, սինակոկի մէջ մեծցած, կրնար մարդու մը համար «Աստուած» ըսել… Ոեւէ ուղղամիտ մարդ պէտք է ըմբոստանայ այս ենթադրութեան դէմ:
Թէ աւելի վերջերը յոյներ ու ասորիներ, որ ոեւէ կապ չունէին Թօրային ու սինակոկին հետ, նոյնացուցին Յիսուս մարդը Եհովա Աստծուն հետ, այդ ըմբռնելի է: Բայց առաջին հրէայ առաքեալներն այդ սրբապղծութիւնը
գործելու անկարող էին. հրէան կը հանդուրժէր ամէն տանջանքի, բայց իր շրթներէն չէր կրնար Եհովա քառատառն արտասանել, ուր կը մնայ զայն մարդկային որովայնէ ծնածի մը հետ նոյնացնել…
Քրիստոնէութիւնը ծնաւ, երբ Եհովային հետ նոյնացան մարգարէներու Մեսիան, Եսայիի Աստուած Ծառան, Սաղմոսներու Հալածուած Արդարը եւ այսպիսով երեւան եկաւ մեռած եւ յարութիւն առած աստուածորդիի մը գաղափարը, որ պիտի դատէր աշխարհը: Բայց այդ տարտամ ոգին այն ժամանակ մարմին առաւ, երբ տեսիլքի մէջ՝ իբր մարդ, երեւցաւ Պետրոսին, Պօղոսին, Ստեփաննոսին եւ այլն:
Առաքեալներու այդ տեսիլքները եւ անոնց նկարագրութիւններն եղան այն կայծը, որ բռնկցուց քրիստոնէութեան հրդեհը: Պետրոս եւ Պօղոս Եհովայի մէկ դրսերեւոյթը տեսան կամ տեսնել կարծեցին, ինչպէս Աբրահամ, Յակոբ, Մովսէս եւ այլն տեսած էին: Աւելի վերջերն է, որ այդ Եհովային մարդկային մարմին տուին եւ հետզհետէ ստիպուեցան նաեւ անոր տեղ մը տալ պատմութեան մէջ հրաշապատում եւ կեղծ հեքեաթներ յերիւրելով:
Յիսուս ոչ թէ կրօնուսոյց մըն էր, այլ նոյն ինքն հաւատքը. ան ոչ թէ Մուհամմէտ մըն էր, այլ՝ Ալլահը:

Անցնինք աւետարանիչներուն:
Թերեւս սխալ է «աւետարանիչներ» ըսելը, որովհետեւ անոնք միակ հեղինակի մը գործերը չեն հաւանաբար: Աւետարան ըստ Յովհաննու, ըստ Ղուկասի եւ այլն կը նշանակեն, թէ անոնք հաւաքածոներ են:
Պօղոսի թղթերը ցոյց կուտան հեղինակի գրական հմտութիւնը, վառ երեւակայութիւնը եւ հանճարեղ միտքը, մինչդեռ Աւետարանները յաճախ անիմաստ, ճապաղ, եւ անկապ շարադրութիւններ են, լի բազմաթիւ կրկնութիւններով, հակասութիւններով եւ ժամանակագրական սխալներով. անոնք Ս. Գրքի վրայ կաղապարուած դէպքեր են, յաճախ՝ բառացի կերպով:
Յիսուսի չարչարանքները, մահը եւ յարութիւնը հիմնուած են գլխաւորապէս Եսայի մարգարէի ԾԳ գլխուն, ԻԲ,ԽԱ, ԽԲ սաղմոսներուն եւ Զաքարիայի մարգարէութեանց վրայ:
Յիշենք մէկ քանին:
Զաքարիա Թ 9. «Ուրախացի՛ր, ով Սիոնի աղջիկ, ահա թագաւորդ քեզի կուգայ. անիկա արդար ու փրկիչ է ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի աւանակի վրայ»… «Պէտք է, որ Որդին Մարդոյ շատ չարչարանքներ կրէ եւ երէցներէն, եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն մերժւի ու սպաննուի եւ երեք օրէն յարութիւն առնէ»:
Սաղմոս ԻԲ 1. «Աստուած իմ, Աստուած իմ, ընդէ՞ր թողիր զիս»:
ԻԲ 18. «Իմ հանդերձներս իրենց մէջ կը բաժնեն ու պատմուճանիս վրայ վիճակ կը ձգեն»…
Աւետարանիչները միեւնոյն դէպքերն իրարմէ առնելով հանդերձ, տարբեր ձեւերով կը պատմեն յաճախ եւ զիրար կը հակասեն անուշադիր կերպով: Յիսուսի համար կուսածին ըսելէ վերջ անոր ցեղաբանութիւնը նշանակելու ժամանակ կը գրեն (Մատթէոս Ա 16) — «Յակոբ ծնաւ զՅովսէփ զայրն Մարիամայ, որմէ ծնաւ Յիսուս, որ կ’ըսուի Քրիստոս: Այր կը նշանակէ «ամուսին» եւ ոչ թէ «նշանած» եւ Յիսուս ըլլալով Աստուածորդի, ոեւէ կապ կամ աղերս պէտք չէր ունենար Յովսէփի ցեղաբանութեան հետ… Պարզ է, կարծեմ:
Եթէ իրօք Յիսուս քարոզեց, թէ «տու՛ք զկայսերն կայսեր», Հերովդէս եւ Պիղատոս ոեւէ պատճառ չունէին զայն դատապարտելու:
Պէտք էր ընդհակառակն անոր օգնութեան դիմէին մեսիական կանայեթները ջնջելու եւ ժողովուրդն հանդարտ պահելու համար:
«Եթէ մէկ երեսիդ զարնեն, մի՛ւսը դարձուր» ըսող Յիսուսը չէր կրնար Տաճարի փերեզակները վռնտել կամ արտաքսել բռնութեամբ… Բայց աւետարաններու հեղինակներու նպատակը իրական պատմութիւն գրել չէր, այլ Ս. Գրքի մարգարէութիւնները բառացի իրագործել տալ Յիսուսին, «զի լցցին բանքն»…
Մարկոս իր աւետարանը կը սկսի «Աստուածորդի Մեսիայ Յիսուսի մասին բարի լուրի սկիզբ» վերնագրով եւ առանց ոեւէ պատմական աղբիւր կամ վաւերաթուղթ յիշելու: Իրական պատմութիւն մը գրել ուզողը այդպէս չի սկսիր:
Պօղոս Կորնթացւոց Ա թղթին 23-24-ի մէջ կ’ըսէ, թէ Տէրը իրեն յայտնած է, որ իր մատնութեան գիշերը հաց առաւ, գոհանալով կտրեց ու ըսաւ — «Առէ՛ք, կերէ՛ք, ա՛յս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար կը կտրուի», նոյնպէս ալ ընթրիքէն յետոյ գաւաթն առաւ ու ըսաւ. «Ա՛յս է արիւն իմ նորոյ ուխտիս»…
Պօղոս այս պատմութիւնը տեսիլքի մէջ իմացեր է նոյն ինքն Յիսուսէն, մինչդեռ Մարկոս կը պատմէ բառացիօրէն միեւնոյն բանը՝ իբր պատահած ընթրեաց սեղանին վրայ:

Շատ մը դէպքեր կան, որոնք Մարկոսի աւետարանին մէջ վերագրուած են Յիսուսին, իսկ Գործք Առաքելոցին մէջ՝ Պետրոս առաքեալին։ Յիշենք մէկ- երկու օրինակ. Գործք Առաք. Ը 33-35. «Պետրոս եկաւ եւ այնտեղ մարդ մը գտաւ, որ ութը տարիէ ի վեր անդամալոյծ պառկած էր: Պետրոս ըսաւ. «Յիսուս քեզ կը բժշկէ. ե՛լ ու անկողինդ շիտկէ՛». եւ ան ալ շուտ մը ելաւ…»:
Մարկոս Բ 3-4 եւ 11-12. «Յիսուս ըսաւ անդամալոյծին. «Ե՛լ մահիճդ առ ու տու՛նդ գնա, եւ ան ալ շուտ մը ելաւ»:
Գործք Առաք. Թ 36-42. «Եւ Յոպպէի մէջ կնիկ մը կար Տաբիթա անուն, որ հիւանդացաւ ու մեռաւ — Պետրոս ծունկի եկաւ, աղօթեց եւ ըսաւ՝ «Տաբիթա՛, ելիր կայնէ՛». ան ալ իր աչքերը բացաւ ու Պետրոսը տեսնելով ելաւ շիտակ
նստաւ»…
Մարկոս Ե 38-42. «Եւ Յիսուս մեռածին ձեռքէն բռնելով ըսաւ. «Տալիթա կումի՛», որ կը թարգմանուի «աղջի՛կ, ելի՛ր». եւ իսկոյն աղջիկը ոտք ելաւ ու կը քալէր»…
Անտարակուսելի է, թէ տալիթա եւ տաբիթա միեւնոյն դէպքին կ’ակնարկեն:
Խօսինք նաեւ աւետարաններու ժամանակագրական եւ այլ սխալներուն մասին:
Քուիրինոսի մարդահամարը, որու ժամանակ իբր թէ մանուկ Յիսուսը Եգիպտոս փախուցած են, Հռոմի 760 թուին է, որ հաւասար է Քս-ի 6-7 թուին եւ ոչ թէ 1 թուին:
Քս-ի Զ դարուն է, որ Դիոնիսիոս կրտսեր անուն սկիւթացի մը կամայականօրէն որոշեց, թէ Յիսուս Հռոմի 654 թուին ծնած է եւ հաստատեց քրիստոնէական թուականը, որ վերջը Կարոլոս Մեծի թագադրութեան
գործադրութեան դրուեցաւ կայսերական հրովարտակով:
Յիսուսի ծննդավայրը Բեթլեհէմն է, բայց ան «Նազովրեցի» կը կոչուի: Ինչո՞ւ: — Ան Բեթլեհէմ պէտք էր ծնէր, որովհետեւ Դաւթի ցեղէն պէտք էր սերեր եւ Դաւիթ բեթլեհէմցի էր: Միքէ մարգարէ գրած է Բ 2. «Եւ դու, Բեթլեհէմ, քեզնէ պէտք է ելնէ ան, որ Իսրայէլի իշխան պիտի ըլլայ»: Կոյսէ մը կը ծնի, որովհետեւ Եսայի Է. 14 կ’ըսէ. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի»… Յիսուս Եգիպտոսէն պէտք էր գար, որովհետեւ Ովսէա մարգարէն կ’ըսէ ԺԱ 1-2. «Եւ իմ որդիս Եգիպտոսէն կանչեցի»…
Չափու վրայ պատրաստուած հեքեաթ…

Ո՞ւր է Նազարէթ քաղաքը: Այդ անունով գիւղ կամ քաղաք բնաւ ծանօթ չէ մինչեւ Քս-ի Է դարը: Խեղճ աւետարանիչը զոհ գացած է իր տգիտութեան: Մարգարէն «Նազովրեցի» ըսելով «նազիր» ըսել կուզէր, որ կը նշանակէ՝ «ձօնուած, ընծայուած»: Ըստ Մովսիսական օրէնքի՝ անդրանիկները (պէքօր-պօխօր) Եհովային կը նուիրուէին եւ կը դառնային «նազիր»:
Այդ բառը կը գրուի եբրայեցերէն «Նզր» ըստ սեմական այբուբենի, որ կը կարդացուի «նազիր, նազար, նազովը» եւ այլն… Եթէ Նազարէթ քաղաքէն էր, պէտք էր ըսել «Նազարէթցի» եւ ոչ թէ «Նազովրեցի»:
Ինչպէս ըսինք, հռովմայեցի աշխարհագիրները, որ ընդարձակ նկարագրութիւններ եւ տեղագրութիւններ ունին ծանօթ աշխարհի ամենայետնեալ գիւղերու մասին, չեն ճանչնար Նազարէթ անունով քաղաք մը: Ը (8-րդ) դարուն է, որ եկեղեցին կը հետաքրքրուի անով եւ կը զետեղէ զայն այժմեան Նազարէթին տեղը՝ չմոռնալով շինել նաեւ քարայրն, ուր Յիսուս ծնած է…
Ըստ աւետարաններու տուած տեղագրական ծանօթութեանց, Նազարէթ կը նոյնանայ Գամալա քաղաքին հետ, ուր ծնած էր Յուդա Գամալացի, կանայիթներու աղանդին հիմնադիրը:
Ըստ Ղուկասի՝ Յիսուս ծնած է ախոռի մը մսուրին մէջ: Յովհաննէս աւետարանիչ մսուրէ լուր չունի: Մարիամն ու զաւակը կը գտնուին բնակարանի մը մէջ (mansio), իսկ քարայր միայն անվաւեր աւետարաններու մէջ գոյութիւն ունի:
Յիսուսի ծնունդը նմանութիւն մըն է Արեւ աստուծոյ ծննդեան մասին քաղդէացւոց մէջ գտնուած աւանդութեանց: Կոյսը Զոդիակոսի երկոտասան համաստեղութիւններէն մին է. Դեկտեմբեր 24-ին (արեւադարձ) Անդէորդ
կը բարձրանայ եւ Կոյսին հետ միանալով կեանք կուտայ Արեւ ասածուն…
Ասոնք պատմութիւն չեն, այլ առասպել եւ այլաբանութիւն…
Յիսուսի առասպելականութեան ի նպաստ բաւական զօրաւոր են այս փաստերը: Բայց կայ եւ մաթիմաթիկական փաստը: Երեւակացէ՜ք, թէ Յիսուսի ժամանակակից ոչ մէկ յոյն, լատին կամ հրէայ պատմաբան կը յիշէ Յիսուսի անունը. կամ աւետարաններէն ոեւէ մէկը:
Ոչ ոք կը ճանչնայ Պօղոսը, որ նոր կրօնքը կը քարոզէ, կամ Պետրոսը, որ 25 տարի պապութիւն ըրած է Հռոմի մէջ:
Կարելի էր մոռնալ Պօղոսն ու Պետրոսը, բայց եթէ իրաւ են աւետարանները, Յիսուս այնչափ աննշան մէկը եղած չէ, որ վրիպի պատմաբաններու գրչէն…
Զարմանալի է արդարև ժամանակակիցներու այս լռութիւնը մինչեւ Քրիստոսի 125-130 թուականը, եթէ մանաւանդ ի նկատի ունենանք, թէ այդ ժամանակներուն հռովմէական կայսրութիւնն իր զօրութեան գագաթնակէտին է: Բոլոր կայսրերու վրայ ալ ամենամանրամասն եւ ընդարձակ տեղեկութիւններ կան տարբեր աղբիւրներէ եւ տարբեր ձեւերով: Ոչ մէկ դէպք կրնայ աննշմար անցնիլ Հռովմէն: Ամբողջ կայսրութեան մէջ կան կառավարիչներ, պրոկուրատորներ, հիւպատոսներ եւ այլն, որոնք մեծ մայրաքաղաքը գիտակ կը պահեն պետութեան ամենահեռաւոր անկիւներն իսկ անցած դարձած դէպքերուն:

Միջերկրականի վրայ նաւարկութիւնն աւելի անապահով է, քան միջին դարու յելուզակներու ժամանակ: Հրէաները ցրուած են Միջերկրականի ամբողջ եզերքներուն, եւ միայն Հռովմի մէջ տասը հազարնոց գաղութ մը կար անոնցմէ: Բոլոր գաւառներու մէջ հռովմէական պահակ լէգէոններ կը հսկեն կարգն ու կանոնին, եւ մասնաւորապէս Պաղեստինը գրաւուած է զինուորական կարեւոր ուժերով, մեսիական յաճախադէպ խլրտումներու պատճառաւ:
Եւ հակառակ այս ամէնքին, ոչ մի հռովմայեցի պատմաբան կը յիշէ Պաղեստինի Յիսուսը կամ անոր կեանքն ու վարդապետութիւնը պարունակող աւետարանները: Զարմանալի չէ՞ք գտներ այս ընդհանուր լռութիւնը:
Քս-ի Գ եւ Դ դարերուն եկեղեցւոյ հայրեր վերահաս եղան, թէ ո՜րչափ խախուտ է իրենց քարոզած Յիսուսը, առանց ժամանակակից պատմաբաններու վկայութեանց եւ սկսան ամօթալի եւ անխնայ գրական կեղծարարութեան մը: Ա եւ Բ դարերու բոլոր գրականութիւնը կեղծեցին ըստ կամս յաճախ շատ անշնորհք եւ ակնյայտնի կերպով աւելցնելով նպաստաւոր հատուածներ, ջնջելով աննպաստները, փոփոխելով անուններն ու թուականները եւ այլն, եւ այլն եւ մանաւանդ յերիւրելով սուտ գրութիւններ եւ վերագրելով զանոնք այլեւայլ Ա եւ Բ դարերու ծանօթ հեղինակներու:
Այս կեղծիքներու ամենանշանաւորն է Ֆլավիոս Յովսէփ հրէայ պատմաբանի յունարէն լեզուով գրած «Հնութիւնք» գրքին մէջի հետեւեալ հատուածը՝
«Այդ ժամանակները երեւցաւ Յիսուս, խելացի մարդ մը, եթէ կարելի է զայն մարդ կոչել, որովհետեւ հրաշքներ կը գործէր, եւ շատ մը հրէաներ եւ յոյներ կը հետեւէին իրեն — այս Յիսուսը Քրիստոսն էր. մեր գլխաւորներու մատնութեամբ Պիղատոս խաչն հանեց զայն, բայց զինքը առաջուց սիրողները չդադրեցան եւ նա անոնց երեւցաւ երրորդ օրը կենդանի» …
Ֆլավիուսի՝ մեզի հասած բոլոր ձեռագիրներն ունին այս հատուածը, բայց եկեղեցական ամենամոլեռանդ քննադատներն իսկ կը վարանին զայն վաւերական ընդունիլ: Ռընան կ’ըսէ, թէ «քրիստոնեայ ձեռք մը վերհպած է այս հատուածին»:
Կեղծիքը շատ պարզ է. եթէ այս հատուածը կար Ֆլավիոսի մէջ, որ գրած է 70-80 թւականին, ինչո՞ւ մինչեւ Դ. դար յիշատակուած եւ մէջ բերուած չէ քրիստոնեայ հայրերէն՝ հեթանոսներու հետ ունեցած իրենց գրավէճերուն մէջ: Ատկէ աւելի ի՞նչ զօրաւոր փաստ կարելի էր ցոյց տալ հրէաներուն՝ թէ իրենց մեծ պատմաբանն իսկ հաւատացած է Յիսուս Քրիստոսին:
Յուստինիանոս, Կղեմէս Ալեքսանդրացի, Տերտուղիանոս եւ այլն իրենց վկայաբանութեանց մէջ օգտագործած են մինչեւ իսկ անվաւեր հռչակուած գրութիւններ եւ մոռցած են յիշելու Ֆլավիոսի հատուածը. ամէնքն ալ լուռ
են այդ մասին: Որիգենէս (185-254 թ.թ.) Ֆլավիոսէն ուրիշ մէջբերումներ կ’ընէ եւ սակայն կը մոռնայ այդ համբաւաւոր հատուածն, որ լաւագոյնս պիտի ծառայէր իր պաշտպանած դատին:

Ի՞նչ կը նշանակէ այս — Թէ Քս-ի Գ դարին տակաւին այդ կեղծիքը ներմուծուած չէր այնտեղ: Եւսեբիոս Կեսարացին է, որ առաջին անգամ իր եկեղեցական պատմութեան մէջ (Դ դարի առաջին կիսուն) կը յիշէ այդ հատուածը եւ, ըստ ամենայն հաւանականութեան, կեղծարարն ալ ինքն է, Կեսարիոյ այդ եպիսկոպոսը, որու սուտերը մէկէ աւելի են, թերեւս բարեմտութեամբ գործուած:
Եթէ Ֆլավիոս գրած է, թէ «այդ Յիսուսը Քրիստոսը, այսինքն՝ Մեսիան է», ուրեմն՝ ինքն ալ քրիստոնեայ էր: Այն ատեն ինչպէ՞ս մեկնել իր լռութիւնը Յիսուսի կեանքին մնացեալ մասերուն համար:
Կարելի՞ բան է, որ իր ահագին երկասիրութեանցը մէջ քրիստոնեայ Ֆլավիոսը այդ քանի մը տողերէն աւելի բան մը գրելու առիթը չունենար իր պաշտած աստծուն համար:
Ֆլավիոս, որ այնչափ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Հրէաստանի ամբողջ անցուդարձերը Քս-է 50 տարի առաջէն մինչեւ Երուսաղէմի կործանումը (Քս- է 70 տարի յետոյ), այդչափ միայն գիտէ Յիսուսի մասին: Բաւականանաք յիշելով անկլիքան եպիսկոպոս Մարպըրթընի խօսքը, թէ Ֆլավիոսի այդ հատուածը «տխմար սուտ մըն է»։
Յիսուսի մասին Ֆլավիոսի լռութիւնը շատ նշանակալից եւ վճռական է անշուշտ, բայց ընդունինք վայրկեան մը, թէ ան մոռցած է այդ մեծ դէպքը կամ թէ դիտմամբ չէ գրած: Ֆլավիոսի ժամանակակից էր Յուստինոս անունով Տիբերիատցի ուրիշ հրէայ պատմաբան մը, որ նմանապէս գրած է «Հրէաներու պատերազմները» եւ «Քրոնիկոն հրէայ թագաւորաց» անունով երկու գիրքեր, որոնք կորսուած են: Թ դարուն, սակայն, Փոտիոս եպիսկոպոս աչքի առջեւ ունէր այդ երկու գիրքերը եւ կը զարմանար միամտաբար, որ
անոնց մէջ Յիսուսի մասին ոչ մի յիշատակութիւն կայ…

Պլինոս կրտսերն է առաջին հեթանոս պատմաբանը, որ 112 թուականին Տրայիանոս կայսեր ուղղած իր նամակին մէջ կ’ըսէ, թէ Բիւթանիոյ եւ Պոնտոսի մէջ կային քրիստոնեաներ, որ ուրացան իրենց քրիստոնէութիւնը
եւ աստուածներու գթութիւնը հայցելով ձեր պատկերին երկրպագեցին: Անոնք անիծեցին Մեսիան եւ խոստովանեցան, թէ որոշեալ օրերու արեւածագին հաւաքուելով՝ կարգաւ կ’օրհնաբանէին Մեսիան, իբր Աստուած (Christ quasi deo)։
Պլինոս լաւ ըմբռնած է քրիստոնեաներու տարբերութիւնը միւս աղանդաւորներէն. անոնք իբր աստուած կը պաշտեն Մեսիան, որ հրէական դիցաբանութեան կը պատկանէր եւ որ՝ պատուաստուած հրէայ նախանձոտ Եհովային վրայ, անհաշտ է կայսրութեան միւս աստուածներուն եւ կայսեր պաշտամունքին հանդէպ… Պլինոս վկայ է աստուած Յիսուսին, բայց ոչ պատմական մարդ Յիսուսին:
«Մեսիա» անունը լատին գրականութեան մէջ երկու անգամ ալ կը յիշուի Պլինոսի երկու բարեկամներու մօտ՝ Տակիտոս եւ Սուէտոն:
Տակիտոսի «Տարեգրութեանց» մէջ մէկ տող կայ անոր մասին, յիշատակուած Ներոնի ժամանակուայ Հռովմայ հրդեհին առթիւ: Տակիտոս կ’ըսէ, թէ Ներոն կասկածեցաւ «Christiani» կոչուած վատահամբաւ աղանդաւորներէն, որոնց կրօնքին հեղինակը՝ Մեսիան — Քրիստոսը, խաչուած է Պոնտացի Պիղատոսի ձեռամբ:
Այս «Տարեգրութիւնները» խմբագրուած են Քս-ի 115-117 թիւերուն, երբ հաւանաբար աւետարանները գրուած էին արդէն եւ շատ մը քրիստոնեաներ կային Հռովմի մէջ, եւ Տակիտոս առիթ ունեցած էր գիտնալու անոնց աւանդութիւնները, որոնց արձագանգն է այդ տողը:
Մէկ տող ալ կայ Սուէտոնի «Կեսարներու կեանքը» գրքին մէջ, որ գրուած է Քս-ի 121 թուին: Սուէտոն կ’ըսէ, թէ «Հրէաները Chrestus-ի դրդմամբ յաճախակի խռովութեանց պատճառ ըլլալով, Կլաւդիոս կայսրը (41-54թ.թ.) վռնտեց զանոնք Հռոմէն»:
Ո՞վ է այս Քրիստոսը — թերեւս հասարակ խռովարար մը, որովհետեւ այդ անունով շատ մը գերիներ եւ ազատներ կային Հռոմի մէջ. Հռովմի լատին արձանագրութեանց մէջ տասնեակներով Քրիստոսներ կան յիշուած:
Թերեւս նաեւ Քրիստոս ածականն է եւ իրօք Յիսուսի մասին է յիշատակութիւնը, թէեւ այդ պարագային «Քրէստոսի դրդմամբ» խօսքը անիմաստ պիտի թուի բացակայ մեռեալի մը մասին:
Հաւանական բացատրութիւնն այն է, թէ Կլաւդիոսի ժամանակ Հռովմի մէջ գտնուած հրէաներն երկու խումբի բաժնուած էին եւ յաճախ կը կռուէին իրար հետ. մէկ խումբը կ’ըսէր թէ Մեսիան յայտնուած է, միւսը թէ՝ ոչ:
Պօղոս առաքեալը, Կորնթոսի մէջ հիւրընկալող հրէայ ընտանիքն ալ Հռոմէն արտաքսւած այդ հրէաներէն էր, որ կը հաւատար Մեսիայի յայտնուած ըլլալուն, որով եթէ Սուէտոնի այդ Chrestus յիշատակութիւնը իրապէս Յիսուսին կը պատկանի, այդ է քրիստոնէութեան ամենահին յիշատակարանը, մինչեւ իսկ աւելի հին, քան Պօղոսի թուղթերը:
Ահա այս երեք վկայութիւններն են միայն, որ կը գտնուին ոչ-քրիստոնեայ հեղինակներու մօտ պատմական Յիսուսի մասին եւ այն ալ գրուած Քրիստոսի 120-130 թուականներուն. անկէ առաջ՝ ոչինչ…

Պլինոս կրտսեր կը վկայէ, թէ քրիստոնեաներ կային Բիւթանիոյ մէջ, որ Մեսիան իբր աստուած կը պաշտէին, Տակիտոս կարձագանգէ Պիղատոսի ձեռամբ խաչուած Յիսուսի մը մասին եղած տարաձայնութիւնները, եւ
Սուէտոն ալ կը նկարագրէ Քրէստոսի մը դրդմամբ (impulsore) պատահած խռովութիւններ:
Բաւակա՞ն են ասոնք Յիսուսի պատմականութիւնն ապացուցանելու համար: Ո՛չ կենսագրական ծանօթութիւններ, ո՛չ ականատեսի վկայութիւն եւ ո՛չ ալ որոշ տեղեկութիւն: Երեք վկայութիւնները միասին կէս էջ չեն կազմեր եւ բնաւ չեն համեմատիր իրական Յիսուսի մը յառաջացնելիք յեղաշրջման հետ:
Ի զուր կը դիմենք նաեւ Թալմուտի ծովին, ուր գտնուած երկու կամ երեք յիշատակութիւնները հեգնանքներ են աւետարաններու նկարագրած Յիսուս-Քրիստոսին: Թալմուտի այդ մասերը խմբագրուած են Գ եւ Դ դարերուն, եւ Յիսուս անունն ալ յունական ձեւով գրուած է եւ ոչ թէ հրէական Եշուա կամ Եօշուա: Րաբբին դիտմամբ կը շփոթէ Աստուածածին Մարիամը տարփուհի Մագթաղինացիին հետ եւ կգրէ, թէ Յիսուս զաւակն է Վարսավիրա Մարիամին. «մագթաղինէ» կը նշանակէ «Վարսավիրա» եւ Պանդիրա ատաղձագործին, որ մեծցած էր եգիպտացի մոգերու մօտ եւ ուսած էր անոնց արհեստը…

Եզրակացնենք. Յիսուսի նկատմամբ, իբր պատմական անձ, ոչ մի անժխտելի վկայութիւն կամ վաւերաթուղթ գոյութիւն ունի ամբողջ առաջին դարին. ան անծանօթ է իր ժամանակակից պատմաբաններուն՝ հրէայ թէ օտար:
Շատ մը Յիսուսներ կրնան ապրած ըլլալ այն ժամանակները, բայց քրիստոնէութեան հիմնադիր Յիսուս գոյութիւն ունեցած չէ հաւանաբար:
Առաջին քրիստոնեաները՝ Պօղոսէն եւ Պետրոսէն սկսեալ, հրէայ մէսիականներ էին, որ Եհովան եւ անոր ծառան օծեալը՝ Քրիստոսը կը քարոզէին իբր անոր մէկ նոր արտայայտութիւնը, մարմնաւոր ձեւով, եթէ կ՝ուզէք, բայց ոչ երբեք մահկանացու մեզի նման:
Քրիստոնէութիւնը ծնաւ մեսիական գաղափարի մարմնացումովը, այսինքն՝ Յիսուս ոչ թէ աստուածացած մահկանացու մըն է, այլ ժողովուրդին կողմէ հետզհետէ մարդացած աստուած մը, որ երկրի վրայ տեղ չունի:
Իրաւամբ ըսած է Լամպէր, թէ հին Կտակարանին մէջ մարգարէները կը զգան եւ կը խօսին պատահած դէպքերու ազդեցութեան տակ, իսկ նոր Կտակարանին մէջ դէպքերը կը կատարուին ճիշդ այդ մարգարէութեանց համաձայն:

Պատմաքննական հայեցակէտով Քս-ի Ա դարը կարելի է բաժնել չորս շրջաններու.
Ա. 20-էն 50 թ.թ. — այս շրջանին վրայ ոեւէ վաւերաթուղթ չկայ. ամբողջովին խաւարի մէջ է եւ ենթադրութիւններով միայն պէտք է գոհանանք: Յիսուսի հաւատքը կը ծնի հաւանաբար Գալիլիայի մէջ, երազներու եւ տեսիլքներու ազդեցութեան տակ. Պետրոս հրաշքներ կը գործէ եւ մարգարէութիւններ կ’ընէ: Այդ հաւատքը Երուսաղէմ կը ներմուծուի Յակոբ տեառնեղբօր ձեռամբ եւ կը հասնի մինչեւ հրէական Սինօդը — Սանհէդրին, որ մահուան կը դատապարտէ Ստեփանոս Նախավկան: Երուսաղէմէն արտաքսուելով, նոր աղանդը կ’երթայ մինչեւ Անտիոք եւ Հռովմ. Անտիոքէն կը տարածուի Փոքր Ասիա եւ Հռոմէն՝ Մակեդոնիա եւ Յունաստան: Այս առաջին շրջանը քրիստոնէութեան արշալոյսը շատ աղօտ է եւ հաւանաբար երբեք կարելի պիտի չըլլայ գիտնալ, թէ Յիսուսն ի՞նչ կերպարանքի տակ կը ներկայացուէր:
Բ. Այս շրջանը, որ Պօղոսի թղթերուն ժամանակն է՝ 50-55 թ.թ., աւելի պայծառ է: Սալոնիկի, Կորնթոսի, Հռովմի եւ այլն մէջ կան արդէն հաւատացեալներու խումբեր, որոնք կ’ունենային սրբազան հաւաքոյթներ:
Տեսանք արդէն, թէ այդ շրջանի Յիսուսը աստուածաբանական եւ միստիք գաղափար մըն է, որ բխած է Աստուածաչնչի տուեալներէն: Քրիստոնեայ տաղանդաւոր մարգարէն՝ Պօղոսը, կը վարէ այդ հաւաքոյթները եւ անոնց կը ներկայացնէ Մեսիան, որ աստուածային ձեւը ձգելով Դաւթի եւ Եսայիի երեւակայած մարմնական երեւոյթով տեսանելի է խանդավառ հաւատացեալներուն: Սատանան պարտւած է եւ յարուցեալ Մեսիան կը փրկէ մարդկութիւնը Մեղքէն եւ Մահուանէն:
Գ. Այս շրջանը դարձեալ մութ է, 55-էն 80 թուականը: Հաւատացեալները կը բազմանան, ծէսերն երեւան կ’ելնեն, մկրտութիւն, ընթրեաց բաժակ եւ նուիրապետական դասակարգ: Այս շրջանին է, որ կը պատահի նշանաւոր դէպք մը. Քս-ի 70 թուականին Երուսաղէմը կը կործանի Տիտոսի ձեռքով, եւ հրէաները կը ջախջախուին։ Ուրեմն՝ հրէաներն անարգւած եւ լքուած են Եհովայէն: Անոր որդին է, որ գործի գլուխ պէտք է անցնի հրէաներն Եհովայի հետ հաշտեցնելու համար: Փրկութիւնը Մեսիայէն է:
Այս շրջանին կը յօրինուին նոր կրօնքի պատգամները, պատուիրանները եւ յայտնութիւնները: Աստուածորդու երկնային պատմութեան կը շաղկապուին առանց տակաւին անոր հետ միանալու Ոգի Յիսուսի երկրային յարաբերութիւնները՝ մարգարէներու երեւակայածին յար եւ նման:
Դ. շրջանը 80-էն 120 աւետարաններու կազմութեան շրջանն է: Հռովմ, Անտիոք եւ Եփեսոս շարժման պարագլուխներն են եւ բացայայտ հակամարտութեան մէջ՝ հռովմէական իշխանութեան հետ: Մեսիական խորհուրդը պատմութեամբ կը հաստատուի. քնարական վիճակէն կ’անցնի նկարագրականին եւ որչափ տարածուի, այնչափ ժողովրդական գոյն կը ստանայ, հասկնալի ըլլալու համար:
Կրօնական խորհուրդի մը ըմբռնելը հեշտ չէ սկսնակի մը համար. անոր պէտք են հեքեաթներ եւ հրամաններ եւ ատկէ կը ծնի Մարկոսի աւետարանը… Պօղոսի անպատմելի դիւցազներգութիւնը կը վերածուի արուեստական աւանդութեանց, որոնք իբր թէ տեղի ունեցած են Պաղեստինի մէջ, Երուսաղէմայ կործանումէն կէս դար առաջ: Խորհրդաւոր Աստուածորդին կը ներկայացուի իբր Պիղատոսի զոհ մը եւ Յիսուս կը նիւթանայ հետզհետէ:
Երկրորդ դարի մէջ արդէն աւետարանները կը յիշուին իբր վկայաբանութիւններ եւ մարդ-աստուածը կ’ունենայ իր պատմութիւնը՝ շնորհիւ միստիք յոյներու եւ յուսահատած հրէաներու միացեալ ջանքերուն:

Անհրաժեշտ է երկու խօսքով հերքել նաեւ սովորաբար ընդունուած այն նախապաշարումը, թէ քրիստոնէութիւնն է բարոյականի աղբիւրը: Բացարձակ սխալ մըն է այս:
Նոր Կտակարանի մէջ միակ բարոյական պատուէր մը կամ վսեմ գաղափար մը չկայ, որ նորութիւն ըլլայ: «Ընկերդ սիրէ՛ քու անձիդ պէս» Ղեւտացւոց ԺԹ. գլխու 18 համարն է, որ կ’ըսէ. «Վրէժ չառնես եւ քու ժողովուրդիդ որդւոցը ոխ չպահես, հապա քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրես. ես եմ Տէրը»… Հիլլել մեծ րաբունապետը շատ աւելի գեղեցիկ կերպով ընդլայնած եւ բացատրած է այս սկզբունքը, քան Աւետարանները, Քրիստոսէն շատ առաջ:
«Հայր մեր» տէրունական աղօթքը չոր եւ անճաշակ նմանութիւն մըն է ստոյիկեան Կլէանթէի գեղեցիկ աղօթքին : «Մի՛ ըներ ուրիշին, ինչ որ չես ուզեր, որ ուրիշներն ընեն քեզ» ոսկեայ պատուէրն իր դրական եւ հետեւաբար աւելի վսեմ ձեւին մէջ քարոզուած է Կոնփիկիոսէն Քրէստոսէն քանի մը դարեր առաջ:
Աւետարաններու պատուէրներուն շատերը բառացի ընդօրինակութիւններ են Սբ. Գրքի պատուիրաններուն: Քրիստոնէութեան քարոզած նորութիւնն է՝ «եթէ մէկ երեսիդ զարնեն, միւսը դարձուր»: Բայց չեմ գիտեր, թէ ինչ մեծ բարոյական է չարն ու ստահակը, անիրաւն ու խաբերան քաջալերելը:
Սխալ ըմբռնուած հեզութիւն կամ խոնարհութիւն է այս, որ անվայել է ազատ մարդու մը:
Յիսուս արքայութեան կ’արժանացնէ աւազակ մը, որ խաչին վրայ իրեն ըսած է. «Տէ՜ր, յիշէ՜ զիս, երբ քու թագաւորութեամբդ գաս»:
Խնդիր չէ, թէ ինչպէս կը յարմարին այդ խօսքերն աւազակի մը բերնին մէջ. միայն բարոյական մասն ի նկատի առնելով կը ստիպուին հետեւցնել, թէ ըստ այդ վարդապետութեան կարելի է ամենաստորին գործերն ընել եւ ամբողջ կեանք մը չարիք գործելով հանդերձ երկնից արքայութեան արժանանալ՝ մահուան վերջին վայրկեանին հաւատքի գալով…
Ըստ պարկեշտ ըմբռնման, այս ոչ թէ բարոյական է, այլ՝ բարոյականի ուրացում:
Կրօնքին համար հաւատք պէտք է միայն, գործը կարեւորութիւն չունի, իսկ մեզի համար գո՜րծն է կարեւորը եւ գործէ՜ն պէտք է դատել մարդը:

Յիսուս իր մատնումէն վերջ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ կը վախնայ, կը գունատի, կը քրտնի եւ կ՛ըսէ, թէ մեռնելու չափ տրտում է (Մատթ. ԻԶ, 38), կը խնդրէ Աստուծոյ որ, եթէ կարելի է, այդ նեղութիւնները խնայուին իրեն, այդ գաւաթն անցնի իրմէ… Մի՞թէ վայել են այս տրամադրութիւններն իրական հերոսի մը, աշխարհը փրկելու սահմանուած աստուածորդիի մը…
Սոկրատ շատ աւելի փիլիսոփայօրէն եւ պաղարեամբ խմեց թոյնի բաժակը, եւ աւելի վերջերը քրիստոնեայ անհամար նահատակներ շատ աւելի քաջաբար դիմագրաւեցին մահուան՝ նոյն ինքն այդ Յիսուսին սիրուն…
Արեւելքցին աւելի հակամէտ է բռնութեան գլուխ ծռելու, քան արեւմուտքցին: Արեւելքը բռնապետական աստուածներու որորանն է, մինչդեռ Արեւմուտքը՝ հանրապետականներու: Արեւելքի կրօնական վարչաձեւը բռնապետութիւնն է, Արեւմուտքինը՝ հանրապետութիւնը: Այս է պատճառը, որ քրիստոնէութիւնն Եւրոպա անցնելով պատճառ եղաւ, որ յունական եւ հռովմէական փառաւոր քաղաքակրթութիւնն անհետանայ Միջին դարու հազարամեայ ամբողջ շրջանին։
Սխալ է նաեւ կարծելը , թէ միաստուածութիւնը հրէաներէն ծագած է. Աբրահամէն շատ առաջ նախազրադաշտեան պարսկական կրօնը կը քարոզէր Ահուրա Մազդան իբր միակ աստուած: Հրէից Եհովան իրենց մասնաւոր աստուածն է, ինչպէս Զեւսը՝ յոյներուն, Եուպիտէրը՝ հռովմացիներուն եւ Բաաղը՝ Փիւնիկցիներուն: Եհովան հայրն է «abba» եւ հրէաներն անոր որդիները՝ «bar», որով բոլոր հրէաները աստուածորդի են՝ «barabbas»:
Այս մասնաւոր աստուածները պէտք չէ շփոթել Պղատոնի, Կիկերոնի կամ Սենեկայի տիեզերական աստծուն հետ, որ «theos»-ը կամ «deus»-ն է: Հրէաները Եհովային առընթեր կը պաշտէին նաեւ ուրիշ աստուածներ՝ Ել, Ելօիմ, Ադոնա, որոնցմէ կը նախանձէր Եհովան: «Ինձմէ զատ ուրիշ աստուած չպիտի՜ պաշտէք» հրամանը բացայայտ է եւ «Ելօիմ» բառն արդէն յոգնակի է եւ «աստուածներ» կը նըշանակէ:
Հին եւ Նոր Կտակարաններու տարբերութիւններէն մէկն ալ Երրորդութեան գաղափարն է, թէեւ Հին Կտակարանին մէջ ալ յաճախ անորոշ կերպով կը յիշուի Աստծու հոգին: Նոր Կտակարանի երեք անձանց գաղափարը հնդկական ծագում ունի հաւանաբար եւ այնչափ շփոթ ձեւերով արտայայտուած է, որ յաջորդ դարերու եկեղեցական հայրերը մեծ
դժուարութեանց ենթարկուած են զայն բացատրել եւ ձեւակերպելու համար:
Եթէ քրիստոնէութիւնն իսկապէս մեռեալի մը աստուածացումն է, ինչպէս կ’ըսէ Ռընան, ան շատ անարժան է իր վայելած յարգանքին, հակառակ իր լայնածաւալ հասողութեան: Յուդան եւ Իսլամը զգուշացած են Մովսէսը եւ Մուհամմէտը աստուածացնելէ. չէր արժեր Հռովմի կայսրերու աստուածացումն իր հպատակներէն մէկին աստուածացմամբը փոխարինելու համար այդչափ մեծ զոհողութիւններ ընել եւ մինչեւ մարտիրոսացում տանել այդ զոհողութիւնները:
«Ո՛վ Ս. Գրքի հաւատացեալներ, չափազանցութեան մի՛ տանիք ձեր կրօնքի արդար պատուէրները. Յիսուս Մարիամի որդին է, իսկ Աստուածը մէկ է»:
Այսպէս արձանագրուած է ոսկեայ տառերով Երուսաղէմայ տաճարին տեղը կառուցուած Օմարի մզկիթին ճակատը:
Կարելի չէ ուրանալ, թէ արդարացի կշտամբանք մըն է այս իսլամներու եւ մովսիսականներու կողմէ նետուած քրիստոնեաներու հասցէին:
Իսկ մեզի՝ Հայերուս համար, արդեօք նպաստաւո՞ր եղաւ, թէ աննպաստ Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզութիւնը, այդ ալ վիճելի խնդիր մըն է, որու պարզաբանման հոգը կը ձգեմ Հայ պատմաբաններուն։ Եթէ սակայն մեր գիրն ու գրականութիւնը կը պարտինք քրիստոնէութեան, միւս կողմէն՝ անոր պատճառաւ չէ՞ արդեօք մեր այսչափ դարերու մարտիրոսագրութիւնը, որ վերջ չէ գտած տակաւին…



