«ՏԱՆԿՈւՏԻԻ ՊԱՏՄՈւԹՅՈւՆԸ ԼՍԵ՞Լ ԵՔ ԵՐԲԵՎԷ»…

Մինաս Չերազ

Հայ ազգի վեհանձն զավակներից մեկն է Մինաս Չերազը, որն ընդամենը 26 տարեկան էր, երբ որպես թարգմանիչ ընդգրկվեց Խրիմյան Հայրիկի պատվիրակության կազմում՝ մասնակցելով Բեռլինի Վեհաժողովին, որից հետո, 1878 -ին հրատարակեց մի գրքույկ. «Թե ի՞նչ շահեցանք Պերլինի Վեհաժողովէն», ուր աններելի էր համարում մեր ժողովրդի հուսահատությունը՝ վեհաժողովից հետո.
«Ի՞նչ է այս վհատութիւնը, զոր կը նշմարիմ ազգիս վրա»…
Հիշյալ գրքույկն այնուհետև թարգմանվել ու հրատարակվել է ֆրանսերենով, նաև՝ 1916-ին՝ տպագրվել անգլիական կառավարության «Կապույտ գրքում»:

Հայ մամուլում «Գրիչ և Սուր» տիտղոսը կրող իր հոդվածաշարը նա հետագայում հրապարակեց համանուն հատորում: Սակայն իր «խանդավառ ազատականությամբ համակված» հրապարակումներն արգելվեցին թրքական գրաքննության կողմից:
Եվ, խուսափելով համիդյան հետապնդումներից, 37 տարեկանում նա ապաստանեց Լոնդոնում, ուր 1889-ին հիմնեց «L’ Arménie» վերնագրով քաղաքական ու գրական թերթը՝ ֆրանսերենով, այնուհետև անգլերենով՝ «Armenia»:
Հետագայում (1898 -ից) հաստատվեց Փարիզում, ուր մինչև իր կյանքի վերջը՝ 1929 թվականը, գրական, թարգմանչական, հասարակական նշանակալի գործունեություն ծավալեց:

«Անիկա ծնած էր վարդի, երգի ու սիրոյ համար, մինչ իր բովանդակ կեանքը խամրեցուրեր էր գգուանքներէ հեռու, զրկանքներու մէջ, և, ինչպէս Չերազ ինքն իսկ կ’ ըսէ.
«Թիզ առ թիզ չափեցի ծննդավայրս, ուր ա՛լ յոյս չունէի վերադառնալու, և մանրամասնօրէն ուսումնասիրեցի Կոստանդնուպոլսի բոլոր հնութիւններն ու նորութիւնները»:

Հեռացեր էր հայրենական տունէն, հեռացեր՝ իր սէրերէն, իր վիշտերէն, իր ներշնչումներէն, ու գացեր՝ օտար ափերու անարեւ և անհիւրընկալ մթնոլորտներուն մէջ անհաւասար պայքար մղելու, կամ, իր իսկ բացատրութեամբ՝ «թուրք բռնապետութեան դէմ կռուելու համար»: («Արևելյան վիպակների»՝ Արտաշես Հովհաննիսյանի ուսումնասիրությունից):

Ազգային իրավունքների, Արդարության ու Ազատության համար պայքարող Հայորդին՝ Մ. Չերազը, որպես հանուն ժողովուրդների ազատագրության պայքարող մարտիկ, Վենեսուելայի կառավարության կողմից պարգևատրվել է «Ազատարար Բոլիվարի խաչով», ինչպես և՝ պարսկական «Առյուծի և Արևի սպայության աստիճանի» շքանշանով:

Մ. Չերազի՝ օտար երկինքների ներքո գրված «Արևելյան վիպակներից» մեկը՝ «Տանկուտին»՝ ահավասիկ, Հայրենիքի ջինջ ու մաքուր, Հայրենաբույր պատկերներով՝ Հայ ազգի անվեհեր զավակներից մեկի մասին…

            ՏԱՆԿՈւՏԻ

«1904 յուլիս 5-ին, Թուրքերու թշնամութեանն արդիւնք եղող հրդեհ մը մոխիր դարձուց ծնած տունս ի Հասգիւղ, Ոսկեղջիւրի ափերուն վրայ:
Թուրք բռնապետութեան դէմ կռուելու համար Եւրոպա ապաստանած Հայու մը նկատմամբ վրիժառութեան այս վատ միջոցը խորին զզուանք ներշնչեց ինձ:
Տխրութեամբ մտաբերեցի, թէ կորուսածս հասարակ շէնք մը չէր, այլ՝ մանկութեանս օրրանը, այն բոյնը, ուր երեւակայութեանս առաջին թեւերը բուսած էին, դրախտը այն ոսկի երազներուն, որոնք դեռահաս Արեւելցիի ուղեղիս մէջ կ’շողային:
Մանաւանդ պարտէզը սիրելի էր սրտիս, այն փոքրիկ պարտեզը, որ այնքա՜ն ընդարձակ կ’թուէր ինձ, ուր քիչ մը հանգիստ կ’փնտռէի դպրոցական չարախոնջութեան ժամերէ յետոյ, մետաքսաւէտ տերեւներով թթենիին, թթու պտուղներով նռնենիին, սաթէ ողկոյզներով որթատունկին ու զմրուխտէ գնդակներու բեռին տակ կքող սալորենիին միջև:
Իր պարծանքն էր ծառիկ մը, որ Կոստանդնուպոլսի Անտառաբանական վարժարանի աշակերտ Անդրանիկ եղբորս ձեռքով գիտնապէս պատրաստուած, չորս տեսակ պտուղ կու տար, ի մեծ զարմացումն մեր դրացիներուն:
Մեր ընտանիքն ամառ ատեն ընդհանրապէս հոն կ’ընդունէր այցելուներն ու այցելուհիները, աննման երկինքի մը բնական ամպհովանիին տակ, ոչ հեռու Ոսկեղջիւրէն, որ ադամանդէ գօտիի մը պէս կ’շողշողար Արեւելքի հրաշափառ արեւին ճաճանչներուն տակ: Ծեր թթենիի մը կտրուած կոճղը սեղանի տեղ կ’ծառայէր, անոր վրայ կ’դրուէր ափսէն, սուրճի գաւաթներով, անուշի ամաններով, օշարակի կամ օղիի ըմպանակներով ու Գար ‘աղաճի ջուրի շիշով բեռնաւորուած:

Մեր բոլոր այցելուներուն մէջ, ինձ համար արդարեւ ամէնէն համակրելին էր մօրեղբայրներէս մին:
Խաչիկ Աղա էր անունը. այլ սովորաբար կ’յորջորջուէր իր մականունով, որ էր Մինարէ Խրըդը (Մինարէի կտոր), մականուն մը, զոր ժողովուրդի նկարագեղ լեզուն յատկացուցած էր իրեն, իր հսկայ հասակին պատճառաւ:
Քաջ մարդ մ’էր, և ես ա՛յնքան անզուսպ խանդ մը կ’տածէի դիւցազնական գործերու նկատմամբ: Միտքս, հնութեան հերոսներու յիշատակովը գինովցած, անոնց մրցակիցները կ’փնտռէր ժամանակներուս մէջ:
Երբ Խաչիկ Աղան մեզ տեսնելու գար, իսկոյն կ’ձգէի գիրքերս ու պարտէզ կ’իջնէի:
Հին թթենիի կոճղին վրայ ձեռքովս կ’շարէի սրուակ մը Քիոսի օղի, շիշ մը պաղ ջուր ու պնակ մը սեւ ձիթապտուղ — ասկէ ուրիշ ախորժաբեր չէր սիրեր- աթոռ մը կու տայի իրեն, եւ սալորենիին բունին կռթնած, կ’աղաչէի որ, գուցէ հարիւրերորդ անգամն ըլլալով, պատմէր ինձ իր քաջութիւնները Հասգիւղի հրեայ, յոյն կամ թուրք չարագործներուն դէմ:

«Ի՜մ քաջութիւններս, ըսաւ ինձ օր մը: Արդէն ծանօթ են քեզ, տղե՛կս: Մեծ բան չեն անոնք:
Դու Տանկուտիի՛ քաջութիւնները լսելու էիր: Ճշմարիտ հերոս մ’էր նա:
Տանկուտիի պատմությունը լսա՞ծ ես երբէք»:

Յիշեցի, թէ օր մը, Հասգիւղի փողոցներուն մէջ, տեսած էի Հայ մը, տղու մ’ընկերացած:
Անցորդները մատով ցուցած էին ինձ այդ երկուքը, խորհրդաւոր կերպով մը եւ ամենախորին յարգանքի բոլոր նշաններովն՝ ըսելով ինձ.
«Ահա Տանկուտիին որդին ու թոռը»:
Այլ չգիտէի, թէ ո՞վ էր այդ Տանկուտին եւ ի՛նչ ըրած էր :
Սիրելի՛ մօրեղբայր,- պատասխանեցի,- Տանկուտիին անունը գիտեմ, պատմութիւնը չգիտեմ:
Հաճէ պատմէլ ինձ, կ’աղաչեմ»:
Հառաչեց՝ գլուխը շարժելով:
«Վէրքերս նորէն պիտի բանաս,- ըսաւ ցաւագին,- պատմել տալով ինձ այնպիսի մարդու մը կեանքը, զոր շատ սիրած եմ: Ի՜նչ քաջ, ի՜նչ քաջ:
Մեր դարը ա՛լ չ’արտադրեր այդպիսի կազմով մարդիկ:
Գաւաթի մը մէջ լցուց օղին, ջուր դրաւ մէջը և պուտ-պուտ խմեց:
Յետոյ ձիթապտուղ մը կերաւ:
«Սա սեւ ձիթապտուղը,- ըսաւ կուտը նետելով,- շիտակը՝ շատ կ’սիրեմ: Խաւեարի պէս պատուական է»:
Եւ սկսաւ պատմել.
«Տանկուտի մականունն է Հայու մը, որ Հասգիւղ ծնած է 1786-ի ատենները, այսինքն՝ ենիչէրիներու կոտորումէն քառսուն տարի առաջ: Բուն անունը Արթին էր, այլ ժողովուրդը Տանկուտի կը կոչէր զայն, ինչպէս Մինարէ-խրըղը կ’կոչէ զիս:
Հազիւ պատանի, նաւավար եղաւ: Իր դնդերային ուժին շնորհիւ, քիչ ատենէն Կոստանդնուպոլսի նաւավարներուն մէջ առաջին կարգը գրաւեց: Ո՛չ մէկ նաւակի թոյլ կուտար, որ իր նաւակէն առաջ անցնէր:
Երբ նաւավար մը յանդգնէր իր նաւակին հետապնդիլ, ձախ ոտքը ամուր մը կ’հաստատէր այն գեղաքանդակ տախտակորմին վրայ, որ երկու մասի կ’ բաժնէր իր նաւակը, եւ, թիակի մի քանի ուժեղ հարուածներով, ծովային վիթխարի թռչունի մը պէս կ’թռցունէր զայն Ոսկեղջիւրի, Վոսփորի կամ Պրոպոնտոսի ալիքներուն վրայ:
Նաւարշաւի մէջ առաջին մրցանակը կ’ շահէր միշտ, ինչ որ զայրոյթ կ’ ազդէր իր մահմետական մրցակիցներուն: Ի՜նչ քաջ, ի՜նչ քաջ»…
Խաչիկ Աղան ընդհատեց իր պատմութիւնը, ջրախառն օղիի գաւաթ մ’ալ կոնծելու և ձիթապտուղ մը ճաշակելու համար: «Սա սեւ ձիթապտուղը,-կ’ մրմռար, շիտակը՝ շատ կսիրեմ: Խավեարի պէս պատուական է»:
Իր պատմութեան շարունակութեանը կ’ սպասէի, անհամբերութենէ տանջուած, սալորենիին կռթնած միշտ:
Շարունակեց.
«Իր առաջին քաջագործութիւնը տեղի ունեցաւ այն օրն ուր, մեր գյուղին մէկ ամայի փողոցին մէջ, պատահեցաւ դեռահաս Հայու մը , զոր Օթուղ-Պիրի ահաւոր գունդին պատկանող ենիչէրի մը, թեւէն բռնած, դէպ իր զօրանոցը կ’քաշքշէր բռնի:
Պատանին օգնութիւն կ’պոռար: Տանկուտին առաջ կ’ անցնի առանց վարանելու, ապտակ մը կ ‘ զարնէ հեթանոսին ու ձեռքէն կ’խլէ տղէկը, որ բոլոր անդամներովը կ’դողդղար: Ենիչէրին կ ‘ ըսէ իբր պատասխան. Սէն կիպի կեաուրլար պիզի գանլը էտէր (Քեզ պէս անհաւատներն են, որ մարդասպան կ’ընեն մեզ): Կ’քաշէ եաթաղանը, յանդուգն նախայարձակն սպանելու համար: Սա այնքան արագաշարժ, որքան կորովի, կ’ ցատքէ ոսոխին վրայ, ձեռքէն կ ‘խլէ զէնքը, ոտքին տակ կ’ջախջախէ եաթաղանին շեղբն եւ, ենիչերիին երեսին զոյգ մը փառաւոր ապտակ փակցունելէ յետոյ, կ’սէ անոր.

«Կեանքդ կ’ բաշխեմ քեզ, պայմանաւ, որ ա՛լ Յասգիւղ ոտք չկոխես: Եթե յանդգնիս գալ, գործդ կ’լմնցունեմ: Եւ Օթուզ -Պիրի օճագը, որ ահ ու սարսափ կ’ազդէ Սուլթանին ու ամբողջ ժողովուրդին, չպիտի կրնայ քեզ ազատել Գայըգճի Տանկուտիի վրէժխնդրութենէն»:

Նախատուած ենիչէրին եղելութիւնը կ’պատմէ իր ընկերներուն, որոնք կ’ երդնուն իրենց կաթսային եղած անպատուութեան վրէժը լուծել (ենիչէրիները դրօշակ չունեին: Իրենց կաթսաները (գազան) դրօշի տեղ կծառայէին): Քիչ ատենէն Հասգիւղ կ’վերադառնայ, իր գունդին երկու անդամներուն հետ, եւ կ’սկսի պատանիին հետքը փնտռել:
Սա լուր կու տայ Տանկուտիին: Յաջորդ օրը, ամայի փողոցի մը մէջ կ’գտնուին երեք ենիչերիներուն դիակները, եւ, անոնց քով, իրենց ջախջախ եաթաղանները… Ի՜նչ քաջ, ի՜նչ քաջ»:
Խաչիկ աղան կ’ ընդմիջէ իր պատմութիւնը, ջրախառն օղիի գաւաթ մ’ալ պարպելու և ձիթապտուղ մ’ ուտելու համար:
«Սա սեւ ձիթապտուղը, -կ’կրկնէ,- շիտակը, շատ կը սիրեմ: Խաւեարի պէս պատուական է»:
Մտիկ կ’ընեմ՝ շուրթերէն կախուած: Կ’շարունակէ.
«Կ’կասկածուի, թէ Տանկուտին սպանած է այդ երեք ենիչէրիները: Քանի որ չկար ապացոյց, տասնի չափ ենիչէրիներ յանկարծ կ’ձերբակալեն զայն ու մավունույի մը մէջ կը նետեն Թոմրուք Աղասիին տանելու համար. տեսակ մը ոստիկանութեան նախարար, որ պիտի կարենար յանցանքը խոստովանցունել, գարշապարին վրայ գաւազանի հարուածներ տեղալով՝ մինչեւ որ ուշաթափ ըլլար: Այս դահիճը նուազ ահաւոր չէր Չորպաճիէն, որ ամբողջ օրը կ ‘անցունէր բազմոցի մը վրայ ծալապատիկ նստած ու յուլօրէն ծխելով իր նարկիլէն, եբենոդէ լախտերով շրջապատուած, որոնցմով անխնայ կ’ գանակոծէր ոստկանութեան ձերբակալած յանցաւորները, նույն իսկ անմեղները:
«Մավունան, ձիագետիի պէս տձեւ ու ծանր, դանդաղօրէն կ’յառաջանայ Ոսկեղջիւրի մէջ:
Տանկուտին իր ճակատագրին համակերպիլ կ’կեղծէ, այլ միջոց մը կ’փնտռէ իր սպառազէն պահապաններուն ձեռքէն ազատելու համար: Յանկարծ կ’նշմարէ թեթեւ մուխ մը, որ Ստամպօլի եօթ բլուրներուն մէկէն կ’բարձրանար:
«Սա՛ կողմը նայեցէք, կ’պոռայ իսկոյն: Կրա՛կ կայ: — Ենիչէրիները գլուխնին դէպ նշանակուած բլուրը կ’դարձունեն մեքենապէս, աչքերնին կ ‘բանան՝ մուխը որոշակի տեսնելու համար, եւ կ’ջանան գուշակել, թէ ո՛ր թաղին մէջ հրդեհ ծագած էր:
Տանկուտին, առիթէն օգուտ քաղելով, հակառակ կողմէն կ’ նետուի Ոսկեղջիւրի մէջ ու կ’կտրէ կանցնի լողալով: Ծովեզրը կ’հասնի, դեռ պահապաններն իրենց ապշութենէն չսթափած, եւ Հասգիւղ կ’ մտնէ յաղթական: Ի՜նչ քաջ, ի՜նչ քաջ»:
Խաչիկ Աղան կ’փորձուի ջրախառն օղիի նոր գաւաթ մ ‘առնել ու սեւ ձիթապտուղ մ’ ալ ճաշակել, «խավեարի պէս պատուական»: Կ’շարունակէ.
«Այս քաջագործութեանց համբաւը ահագին ժողովրդականութիւն կ’ շահեցունէ Տանկուտիին: Բարիները կ’սիրեն զայն, չարերը կ’սարսափին իրմէ: Իրաւարար մը կ’նկատուի ամէնէն:
Այն Հայ կամ յոյն մայրերը, որոնց որդիները կամ աղջիկները այսինչ կամ այնինչ ենիչէրիին անպարկեշտ թախանձանքներուն ենթակայ էին, իր պաշտպանութեանը կ’դիմէին, և ենիչէրին օրին մէկը կ’անհետանար:
Ուրիշ կիներ իրենց աղքատութիւնը կ’յայտնէին նաւավարին, որ ինք ալ մերթ կ’նեղուէր չքաւորութենէ, ձեռքը գաւաթ մը կ’առնէր, Հայոց եկեղեցիին դուռը կ’կենար ու նուէր կ’հաւաքէր, պարզապէս սա բառերը կրկնելով. «Տալու տեղ է»:
Եւ պղինձ ու արծաթ դրամներ կարկուտի պէս կ’թափէին գաւաթին մէջ, զոր Տանկուտին իսկոյն կ’ պարպէր այն դժբախտ մոր ձեռքը, որ կ’ամչնար մուրալ իր զաւակներուն համար:
Երբեմն կ’պատահէր, որ աղքատ աղջկան մ’ օժիտը հանգանակէր այս կերպով: Նպաստը կ’ հաւաքէր թշուառութեան մէջ մեռած քրիստոնէի մը թաղման ծախքն ալ հոգալու համար, և իր ընկերները կ’հրաւիրէր, որ իրեն հետ ներկայ գտնուէին յուղարկաւորութեան հանդէսին, իբր վերջին մխիթարանք ամէնէն լքուած աղքատի մը:
«Գաղափար մը տալու համար այդ երկիւղին վրայ, զոր Տանկուտին ենիչերիներուն ազդեց վերջապէս, քեզ պիտի պատմեմ դէպք մը, որ իր մահէն քիչ առաջ տեղի ունեցաւ:

«Այն ատենները գողութեան դէպքեր շատցած ըլլալով մեր գիւղին մէջ, կառավարութիւնը բնակիչներուն հրամայեց, որ գիշերը տունէն դուրս չելլեն առանց վառած լապտեր ունենալու: Ենիչէրի գիշերապահներ մինչեւ լոյս կ’շրջէին փողոցներուն մէջ, հրահանգ առած ըլլալով, որ կանոնազանցները ձերբակալեն ու բանտ տանին: Եթէ պատահէին դիմադրութեան, արտօնութիւն ունէին սպանելու:

«Օր մը, Տանկուտիի կինը իրմէ խնդրած ըլլալով, որ մոմ մը գնէր տանը համար, բարի նաւավարը, օրական աշխատանքէն յետոյ, յոյն նպարավաճառին խանութը կ’ երթայ: Ինք ալ, ինձ պէս, կը սիրէր Սագըզի մաստիգան, կտնկէ մի քանի գաւաթ, և միւս հաճախորդներուն հետ խոսակցելով ժամանակ կ’անցունէ: Մութը կոխած էր, երբ կ’որոշէ տուն երթալ: Չունէր լապտեր:
Մենաւոր փողոցի մը ծայրը հասնելուն, կ’լսէ գիշերապահ խումբի մը ծանր քայլերուն աղմուկը, որ դէպ իր կողմը կ’առաջանար: Իր աչքերը վեց ենիչէրի կ’նշմարեն խաւարին մէջ: Անոնք գող կ’կարծեն զայն, և կ’հրամայեն, որ կանգ առնէ:
Տանկուտի կ’մերժէ հնազանդիլ:
Ենիչէրիները պատեանէն կ’ հանեն իրենց շիմշիրները և իր վրայ կ’քալեն:
Չունէր զենք, այլ միթէ կտրիճը զէնքի պէտք կ’ունենա՞յ երբէք: Ետ կ’երթայ, մի քանի քայլ, գօտիէն դուրս կ’ քաշէ նպարավաճառէն առած մոմը, գլխուն վերեւ կ’ ճօճէ զայն իբր զէնք, եւ կ’պոռայ ահագնագոչ ձայնով.

«Տանկուտի՛ն եմ ես: Ահա՛ այն դաշոյնը, զոր քառսուն ենիչէրիի սիրտը մխած եմ:
Մօտեցե՛ք, եթէ անհամբեր էք Մուհամմէտի դրախտը երթալու:
Վեց ենիչէրիները, մոմին տեսքէն սարսափած, որ մութին մէջ դաշոյնի մը շեղբին հետ կ’շփոթուէր, և, մանաւանդ, լսելով Տանկուտիի զարհուրելի անունը, կծիկը կ’դնեն լեղապատառ…

  • Ի՞նչպէս մեռաւ այդ քաջը, հարցուցի, պատմութեան վերջն իմանալու անհամբեր:
  • Այնքան անհաւատալի կերպով, որ չես կարող գուշակել երբէք, զաւա՛կս:
    Ինք, որ ենիչէրիներուն պատուհասն էր, կեանքը վրայ տուաւ: Ենիչէրի մը մահէ ազատել փորձելուն համար: Դեռ քառսուն տարու չկար:
    -Ենիչէրի՞ մ’ ազատելու համար:
    -Այո: Օր մը, Սարայ-Պուրնուի կողմը պտտած ատեն կ’տեսնէ ծեր ենիչէրի մը, որ, ջուրին եզրը ոտքերը լուացած պահուն, հաւասարակշութիւնը կ’ կորսնցունէ ու կ’իյնայ հոսանքին մէջ:
    Ծերունին կ’տապլտկէր, օգնութիւն աղաղակելով: Տանկուտի չվարանիր: Քաջ լուղորդ, հագուստներովը կ’նետուի ալիքներուն մէջ, եւ իսկոյն կ’հասնի ենիչէրիին քով: Սա իր թեւերուն կ’փաթթուի այնպիսի ուժով մը, զոր անձնապահութեան բնազդը անդիմադրելի դարձուցած էր: Տանկուտի չյաջողիր զերծիլ, և հոսանքը երկուքն ալ կ’քշէ կտանի մէկ հատորի պէս:
    Այսպէս մեռաւ Տանկուտի, զոհ՝ իր բարութեան ու արութեան»:

Խաչիկ Աղան գաւաթին մէջ պարպեց օղիի սրուակը:
Այս անգամ ջուր չխառնեց, և մէկ ումպով կուլ տուաւ առանց ձիթապտուղին դպչելու:
Աչքերուն մէջ արցունքի երկու խոշոր կաթիլներ կ’ փայլէին»…

Մինաս Չերազ

Լուսանկարը՝ «Ինքնագիր» Գրական հանդեսից (01.03.2016), հեղինակ՝ Վահան Իշխանյան)

Facebook Comments