«ՄԵ՛ՆՔ, ԶԱՎԱԿՆԵՐԴ ՕԳՈՍՏԱՓԱՌ,
ՊԻՏԻ ԿԵՐՏԵ՛ՆՔ ՆՈ՛Ր ԱՐՇԱԼՈՒՅՍ»…
«Ցեղին Հոգին արիւն կու լայ մէջս, հրդեհուած քաղաքներէն եկող ամէն լուր տաք մոխիրի պէս կը թափի գլխիս եւ սրտիս վրայ»:
Դանիէլ Վարուժանի խոսքերն են…
1914 թվականի մարտի 26-ին, ի պատասխան Վարդգես Ահարոնյանի նամակի, նա գրել է.
«…Հայութիւնը կը խեղդուէր սուրի ու սովի մղձաւանջին մէջ, ու ես չուզեցի տեղ տալ իմ անձնական ցաւերուս, գրեթէ լռեցուցի իմ սիրտս ու նախընտրեցի երգել Ցեղին Սիրտը, որուն բաբախիւնները կը լսէի իմ մէջս, իմ սեփական արիւնիս խորը։
Հայութիւնը կու լար ու կը մռնչէր իմ մէջս…»։
«Բաղձանքս է ապագայի մարդերուն նուիրել այնպիսի հզօր Երգ մը՝ որ Հայրենիքը ինծի պէս
արարած մը ծնած ըլլալուն գոնէ չզղջայ»:
Հայ ազգի կրած տառապանքներից «մռնչացող» սրտով, «Բագինի վրա» իր Հայրենիքի հանդեպ ունեցած Սերը նվիրելով, նա «Հայրենիքի Ոգով» հզորացման կոչ էր անում ուժասպառված իր ազգակիցներին…
«Հայրենիքի, Նախնիների Ոգով» պետք է «Հայկական Հպարտությու՛նն» արթնացնել դարերի տառապանքից ընդարմացած՝ զգայնությունը կորցրած հոգիներում…
Ե՞րբ պիտի գաս. ե՞րբ մեր գետնին ոյծքերէն,
Իբր յարութիւնն հողին խըմած շողերուն,
Պիտի պոռթկան շունչիդ բոցերն երկնապող.
Կամ մեր երկրին արիւն կաթող ո՞ր աստղէն
Դու պիտ ‘իջնես հրդեհել
Զէնքի տըրմուղ ժողովուրդդ,
Որուն սըրտէն դարերն յաւէտ խըմեր են
Թորգոմական արիւնն եւ ո՛ղը պարպեր,
Որուն համար մեր պապերուն ոսկրոտին
Հովտէ հովիտ սըփըռուած
Բաժին են լոկ գայլերու:
…Իսկ որդիներդ թըշուառ
Կամ հեռացած հօրենական երկըրէն՝
Կը խառնակին ազգերու խորթ արիւնով,
Կամ նո՛յն երկրին ծոցին մէջ
Կը մեռնին լու՛ծն ուսերնուն,
Ապրողներուն թողլով մաս
Մերկացում ողջ Հայութենէն, խորթացումն,
Որով կ’ ըլլան իրարու դէմ թըշնամի
Եւ թըշնամւոյն դէմ ծառայ:
Ո՛չ մեր դաշտերն՝ եղած արեամբ ճախճախուտ,
Ո՛չ պարիսպներն ու տաճարներ քարուքանդ՝
Զիրենք կըրնան զայրագնել,
Ո՛չ օտարին ծաղրանքն եւ ո՛չ անարգանք
Կ’արթընցնեն իրենց հոգւոյն մէջ ընդարմ՝
Հըպարտութիւ՛նն Հայկական:
Կը ծառայեն և կ’ողբան,
Եւ ողբալով ըստրկութիւնն աւելի՛
Իրենց դէմքին կը յօրինեն վայելուչ…
Եկու՜ր, եկու՜ր. Ժամանակն ա՛յս է. Եկու՛ր…
Ահա ցեղէդ մաս մ’ազնիվ
Գաղափարի, գուպարի մէջ հալումաշ
Ճամբուդ վըրայ կը սըփռէ
Իր արիւնին հետ նոր վարդեր, կակաչնե՜ր…