ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
ԿԱՄ՝ «ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԻՆ ՕՐԵՐԸ» (ՄԱՍ Դ)

Ազգովի նշվող՝ հախուռն ու զվարթ խրախճանքներով լի տոն էր Բարեկենդանը՝ արթնացող, վերստին Պտղաբերության պատրաստվող Բնությանն ուրախ դիմավորելու խորհրդով:

Հայոց տոնակատարություններից, ուխտագնացություններից անբաժան էին ծիսական պարերը, մրցախաղերը՝ կոխը՝ գոտեմարտը, բազկամարտը, հեծյալ զինախաղերը…
Երգով ու պարով, ընդհանուր խնջույքով «ձմեռը ճամփող» Բարեկենդանի օրերն ավանդական կանոններով կենցաղից տարբերվող տոնախմբություններով ու ծեսերով էին անցնում, հնարամիտ կատակներով, դիմակավորված-կերպարանափոխված մասնակիցներով ներկայացումներով ու գլխիվայր շրջված սովորույթներով, ինչպես «Աբեղաթողի ծեսն» էր…

Ջավախքում, Արցախում, Հայկական Լեռնաշխարհի տարբեր շրջաններում Բարեկենդանի օրերին տեղի էին ունենում զանազան խաղեր, պարեր, մրցումներ, ձիարշավներ, դիմակավորված թատերականացված տեսարանների ցուցադրումներ, դիմակներով կերպարանափոխված անձանց մասնակցությամբ գործողություններ, Ղեյնոբաներ, Վարդանանց տոնի հետ կապված երթեր…

Լեռնային Կիլիկիայում՝ Ադանայի նահանգի Մարաշի գավառում՝ Հաճնում անցկացվող տոնական օրերի նկարագրությունները կան «Յուշամատեան»-ում: Ծանոթանանք.

«Բարեկենդանը Հայոց ամէնէն ուրախ եւ ամէնէն սիրուած տօներէն է, կը տեւէ շաբաթ մը կամ տասը օր, կը յաջորդէ Ս. Սարգիսին եւ կ’աւարտի Մեծ պահքին: Հաճնոյ բարեկենդանեան նկարագրութիւնները ցոյց կու տան, որ «Բայկինտօնք»ը (Հաճնոյ գաւառաբարբառով՝ Բարեկենդան) Հաճնոյ Հայոց ամենաուրախ եւ համաժողովրդական տօներէն է:
Աւելին, տօնակատարութեան առանցքը կազմող՝ խաղերը, պարերը, խնճոյքները, զուարճանքները, տանիքներու վրայ կազմակերպուող մրցախաղերը, անմիջական զուգահեռներ կը բերեն Հայոց աւանդական Բարեկենդանին հետ:
Խաղերու եւ զուարճութիւններու շաբաթ մը յիրաւի, որ Հաճնոյ Հայութիւնը կը նշէ համընդհանուր խանդավառութեամբ: Կարեւոր է նկատել, որ տօնին հիմնական գաղափարը կը յանգի կեանքի առօրեայ յարաբերութիւններու եւ արժէքներու ժամանակաւոր, աւելի ճիշդ՝ խորդհրդանշական փոփոխութեան. ժուժկալութիւնը կը փոխարինուի զեխութեամբ, հնազանդութիւնը՝ անհնազանդութեամբ, զսպուածութիւնը՝ անկաշկանդութեամբ եւ ազատութեամբ, աշխատանքը՝ անգործութեամբ եւլն:
Օրինակ, կրտսերներ աւագներու հետ անկաշկանդ կը կատակեն, կը զուարճանան, երիտասարդ տղաք եւ աղջիկներ իրարու հետ ազատօրէն կը շփուին, նոյնպէս երիտասարդ կիներ եւ աղջիկներ ընտանիքի երէց անդամներուն եւ տղամարդոց ներկայութեամբ աշխուժօրէն կը մասնակցին հանդիսութիւններուն:
Այս երեւոյթները ո’չ միայն ընդունուած չէին այդ ժամանակներու Հաճնոյ առօրեայ կեանքին մէջ, այլեւ կը հակադրուէին իշխող աւանդական բարքերուն: Մինչդեռ տօնին ամբողջ ընթացակարգը տակնուվրայ կ’ընէ ընկերային կեանքին կամ ընտանիքին մէջ գործող իրական յարաբերութիւնները:

Բարեկենդանի խաղերից
(լուսանկարը՝ «Յուշամատեան»-ից)

Բարեկենդանի անբաժան ուղեկիցներն են ընդհանրական խաղերը, երգն ու պարը, որոնք յաւելեալ զուարթութիւն կը հաղորդեն տօնին:
«Շաբաթ մը ամբողջ Հաճնի Հայութիւնը տղայական եւ մանկական ոգիով կը լեցուէր,- կը պատմէ Հաճնոյ տօներուն մասին ականատես հեղինակը,- տանիքներուն վրայ տարիքոտ մարդիկ, կիներ, հարսեր, աղջիկներ եւ տղաք խումբ խումբ տարբեր խաղերով կը զբօսնէին, եւ ժողովուրդը մեծ հաճոյքով կը դիտէր զանոնք»:
Խաղերը տեղի կ’ունենան բակերուն մէջ, տանիքներուն վրայ եւ կը շարունակուին մինչեւ ուշ գիշեր: Տղաք անարգել տանիքէ տանիք կը ցատկեն ու կը զուարճացնեն ընտանիքները: Առաւել տարածուած են՝ «էշի պուլտու», «գօչգօչա», «թույինը», «չօթուրում էշէք», «ալայինը», «մէտիկ», «տիկանօկ» անուններով յայտնի զուարճախաղերը: Նշուած անուններէն կարելի է եզրակացնել, որ անոնք հայաբնակ շատ մը գաւառներու մէջ տօնին ուղեկցող ընդհանրական խաղերէն են, միայն թէ փոփոխուած անուններով եւ տեղական տարբերակներով:

Անցնինք ուտեստներու նկարագրութեան, որուն ընդհանրապէս մեծ կարեւորութիւն կը տրուի:
Տօնին ընդառաջ մառաններէն դուրս կը բերուին ձմրան համար պատրաստուած բոլոր մթերքները. կը պատրաստուին միսով եւ իւղով կերակուրներ, տեսակ տեսակ անուշեղէններ:
Նաեւ իւրաքանչիւր ընտանիք, ըստ կարողութեան, կենդանի մը կը մորթէ, առհասարակ խնճոյքի սեղանները առատ եւ ճոխ կ’ըլլան: Ընդունուած սովորութիւն է նաեւ տօնական ուտեստներէն բաժնել դրացիներուն, յատկապէս չունեւոր ընտանիքներուն:

Խնճոյքները, զուարճութիւնները, կատակները իրենց բարձրակէտին կը հասնին Բարեկենդանի վերջին օրը:
Պարտադիր պէտք է սպառին բոլոր մսեղէն, իւղեղէն, կաթնեղէն ուտեստները, քանի որ յաջորդ օրն այլեւս Մեծ պահք է, որու ընթացքին արգիլուած է կենդանական ծագման ուտելիքներով սնուիլ: Բարեկենդանին այնքան շատ կ’ուտեն, որ այդ օրերու համար կ’ըսեն.

Բայկինտօնք, խնտոնք, խնտոնք,
Էշ մը ունանք, գինիցոնք, կիյօնք,
Վողը իլոնք, կըլկըլտիցոնք:

Աշխարհաբար՝

Բարեկենդան, ուրախացանք, ուրախացանք,
Էշ մը ունէինք, գերցանք, կ’երանք,
Վաղը (յաջորդ օրը) ելանք, փափաքեցանք (կարօտը քաշեցինք)»:

Շարունակելի…