«ԼՈՅՍԸ ԱՇՏԻՇԱՏԷՆ ԿՈՒԳԱՅ»

Միջնադարյան Հայ աստվածաբանական միտքը դարեր շարունակ կրոնակա՛ն ինքնությունն է առաջնային համարել՝ ազգային ինքնության մյուս ցուցիչների նկատմամբ՝ ազգությունը նույնացնելով միայն կրոնի, դավանանքի հետ: Հայ եկեղեցու սահմանած դավանանքից, «անխախտելի կարգից» շեղումը հավասարազոր էր Հայ ինքնությունից հրաժարմանը:

Սակայն Հայոց Ազգային ինքնությունը՝ Ազգային հոգեկերտվածքը, խտացված է հնագույն ժամանակներից եկող ավանդույթներում՝ ծեսերում ու տոներում: Այդ ավանդույթները, թեև իմաստափոխվեցին ու աղճատվեցին՝ քրիստոնեությանը հարմարեցվելով, այնուամենայնիվ, հարատևեցին՝ հասնելով մեր օրերը:

«Պատմական երկու խոշոր շրջաններում»՝ հնագույն շրջանում ու քրիստոնեության տարածմանը հաջորդող ժամանակներում «Հայի հոգու հոգեբանական զննության» մի օրինակ է Ս. Տէր Քերոբեանի փոքրիկ ուսումնասիրությունը՝ վերնագրված՝ «Լոյսը Աշտիշատէն կուգայ» (տպագրված՝ «Տարօնի Արծիւ», 1942 թ., թիւ 18, էջ 40-47):
Հեղինակը նշում է, որ Ազգի հոգեկան ու մտավոր աշխարհի հարազատ պատկերը նրա նիստ ու կացի, աշխատանքի կերպի մեջ է արտացոլվում, և պատմության ընթացքում տեղի ունեցող իրադարձություններն իրենց «տևականությամբ, հաճախականությամբ» «որոշ գոյն մը կուտան սովորութիւններուն, աւանդութեանց եւ կենցաղին»: Իսկ ներքին հատկությունների «կատարյալ բողբոջումն ու պտղավորումն» արտաքին ազդակների ազդեցությանն է ենթարկվում՝ ուժեղանում կամ՝ տկարանում:

«Եթէ վերցնենք Հայ ժողովուրդին հոգին՝ իր պատմական երկու խոշոր շրջաններուն եւ փորձենք ենթարկել զայն որոշ հոգեբանական զննութեան, պիտի հասնինք շատ հետաքրքրական եզրակացութիւններու:

Հեթանոսական շրջանը կրնանք յատկանշել իբրեւ իրատեսութեան շրջան՝ կարծր, առարկայական խորհելակերպով եւ ապրելակերպով: Բնութեան ուժերուն անմիջական ազդեցութիւնը ամէն վայրկեան կը շարունակէր զգացնել իր ներկայութիւնը մարդուս վրայ եւ ուղղութիւն կուտար անոր գործերուն, վարմունքին եւ որոնումներուն:
Ամէն քայլափոխին՝ հոս ու հոն կանգնող մեհեանները՝ իրենց կուռքերովն ու քուրմերովը, Հայ մարդուն զգայարանքներուն եւ հոգուն վրայ կը դրոշմէին այն անտեղիտալի ճշմարտութիւնը, որ անհատին եւ կամ հաւաքականութեան կեանքը պէտք է հարազատօրէն արտայայտէ բնութեան կեանքը: Որ անհատը իր գործունէութեան եւ ոգորումներու ընթացքին մի՛շտ հաշուի պէտք է առնէ Բնութեան օրէնքները՝ իբրեւ յաւիտենօրէն ազդու գործօններ, որ, վերջապէս, ժողովուրդ մը՝ իր պատմութիւնը կերտելու ատեն, պէտք է համագործակցութեան կանչէ իր երկրին լեռներու, ձորերու, անտառներու եւ դաշտերու մէջ գործող ազդակները:
Ա՛յդ ձեւով միայն ան կրնայ այդ միջավայրին հարազատ եւ ներքին ներդաշնակութիւն ունեցող դէպքերու ամբողջութեան մը ծնունդ տալ:

Ջրվէժներու զնգոցը, լեռներու խիզախ սլացքը եւ վայրի գազաններուն մռլտոցը մի՛շտ արթուն պէտք է պահեն անհատը եւ մրճահարեն անոր մէջ առարկայականութեան եւ իրատեսութեան ոգի:
Այսպէսով, բնական ուժերու շօշափելի ներկայութիւնը, կուռքերու կերպարանքը եւ քուրմերու կենցաղն ու քարոզչութիւնը պատրաստեր եւ համադրեր են հին մարդուն շուրջը առարկայական միջավայր մը եւ գործելակերպ մը, ուր մարդս միշտ պիտի զգար ինքզինքը մէկ մասը Բնութեան եւ գործէր համաձայն անոր ցուցմունքներուն:

Ես կը կարծեմ, որ այս կարծր ու իրատես մտածելակերպն էր գլխաւորագոյն պատճառը մեր պետական կեանքին զօրութեանը հեթանոսական շրջանին:

Տե՛ս աշխարհը այնպէս, ինչպէս որ է եւ գործէ՛ համաձայն անոր մէջ ապրող հիմնական եւ համապարփակ ուժին եւ օրէնքներուն:

Քրիստոնէութեան որդեգրումով՝ պատկերը սկսաւ փոխուիլ:
Այդ նոր վարդապետութիւնը սկսաւ քարոզել այնպիսի օրէնքներ եւ հաւատալիքներ, որոնք բոլորովին դէմ էին մինչեւ այդ օրը ապրուած կեանքին ու սովորութիւններուն:
Ան կը հաւատար, որ իր քարոզած փիլիսոփայութիւնը եւ խոստացած կեանքը անհամեմատօրէն բարձր էին, քան Բնութեան թելադրած կենցաղը:

Ան եկաւ թանձր քողով մը ծածկելու Բնութեան դէմքը՝ որպէսզի մենք չտեսնենք զայն, այլ ներշնչուինք տարբեր պատկերով ու կեանքով, այսինքն՝ գերբնականով, հակառակ այն իրողութեան, որ Բնութեան օրէնքները պիտի շարունակեն գործել մարդուս մէջ, եթէ ան բոլորովին չը կուրանայ անոնց հանդէպ եւ անձնասպանութեան հասնող անտարբերութեամբ հակառակ չերթայ անոր:

Մենք հակառակ գացինք անոր եւ յանգեցանք պետական մահուան:

Հայ ժողովուրդը կը ցուցադրէ յատկանշական երեւույթ մը՝ այն է, երբ այն կ’որդեգրէ նոր սկզբունք մը եւ նոր կարգ ու սարք, այնպիսի՜ խանդով եւ մոլեռանդութեամբ կը փարի անոր, որ իր մտքին աչքերը կը կուրանան եւ չեն տեսներ ճշմարտութեան նշոյլ մը կամ՝ լոյսի ճառագայթ՝ ուրիշ որեւէ հոսանքի մէջ:

Մեր կրօնական առաջնորդները, մեր պետական մարդիկ, մեր կրթական մշակները՝ ընդհանուր առմամբ, իրենց աչքերուն վրայ քաշեցին Քրիստոնէութեան մշուշը, լեցուցին իրենց ներաշխարհը հեզութեան, միամտութեան, անբծութեան, այլասիրութեան եւ անշահախնդրութեան զգացումներով, եւ նետուեցան մրցադաշտի մը մէջ, ուր անհատներն ու ժողովուրդները զինուած էին, ընդհակառակն, խորամանկութեան, անազնուութեան, շահագիտութեան եւ եսասիրութեան զէնքերով:

Ընդունելով քրիստոնէութիւնը՝ մեր Հայրերը միանգամ ընդ միշտ հրաժարեցան Իրապաշտ հայեցողութենէն եւ դէմքերնին դարձուցին դէպի երազներու աշխարհը:

Բնականօրէն հակուած դէպի երազանք՝ Հայ ժողովուրդը այնչափ խորը ազդուեցաւ նօր կրօնական այս շարժումէն, որ կեանքը անոր համար վերածուեցաւ բանաստեղծութեան, այսինքն՝ զգացումներու եւ մտապատկերներու գունագեղ խաղի… Այն կեանքը, ուր մարդոց գլխաւոր մտմտուքն էր դաշոյն պատրաստել եւ դաստիարակուիլ լեռներու եւ եղեգնուտներու վայրի գազաններէն:
Մեր հայրերն այդ համապարփակ կռիւներուն մէջ մտան անզէն եւ յուսացին, որ սոսկ ճշմարտութեան ոյժը պիտի կարողանայ պահել ու պաշտպանել իրենց ցեղին գոյութիւնը»…

«…Եթէ խորը նայելու ըլլանք՝ պիտի տեսնենք այն անժխտելի ճշմարտութիւնը, որ՝ եթէ մեր հեթանոսական ոգին Հայ ժողովուրդին մէջէն կատարելապէս ջնջուած ըլլար, եւ ուժի պաշտամունքը չը յայտնաբերեր ինքզինքը պարբերական ըմբոստութիւններու եւ յեղափոխութեանց մէջ, Հայ ցեղը՝ շատ մը ուրիշ հին ժողովուրդներուն պէս, յաւիտենապէս հեռացած պիտի ըլլար մարդկային պատմութեան թատերաբեմէն:

Շնորհիւ, սակայն, դարերու ընթացքին հրապարակ եկող փոքրաթիւ հերոսներու մէջ արտայայտուող Վահագնեան փիլիսոփայութեան եւ պաշտամունքին, մեր ժողովուրդին գոյութիւնը պաշտպանուած է արիւնոտ ճակատամարտներու մէջ եւ պիտի շարունակուի՛ պաշտպանուիլ, եթէ երազանքի եւ աղօթասացութեան մշուշը մէկդի վանենք մեր աչքերէն եւ պայծառօրէն տեսնենք կեանքը՝ իր բոլոր երեսներուն մէջ, այսինքն՝ ուժի, առարկայականութեան եւ Բնութեան օրէնքներու անդիմադրելիութեանը:

Մենք չե՛նք կրնար աչքերնիս գոցել այն անխորտակելի եւ ակնբախ իրականութեանց հանդէպ:
Մենք չե՛նք կրնար աչքերնիս գոցել եւ թռչիլ, երբ իրապէս նստած ենք գետնի վրայ:

Շատ մը քրիստոնեայ պետութիւններ ունինք, որոնք տնտեսապէս եւ զինուորականապէս ահռելիօրէն ուժեղ պետութիւններ են ըրեր ինքզինքնին:
Ինչպէ՞ս կրնանք, ուրեմն, մեղադրել Քրիստոնէութիւնը՝ որպէս վարդապետութիւն մը, որ իբրեւ թէ կուգայ տկարացնելու անհատական նախաձեռնութեան ոգին եւ ազատ մրցումի հրաշագործ խաղերը:

Եթէ, սակայն, ուշի ուշով քննելու ըլլանք այդ ժողովուրդներու կարգն ու սարքը, պետութեան վարած քաղաքականութիւնը եւ կատարած քարոզչութիւնը, պիտի տեսնենք, որ անոնք անունո՛վ միայն քրիստոնեայ են: Որովհետեւ, անառարկելի իրողութիւն է, որ բոլոր զօրաւոր ազգերը կրակո՛վ եւ սրածութեա՛մբ են հասեր իրենց ուժեղութեան:
Միջոցներ, որոնց գործածութիւնը իսկական քրիստոնեայ մը չէր կրնար արդարացնել:

Աշխարհը երկերեսանիներու՛ աշխարհ է, դիմակաւորներու պարահանդէ՛ս…
Եթէ կ’ատես կեղծ ու պատիր արտայայտութիւնները եւ քաղաքական ու դիւանագիտական անառակներէ կը խորշիս, պէտք է, սակայն, աշխատիս ճանչնալ զանոնք՝ քու՛ իսկ ինքնապաշտպանութեանդ համար:
Անոնք իրական ուժեր եւ ազդակներ են կեանքի մէջ, զորս պէտք է նկատողութեան եւ հաշուի առնել:

Հայ ժողովուրդին հոգուն մէջ, սակայն, Լոյսը գերագոյն արժէք ունեցող գոյացութիւն մըն է. անկէ դուրս՝ ամեն ինչ անարժեք է, վաղանցուկ է եւ՝ սիրոյ ու պաշտամունքի անարժան:
Անոր երազատես միտքը, անոր բանաստեղծական, հովուերգական խառնուածքը, անոր բնազանցօրէն փիլիսոփայելու հակումը՝ բնութեան մէջ, միայն մէկ արժէքաւոր իրականութիւն կը գտնէ: Այն է՝ Լոյս-իրականութիւն, առանց որու կեանքն ու տիեզերքը անկերպարան խառնարանի մը կը վերածուին»…

…«Լոյսը գերիվեր է ամէն բանէ:
Ամեն ինչ անոր կը հպատակի»…

«…Համբերութի՛ւն է պէտք: Անշու՛շտ, ամէն բան մէկէն չ’ըլլար, մանաւանդ, որ երկինքը կուզէ մարդուս անկեղծութիւնը փորձել եւ չափել անոր հաւատքին խորութիւնը:
Համբերէ՛ և աղօթէ՛:
Չկա՛յ ուրիշ միջոց»…
…«Աղօթէ՛ եւ սպասէ՛, չկա՛յ ուրիշ ճամբայ:
Մշտնջենական կախումի զգացումը քեզ թող չը լքէ եւ, եթէ կուզես պատահական շնորհներու արժանանալ այդ երկրային ուժին կողմէ, պէտք է ըլլաս կատարեալ գառ մը՝ գազաններով լի անտառին մէջ:
Այսօրինակ խորհելակերպն է, որ մարդուս մարմինն ու հոգին կ’անդամալուծէ եւ կը վերածէ զայն ողորմելի խլեակներու՝ ենթակայ աջէն ու ձախէն փչող մրրիկներու մրճահարումին:

Մենք ա՛յս կերպ խորհողութեան պէտք չ’ունինք, երբ մեզ շրջապատող գազաններու ոհմակները կը քշտեն իրենց ակռաները՝ մեր մսին համեղութեան գինովութեամբը:
Մենք պէտք է խորհի՛նք, թէ ի՛նչ միջոցներով այդ ժանիքները կրնանք կոտրել:
Խոնարհութեա՞մբ, աղօթքո՞վ, երկնային Լոյսին օգնութեա՞մբը…
Երբե՛ք:
Մենք պէտք ունինք ա՛յն Լոյսին միայն, որ կ’իջնէր, տարիներ կ’իջնէ, որ մեռելներու հոգիները կը լուսաւորէ եւ դրախտին առիքէն կը կախուի՝ իբրեւ ջահ յաւիտենական աշխարհին:

Մենք պէտք ունինք ա՛յն Լոյսին միայն, որ կ’իջնէր՝ տարիներ առաջ, Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետին զանգակատան խաչին վրայ:
Դուք չէ՛ք տեսած այդ Լոյսը:
Շատ քիչերդ կրնաք տեսած ըլլալ զայն:
Ես այդ քիչերէն մէ՛կն եմ: Ես իմ աչքո՛վս տեսած եմ այդ Լոյսը:

Աշակերտ էի այդ վանքը: Երեխայ:
Այդ պարսպապատ վանքը ողողուած էր խորհրդաւոր երեւոյթներով:
Այն աս սովորական աշխարհին մասը չէ՛ր կազմէր կարծէս:
Խորունկ եւ անբացատրելի բան մը կը ծփար անոր շուրջը:
Բան մը, ուրկէ երկա՜ր դարերու հո՛տը կուգար…

Վանքին բակերէն մէկին մէջ կար փոքրիկ գմբէթաւոր տաճար մը՝ նուիրուած Մարիամ Աստուածածնայ, որուն «Դիւտուն» կ’ըսէինք («Դևերի՝ Դիցերի տուն», Կ.Ա.): Այդ տաճարը շինուած էր հեթանոսական մեհեանի մը աւերակին վրայ:
Անոր նեղ ու փոքրիկ պատուհանէն, երբ ականջնիս մօտեցնէինք՝ կը լսէինք խուլ ձայներ, որոնք, իբրեւ թէ, գետնին տակ շղթայուած դեւերէն եւ սատանաներէն կուգային:
Երբ առաջին անգամ վանքը գացի եւ աշակերտ արձանագրուեցայ հոն, ի շարս շատ մը խորհրդաւոր պատմութիւններու, լսեցի, որ տարին անգամ մը՝ գիշեր ատեն, լոյս կ’իջնէր գմբէթներէն մէկին վրայ:
Եւ, որովհետեւ այդ երեւոյթը տեղի կ’ունենար աշնան եղանակին, այդ ամիսներուն մենք՝ բոլոր աշակերտներս, անձկանքով կը սպասէինք այդ երկնային յայտնութեանը:
Խոշոր եւ երկար ննջարան մը ունէինք՝ յիսունէ աւելի մահճակալներով:
Աշնան գիշեր մըն էր:
Գիշերապահը՝ բարձրահասակ, ծերունի Սասունցի մը, ննջարանին մէկ անկիւնը նստած՝ մոմի նուաղկոտ լոյսին տակ փող կը փչէր:
Կը փչէր այնքա՜ն մեղմ, այնքա՜ն անուշ, որ երաժշտական ալիքներու անտեսանելի մշուշին ներքեւ թմրած եւ գինով քնացանք:

Որչա՛փ էի քնացեր՝ չե՛մ գիտեր, երբ զգացի, որ մէկը իմ ծածկոցս կը քաշէր:
Աչքս բացի՝ տեսայ, որ կոյր Խաչոն էր ան, որ կ’ըսէր.
«Սմբա՛տ, յէլի՛, լուս է յիջի»:
«Գեղա՛մ, յէլի՛, լուս է յիջի…
Մկրօ՛, յէլի՛, լուս է յիջի»…
Յետոյ, մահճակալէ մահճակալ երթալով՝ «Գարեգի՛ն, յէլի՛, լուս է յիջի…»:

Բոլորս իրարու ետեւէն դուրս ցատկեցինք՝ պլլուած մեր փոքրիկ ծածկոցներուն մէջ:
Երկրորդ յարկին պատշգամբը խռնուած՝ աչքերնիս գամեցինք վե՛ր՝ մութին մէջ մխուող գմբէթներուն:

Ահռելի մրրիկ մը կը գոռար:
Ձիւնախառն անձրեւ մը՝ անսովորօրէն թանձր, վար կը թափէր…
Սեւ ամպերու բլուրներ՝ կախուած վանքին եւ շրջակայքին վրայ՝ մութէն կը զատորոշուէին…
Հովի ձա՞յնն էր՝ կուգար ականջնուս, թէ՞ հազարաւոր անօթի գայլերու ոռնոցը:
Ու ահա՛, այդ ահեղ ու մութ մրրիկին մէջ մխուող զանգակատան խաչը շրջանակուած տեսանք լոյսով, դեղնօրակ եւ սարսռուն լուսապսակով մը՝ նման աղօթքին մէջ վերացած սուրբերու լուսապսակին:

Քարացած այդ խորհրդաւոր երեւոյթին առջեւ՝ սկսանք բնազդաբար ինքզինքննիս խաչակնքել՝ կրօնական խորունկ ջերմեռանդութեամբ:
-«Սուրբ հոգի՛ն է… Սուրբ հոգի՛ն… Երկնային Լոյսը…
«Հաւատով խոստոսվանիմը» կը մրմնջէինք բոլորս եւ մեր սորված աղօթքները կ’ըսէինք:

Կայծակները կը պատռտէին գիշերը, որոտումը կը ցնցէր երկինքն ու գետին, եւ քամին՝ այսահարներու բազմութեանց պէս ոռնալով, կը թաւալէր լեռներու եւ ձորերու մէջ:

Վարը՝ բակին մէջէն, վարդապետները՝ մէկ մէկ լամբայ ձեռքերնին, շարժուն ստուերներու պէս, դէպի Մայր Տաճարը կ’երթային՝ աղօթելու:
Կոյր Խաչօն էր արթնցուցեր բոլորը:
Ա՛ն էր առաջին անգամ տեսեր լոյսին էջքը երկնքէն՝ մինչ վանքը խորունկ քունի մէջ էր ընկղմեր…

Կը պատմուէր, որ ան հին յեղափոխական էր եղեր եւ տարօրինակ բաներու կը հաւատար:

Արդեօ՞ք ան կը փիլիսոփայէ՞ր այնպէս, ինչպէս հեթանոս խորհող մը պիտի փիլիսոփայէր նման պայմաններու ներքեւ:
Արդէօ՞ք ան կը մտածէ՞ր, որ այդ փոթորիկը Մարիամ Աստուածածնայ տաճարին տակէն շղթայազերծ եղած դեւերու բազմութիւններն են, որոնք իրենց մրրկայոյզ էութեամբը կուգային ցնցելու ընդարմացած եւ հըշոշ մեր աշխարհը…
Ան կը մտածէ՞ր արդեօք, որ այդ Լոյսը ո՛չ թէ երկնքէն կուգար, այլ՝ Աշտիշատի Վահագնեան Տաճարներու աւերակներէն՝ իբրեւ կանթեղ՝ Հայ ժողովուրդի վերազարթնումին»…

…«Հաւանական չէ՞ արդեօք, որ ան մեր Յաղթանակի՛ Աստծու՝ Վահագնի՛ աչքն էր, որ գմբէթին կատարէն, շանթարձակ ամպերուն ծոցէն կը դիտէր Հայ ժողովուրդին մոլորած սիրտը…

Այդ աչքի՛ն, Աշտիշատէն եկող այդ Լոյսի՛ն է, որ պէտք ունի Հայ ժողովուրդը՝ քալելու համար դէպի իր երազներու Աշխարհը»…