«ԱՓ ՄԸ ՃԱՆ ՖԷՏԱՅԻՆԵՐ»՝ 1901 ԹՎԱԿԱՆԻՆ (ԵՎ՝ ՀԵՏԱԳԱՅՈՒՄ)…

«Ժողովուրդը կը հիւծէր ցաւի ծանրութեան տակ, եւ մենք մեր ձեռնարկները չէի՛նք կրնար գործադրել, ուստի խորհեցայ ցոյց մը կատարել՝ թուրք կառավարութեան ուշադրութիւնը մեր վրայ հրաւիրելով»,- պատմում է Զորավար Անդրանիկը՝ Մշո Առաքելոց վանքում իրականացրած ապստամբությանն անդրադառնալով:

«1901 տարուան Հոկտեմբեր ամիսն էր։
Կէլիկուզան գիւղին մէջ մեր զինուորներէն գաղտնի խորհրդակցական ժողով մը գումարեցինք։
Ես, Գէորգ, Յարութիւն, Վաղարշակ եւ Հաճի Յակոբ։
Մեր խորհրդակցութեան նպատակն էր միջոց մը եւ ճամբայ մը գտնել, Հայ ժողովուրդին վրայ ծանրացող տառապանքը մեղմելու եւ թրքական ու քրտական հարստահարութիւններն ու հալածանքները դադարեցնելու, քանզի քիւրտն ու թուրքը ազատ եւ անվախ Հայ գիւղերուն մէջ իրենց ոճիրներն ու ամէն տեսակ բռնութիւնները կը գործադրէին եւ կառավարութիւնը՝ այս բոլորը տեսնելով, չէ՛ր պատժեր, չէ՛ր սանձահարեր եւ չէ՛ր սաստեր։
Կառավարութիւնը ո՛չ միայն իր աչքերը կը գոցէր չի տեսնելու եւ չի լսելու այդ ոճիրներուն պատմութիւնները, այլ ներքնապէս կը քաջալերէ՛ր զանոնք, յառաջ տանելու իրենց Հայահալած ու Հայաջինջ քաղաքականութիւնը, պսակելով անոնց կուրծքերը պատուանշանններով եւ առանձնաշնորհումներ պարգեւելով»…

…«Պարզ, շատ պարզ իրողութիւն մըն էր, թէ թուրք կառավարութիւնը կը ջանար ամէն գնով իրեն կապել այդ քիւրտ էշիրէթներուն բարեկամութիւնը Հայ ժողովուրդը ճնշելու, հարստահարելու եւ փճացնելու։
Այդ ճնշումները եւ կեղեքումները Հայ ժողովուրդին շինարար ձեռքերը եւ ոգին կը ջլատէին, միշտ ստրուկ եւ միշտ հլու գերին դարձնելու Հայ ժողովուրդը թուրք եւ քիւրտ ժողովուրդներուն։ Քիւրտն ու համիտիէն, թուրք ժողովուրդին հետ իրաւունք ունէին իրենց տուներուն մէջ, պատերէն կախել հրացաններ, ատրճանակներ եւ թուրեր ազատ ու անվախ, բայց Հայը զմելի մը անգամ ունենալու իրաւունքէն զրկուած էր։
Պէտք էր Հայը հալածուէր, հարստահարուէր ու փճանար։ Ա՛յս էր թուրք կառավարութեան մտապատկերը։
Փոքր ու աննշան պատրուակներ, քմահաճ ու անբարեխիղճ գործեր՝ շարունակ պատճառներ տուած էին կառավարութեան բանտերը Հայ բանտարկեալներով լեցնելու, ու Հայ ժողովուրդը սուգի, սարսափի եւ արցունքի ենթարկելու։
Հայ գիւղացին ամէ՛ն օր նոր — նոր ցաւերով լեցուած լուռ հանդիսատեսն էր սիրտ հատցնող եւ սիրտ կսկծացնող ոճիրներու։
Հայ գիւղերը աւերակի, արիւնի եւ սուգի մէջ կը խեղդուէին, ու մէկը չկա՛ր, որ իրենց ցաւերուն, իրենց վշտին դարման մը ճարէր եւ տանէր։
Հայ խելակորոյս շինականը իր ցաւը, իր սրտին մորմոքը եւ կսկիծը, իր տառապանքները ամէ՛ն օր, ամէ՛ն ժամ մեզի կը հասցնէր, սպասելով դարման մը եւ փրկութիւն մը»։

…«Այս բոլոր տխուր դէմքերը իրենց յուսահատական կողմերով, այլեւս չէի՛ն կրնար անտարբեր եւ անփոյթ պահել մեզ։
Պէ՛տք էր գործի սկսիլ, պէ՛տք էր ուժեղ գործ մը կատարել, ցնցելու համար թուրք բարձրագոյն մարմինները եւ օտար դեսպանները, բարենորոգում մը եւ դարման մը ձեռք բերելու այս տառապած ու հարստահարուած խաղաղիկ ժողովուրդին համար։
Պէտք էր ցո՛յց տալ թուրք եւ քիւրտ ժողովուրդին թէ Հայ բազուկը գիտէ՛ հրացան բռնել, Հայ սիրտը գիտէ՛ կռուիլ եւ պաշտպա՛ն կանգնել իր իրաւունքներուն։
Այս ամէնն պէ՛տք է ի յայտ բերէին «ափ մը ճան ֆէտայիներ» որոնք ուխտած էին զոհուիլ Ազգին ազատութեան սիրոյն, արդարացնելով այն մեծ հաւատքն ու յոյսը, որ ժողովուրդը կեդրոնացուցած էր իրենց վրայ»…

Պատմեց՝ Զօրաւար Անդրանիկ
Գրի առաւ՝ Լեւոն Կ․ Լիւլէճեան, Ֆրէզնօ, Ապրիլ 5, 1924 թ.

Եվ Մշո Առաքելոց վանքում խիզախ Հայորդիների մի փոքրիկ խումբ ապստամբեց՝ Հայ ազգի հանդեպ իրականացվող հալածանքների դադարեցման նպատակով՝ աշխարհի ուշադրությանն արժանացնելով այդ խնդիրը:

Մեկ դար անց՝ համանման մի գործողություն իրականացվեց Երևանում՝ կրկին «ափ մը ջան ֆիդայիների» նախաձեռնությամբ…

Նրանց սկսած պայքարն իր Հաղթական ավարտին հասցնելու ժամանա՛կն է…

Facebook Comments