«ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ՃԱՄՊԱԶԸ՝ ՆԵՐՇՆՉՄԱՆ ԱՂԲՅՈՒՐ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹՅԱՆ ՁԱՅՆ»…

(«ՄՇԵՑԻ ՀԱՅ ԼԱՐԱԽԱՂԱՑՆԵՐԸ՝ Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ», Մաս Բ)

Քրիստոնեության տարածումից հետո օտա՛ր կերպարի ներքո Հայոց Նախնիների՝ Քաջության ու Արիության Ոգու մարմնավորմամբ՝ Հայ Լարախաղացները շարունակեցին հնագույն ժամանակներից եկող ավանդույթները՝ ազգային տոնախմբություններից անբաժան մնալով…

Մշեցի Լարախաղացն ու խեղկատակը, նրանց խաղով զվարճացող Հայ մանուկներն ու մեծերը՝ 1915-ից առաջ և հետո՝ Ն. Աստուածատուրեանի հուշերում…

«Տարօնի Արծիւ» ամսաթերթից (1938 թ.) «ՄՇԵՑԻ ՀԱՅ ԼԱՐԱԽԱՂԱՑՆԵՐԸ՝ Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ» հոդվածի շարունակությունից հատվածներ՝ ստորև:
Սկիզբը՝ նախորդող երկու հրապարակումներում…

…«Լսէ՛, ա՛յ տղայ, Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ — հազար անգամ մեռնիմ իր սուրբ զօրութեան — մեր աշխարհի հրաշք ասպետն է: Ան քրիստոնեայ է և հեթանոս, բարի է և անողոք:
Անոր ճամբան լուսաւոր է: Արի՛ և զօրաւո՛ր մարդոց ճամբան է…
Երանի՜ թէ դու՛ն ալ այդ ճամբէն կարենայիր քալել:
Երանի՜ թէ իր հրեղէն շունչը քու՛ ալ հոգիդ ողողէր, անսասանելի հաւատք ունենայիր դուն և հաւատարմօրէն նուիրուէիր անոր…
Սուրբ Կարապետը թող քու մուրատը տայ…

«Է՜յ, մըռնիմ քըզի, եօթն անուան տէր Մշու Սուլթան Սուրբ Կարապետ»…
Փէհլիվանը լարին վրայ է, առաջ ու ետ կը պարէ՝ սրունքները փոխն ի փոխ ճօճելէն:
Կուրծքի խաչերն ու զանազան յուռութքները ներդաշնակ զնգոց մը յառաջ կը բերեն՝ քանի մարմինը դողդղացնէ պարի միջոցին:
Երբեմն ոստումներ կ’ընէ կամ յանկարծ լարին վրայ կիյնայ՝ ձի նստելու պէս: Առաձգական լարը կրկին կը նետէ զինքը… Երբեմն այսպէս յաջորդաբար բազմաթիւ անգամներ «չաթմա կը թալէ»…

Լարախաղացները՝ Մուշի Սուրբ Կարապետ վանքի բակում (Աղբյուր՝ «Գեղունի», թիւ 1-10, 1903, Բ. տարի, Վենետիկ, Ս. Ղազար)

Այդ առաձգականութիւնը, որ շատ կարեւոր դեր մը ունի, Փէհլիվա՛նն է, որ կը պահէ և կը կանոնաւորէ իր ամեն մէկ շարժումովը, որ ինքնայատուկ չափականութիւնը պէտք է ունենայ:
Վարը՝ դաշտին վրայ, խեղկատակ անձնաւորութիւն մը, խաղին սկիզբէն ի վեր իր գոյութիւնը զգացնել տուած է:
Եալանճի Ղարտա՛շն է ան:
Երեսները՝ ալիւրոտած, գլխուն՝ ծիծաղելի գտակ մը, կռնակը՝ արջի կամ ոչխարի փոստ մը, ձեռքին՝ գաւազան մը, որ երբեմն լարախաղացին երկար ձողը կապկելու կը ծառայէ, երբեմն ալ՝ մեզի պէս դարդիման տղաքը լարէն հեռու պահելու…
Չէ մոռցած նաեւ կուրծքը զարդարել քանի մը սուտ խաչերով և ուլունքներով…
Իր դերը, որ ամենէն խեղկատակայինն է, ըստ երեւոյթին, շատ լուրջ ու կենսական է:
Ան խաղավայրի ոստիկա՛նն է, թոյլ չի՛ տար, որ բազմութիւնը լարին տակ հաւաքուի, ձախողութեան մը պարագային բարդութիւններ չստեղծելու համար:
Յետոյ, մինչ Փէհլիվանը շնորհի արժանացած ընտրեալի իր հանգամանքին թոյլ չի տար, մինչ նուագածուները զբաղած են անընդհատ, ծիծաղ ու ժպիտ սփռելով՝ Եալանճի Ղարտաշը կը վազէ, կը ցատկէ, կը գլորի, աքլափուստ կուտայ և աջէն — ձախէն դրամական նուերնէր կը հաւաքէ:

Եալանճի Ղարտաշի այս պաշտօնը յատուկ ձեւակերպութիւն մ’ալ ունի:

  • Եա՜, փէհլիվա՛ն Ղարտաշ,- ձայն կուտայ վարէն Եալանճին:
  • Լապէ ճան Ղարտաշ,- կ’ըլլայ վերէն պատասխանը:
  • Հիւնա՛րը, հիւնա՛րը ի՞նչ է:
  • Հիւնարը Աստուա՛ծ է, հիւնարը Չանկլի Դիւան Սըբ Կարապե՛տն է…
  • Հիւնարը որու՞ համար է:
  • Հիւնարը մեծաւորի՛ն, փոքրաւորի՛ն, մելիքի՛ն, գզիրի՛ն, մշակի՛ն, երախայի՛ն և ալամ աշխարհի՛ն համար է…

Ու յանկարծ արջի խուլ ոռնոց մը կը լսես, յետոյ՝ աքաղաղի կամ այծի զիլ ձայն մը…
Եալանճին է, որ, արշաւի ձեռնարկելէ առաջ՝ իր «պատերազմական կանչերը» կ’արձակէ:
Ահա՛, կը նետուի առաջ, բազմութիւնը կը ճեղքէ, կը գտնէ իր «ընտրեալը», որուն համար փէհլիվանն իր հիւնարը ցոյց կուտայ. «ակլափուստ» կուտայ ու բարեւի կեցած է կրկին:

Լաւ խեղկատակ Եալանճի Ղարտաշ մը, ինչպէս եւրոպական սիռքերու քլաուները (կրկեսի ծաղրածուները, Կ. Ա.), թանկագին յաւելում մըն է փէհլիվաններու խումբի մը վրայ:
Եալանճի Ղարտա՜շը…
Ի՛ր մօտ փնտռեցէք մեր գեղջուկ սրամտութիւնը, գեղջուկ երգի յանգը:
Ի՛նքն է, որ ծիծաղիլ ու խնդալ կը պահանջէ տրտմելու և փիլիսոփայելու հակամէտ Հայոց ազգէն:

Փէհլիվանը յաջորդաբար իր հիւնարը ցոյց կուտայ ժողովուրդին՝ պարզէն աւելի բարդը երթալով, մինչեւ վտանգաւոր ու մասնաւոր նշանակութիւն ունեցող խաղերը:
Անգամ մը՝ ոտքերը կապած՝ ոստոստելէն զանազան խաղեր կը կատարէ:

Լարախաղացը՝ ոտքերից կախված երեխաներով (Հայկական ժողովրդական խաղերի» նկարազարդումներից)

Յետոյ՝ ոտքին տակ օճառի քառակուսի մեծ կտորներ կապած կամ պղնձէ կաթսայի մը մէջ դրած իր ոտքերը և կամ ետ-ետ քալելով՝ լարը կը բարձրանայ ու կ’իջնէ:
Ուրիշ անգամ մ’ալ՝ երախայ մը առած շալակը՝ իր և տղուն աչքերը կապուած կը պարէ…

Լարախաղացը՝ սկուտեղի վրա («Հայկական ժողովրդական խաղերի» նկարազարդումներից)

Բազմութիւնը իր ամէն մէկ շարժումին գերին կը դառնայ:
Սխալ մը՝ բաւական է…
Ինք, սակայն, չի՛ զբաղիր բազմութեան մտահոգութիւններով: Սբ. Կարապետի զօրութիւնը չե՛ն ճանչնար անոնք՝ վախցողները:
Փէհլիվանը լարին վրայ սու՛րճ ալ կ’եփէ, խորովա՛ծ ալ կը պատրաստէ՝ համով-հոտով ուտելու համար Եալանճի Ղարտաշին հետ, որ մի՛շտ ալ քաղցած կ’ըլլայ այդ պահուն. բաւ է, որ վարէն կրակարանը ու ինչ որ պէտք է՝ տան իրեն:
Լարին նստիլը կամ նոյնիսկ աթոռի մը վրայ բազմիլը սովորական խա՛ղ մըն է:
Փէհլիվանի շնորհները շատ են ու տեսակ — տեսակ…

Լարախաղաց («Դանակներով պարը»)
Վանո Խոջաբեկյան (1875-1922)
(Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահի հավաքածու)

Դանակներու պարը, օրինակ. ոտքերուն տակը մէկ-մէկ ղանջալ կապած, սուր ծայրերը դէպի ներս և իրարու դէմ, մէկ-մէկ զոյգ ալ՝ սրունքներուն վրայ, խաչաձեւ, սուր ծայրերը դէպի վար՝ լարը կը բարձրանայ:
Կամ՝ կաթսայի մը մէջ նստած՝ մէկ կողմէն կը բարձրանայ ու միւս կողմէն կ’ իջնէ:

Լարին մէջտեղը՝ գլխուն վրայ կենալ ու ոտքերը վեր բարձրացնելը կամ այդ դիրքով՝ ձեռքերուն վրայ՝ յաճախ կը կրկնուի, ինչպէս նաեւ՝ աչքերը կապած պարելը:
Խաղի ընթացքին, օգնական փէհլիվաններէն մին կամ երկուքը՝ փայտէ երկար տոտիկներով, կը շրջին ժողովուրդին մէջ ու զանազան խաղեր կ’ընեն:
Օր առաջ Եալանճի Ղարտաշը քանիցս յայտարարած է արդէն՝ ձեռքէն եկած լրջութիւնը դնելով իր խօսքերուն մէջ:
Խեղճ Եալանճին՝ քանի փորձէ խաղին կարեւորութիւնը արժեցնել, այնքան աւելի՛ կը ծիծաղին մարդիկ:

Ընդհանրապէս, այս խաղը քանի մը անգամ կը յետաձգուի՝ հանրութեան հետաքրքրութիւնը լարելու նպատակով:
Վերջապէս, կիրակի օր մը, երբ բազմութիւնն աւելի շատ է, քանի մը սովորական խաղերէ վերջ, փէհլիվանը վար կ’իջնէ իր խաղացանկին ամենէ՛ն կարեւոր թիւը կատարելու, որ, միեւնոյն ատեն, տեսակ մը արարողութիւն է Սբ. Կարապետի այդ սպասարկուներու աշխարհին մէջ:

Փէհլիվանը շալկած է ոչխարը. լավ մը կը կապեն զայն կռնակին ու դանդաղ, բայց հանդիսաւոր քայլերով կը բարձրանայ:
Կը պարէ դհոլ — զուռնէի դարձդարձիկ եղանակով, որուն կ’ընկերանայ իր անգիտակ մայիւնով՝ նոյն ինքն՝ ոչխարը, մատաղացուն:
Ծիծաղ և գութ կը շարժէ այդ մայիւնը բազմութեան մէջ»…

Լուսանկարը՝ «Յուշամատեան»-ից

…«Դհոլն ու զուռնէն չի լսուիր ալ…
Բայց Հայաստանցի ճամպազները երկար ատեն կը մնան տղոց երեւակայութեան մէջ, ուր հրաշալի հէքէաթ մը անվերջ իր ծալքերը կը բանայ…

Գիշերները շարունակ՝ Մշոյ հրաշագործ Սուլթանը կուգայ անոնց քունը խռովել…
Անցե՛ք թաղերու մէջէն, մօտեցէ՛ք տղոց խումբերուն ու ձեր ականջին պիտի հասնի Մշեցի փէհլիվաններու նո՛յն այդ տպաւորիչ ոգեկոչումը՝ տղու հաւատքով ու վստահութեամբ արտասանուած՝ խաղի մը ամենէն տաք միջոցին:

Լարախաղաց (թուղթ, օֆորտ, 1958, Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահի ֆոնդապահոց)
Նկարիչ՝ Գրիգոր Աղասյան
(1926 — 2009)

Եա՜, Մշու Սուլթան Սբ. Կարապետ… Հեռու Տարօնէն՝ ջերմ ճառագայթ մըն է ցաթած. Ոյժի, Կորովի նոր աղբիւ՛ր է Սբ. Կարապետի համբաւը ու իր հրաշագործ զօրութեան հաւատքը…
Հայաստանցի ճամպազնե՛ր են եկեր ու անցեր…

Հայրենի աշխարհի համատարած աւերումը մարդկային մտքի տարողութենէն վեր է:
Ուղեղը կ’ընդվզի՛, կը մերժէ՛ հաւատալ, որ իսկապէս քար — քարի վրայ չէ մնացած ու Հայ շու՛նչն այնտեղ մարած է յաւէտ…
Ապա, անգամ մը որ հարկադրուի իրականութեան հետ ընտելանայ ու քիչ առ քիչ ահաւոր եղեռնը ըմբռնելի դառնայ՝ դժուար թէ մարդ հաւատայ վերապրողներու կարելիութեան:

Այս էր տպաւորութիւնը, երբ օր մը՝ Զինադադարի յաջորդ տարին, դհոլն ու զուռնէն անհաւատալիօրէն ձայն տուին Փոստայի ճամբու դաշտէն:

Հայաստանցի ճամպազնե՜ր…
Նո՛յն Փէհլիվանը, որուն համար խենթ կ’ըլլայինք, որուն շուրջը կը դառնայինք օրն ի բուն և հետը խօսելու համար հոգի կուտայինք:
Չգիտեմ, մեր թաղի փոքրիկները վազեցին — գացի՞ն «Հայաստանցի ճամպազը» դիտելու:
Շա՛տ բան էր փոխուած սակայն…

Երեկոյ մը ականջ տուի հեռուէն…
Դհոլը բռնազբօսիկ ճիգեր կ’ըներ՝ իր երբեմնի թեթեւութիւնն ու շեշտը գտնելու յոյսով:
Չուանէն փախած խելագարի մը երգին զիլ նօթերն առած՝ դաշտ իջած էր ու քանի ստիպէին, որ զուարթ պարե՛րգ մը թող տայ, այնքան աւելի՛ կը խելագարէր…
Սկիւտարցիին յայտնի խանդաղատանքը Հայաստանցի ճամպազներու հանդէպ՝ սգաւորի քօ՛ղն էր ձգեր գլխէն վար ու այնպէս եկեր՝ կը դիտէր:

Փէհլիվանը օտար կը զգար ինքզինքը…
Խաղը ի՛րը չէր…
Սուրբ Կարապետի շնորհը չարչարա՛նք էր, ծանր խաչ մը՝ ուսերուն վրայ: Ի՞նչպէս պարեր…

Փոխուած էր Փէհլիվանի հոգին:
Ոգեկոչելու ատեն ձայնը չէ՛ր ելլեր. «Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ»-ը կը ստիպուէր ցած ձայնով մը ըսել, գրեթէ՝ իւրովի: Կարծես կը խուսափէր յստակօրէն արտասանել «հրաշագործ ու ամենազօր» սուրբին անունը և մակդիրները….
Կը վախնար, որ մի գուցէ բազմութեան մէջէն մէկն ընդվզումով մը պոռար երեսն ի վեր.

  • Ու՞ր է քու սուրբդ, քու Չանկլի Դիւան Սուրբ Կարապետդ:
    Ու՞ր է դարերու կուրծք տուող՝ անոր տաճարը, որուն զանգերը մղոններ հեռուէն կը լսէինք:
    Կա՛նգ առ, մի՛ պարեր, մի՛ տար մեզի հին օրերու պատրանքը…
    Չգիտե՞ս դուն աւերը Հայրենիքիդ…
    Չգիտե՞ս, որ ալ պիտի չ’երթա՛ս Վարդավառին՝ վանքի դաշտը լար կապելու…
    Մի՛ խաբեր մեզ, իջի՛ր…

Երբեմն լարին վրայ եղած միջոցին իրեն այնպէս կուգար, որ բազմութիւն մը՝ խոշտանգուած ու սպառնալից, կմա՛խք բազմութիւն մը կը ցցուի իր առջեւ:
Երբեմն ալ անծայրածիր ու ամայացած դաշտի մը մէջէն է, որ կ’անցնի Փէհլիվանի գունագեղ հագուստը հագած… Ամեն մէկ քայլափոխին վե՛րք մը կը բացուի գետնի վրայ, իբր թէ մարդկային մարմին մը ըլլար:
Այդ վերքերուն ցաւը ինք կը զգար սակայն իր բովանդակ էութեան խորէն…
Ո՛չ, չէ՛ր կրնար շարունակել…
Շա՛տ բան կար փոխուած իր մէջ ու իր շուրջ…

Լսեցինք միայն, որ մեր Մշեցի Փէհլիվանը Փոքր Ասիոյ յունական ճակատը մեկներ է ու անկէ վերջ՝ ահա՛ նահանջի իր առեղծուած պատմութիւնը…

Մտքիս մէջ Խաչակիրը, կռուի փոթորիկ ու զէնքերու աղմուկ…
Մտքիս մէջ՝ դարձեալ մենաւոր ասպե՛տը, փրփրող ալիքներ, օձերու բազմութիւնը, որոնց դէմ կ’երթայ ճակատիլ՝ ամենազօր սուրբ մը միայն իրեն ապաւէն:
Կ’երթայ ու ալ չի՛ դառնար…
Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ, ու՞ր ես, ու՞ր ես դուն տակաւին»…

Պլովդիւ

Ն. ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐԵԱՆ

Լարախաղացը՝ Վանում
Facebook Comments